Սմբատ Սպարապետ (1208[1][2][3][…] - 1276[1][2][3][…] կամ 6 Մարտ 1276), Կիլիկեան Հայաստանի յայտնի զօրավար, պատմիչ, դիւանագէտ, օրէնսգէտ եւ բանաստեղծ։

Սմբատ Սպարապետ
Ծնած է 1208[1][2][3][…]
Մահացած է 1276[1][2][3][…] կամ 6 Մարտ 1276
Մասնագիտութիւն պատմաբան
Ծնողներ հայր՝ Կոստանդին Գունդստաբլ?, մայր՝ Ալիծ Հեթումեան
Երեխաներ Լեւոն Հեթումեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սմբատ Սպարապետը Կոստանդին պայլի աւագ որդին է եւ Հեթում Ա (1226-1270 թթ.) արքայի աւագ եղբայրը։

Պատմական ասպարէզ մուտք գործած է Լեւոն Բ. արքայի (1187-1219 թթ.) կառավարման վերջին շրջանին։ Ան, իր եղբօր՝ Հեթում Ա-ի գահ բարձրանալէն ետք ստանձնած է սպարապետի պաշտօնը՝ վարելով զայն կէս դար։ Սմբատ Սպարապետի նախնիները Կիլիկիա տեղափոխուած են 11-րդ դարուն Մեծ Հայքէն, հաստատուած են Լամբրոնի մէջ, ապա իրենց իշխանութիւնը տարածած են Կիլիկիոյ որոշ բերդերու վրայ՝ հիմք դնելով Հեթումեաններու իշխանութիւնը։

Սմբատ Սպարապետը որպէս զօրավար

Խմբագրել

Ան բազմաթիւ յաղթական մարտեր վարած է՝ առաջնորդելով հայոց բանակը (Ռումի սուլթանութեան զօրքերու դէմ՝ 1246-ին Տարսոն քաղաքի մօտ, 1259-ին Առակլի քաղաքի մօտ)։ Սմբատ Սպարապետի վարած մարտերէն վերջինը տեղի ունեցած է 1276-ին, երբ Եգիպտոսի սուլթանութեան զօրքերը կրկին ներխուժած են Կիլիկիա, վճռական ճակատամարտ տեղի ունեցած է՝ Մարաշի շրջանի Ջահան հովիտի Սարուանդիքարի մօտ։ Լարելով իր ուժերը՝ հայոց բանակը Սմբատ Սպարապետի գլխաւորութեամբ այս մարտը աւարտած է փայլուն յաղթանակով։ Սակայն այստեղ սպարապետը, ձիէն վար իյնալով, վնասուած է եւ շուտով իր մահկանացուն կնքած է։

Սմբատ Սպարապետի դիւանագիտական գործունէութիւնը

Խմբագրել

Սմբատ Սպարապետը մեծ աւանդ ունեցած է դիւանագիտական ասպարէզէն ներս։ Երբ 1243-ին մոնղոլները սկսան սպառնալ Կիլիկիան Հայաստանի անվտանգութեան, Հեթում Ա-ը Սմբատ Սպարապետի եւ Կոստանդին պայլի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն ուղարկեց Կեսարիա՝ մոնղոլ զօրքերու գլխաւոր հրամանատար Բաչու Նոյինի մօտ։ Սմբատ Սպարապետի վարած յաջող բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, մոնղոլ զօրահրամանատարի հետ ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն մը, որուն համաձայն Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը պարտաւոր էր մոնղոլական զօրքին պարենամթերք մատակարարել, ինչպէս նաեւ հարկ եղած պարագային օժանդակ զօրք տրամադրել։ Մոնղոլներն ալ իրենց կարգին ստիպուեցան պահպանել Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ինքնուրույնութիւնը՝ միաժամանակ պահանջելով յատուկ պատուիրակութիւն ուղարկել Մեծ Խանի մօտ՝ պայմանագիրը վաւերացնելու համար։ 1248-ին Սմբատ Սպարապետը ուղեւորուած է մոնղոլներու տէրութեան մայրաքաղաք՝ Ղարաղորում, ուր նախապատրաստած է Հեթում Ա-ի այցելութիւնը մեծ խանին։ 1250 թուականին վերադարձած է հայրենիք, իսկ 1254-ին ուղեկցած է Հեթում Ա-ին՝ դէպի Մոնղոլիա, մասնակցած է Մանգու խանի հետ հայ-մոնղոլական պայմանագիրի կնքման։

Սմբատ Սպարապետի գրական ժառանգութիւնը

Խմբագրել

Սմբատ Սպարապետի գրական ժառանգութիւնը բազմատեսակ է։ Ան հեղինակած է իրաւական, պատմական բնոյթի երկեր, կատարած է թարգմանութիւններ եւ գրած է բանաստեղծութիւններ։

Դատաստանագիրք

Խմբագրել

Սմբատ Սպարապետը 1265-ին հեղինակած է «Դատաստանագիրք» օրէնքներու ժողովածուն[4], որ արժէքաւոր սկզբնաղբիւր է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան հասարակական-քաղաքական կարգերու ուսումնասիրութեան համար։ Այն բաղկացած է 202 յօդուածներէ, որոնք լուսաբանած են պետութեան 13-րդ դարու ընկերային-իրաւական յարաբերութիւնները։ «Դատաստանագիրք»-ին մէջ արտացոլուած են արքայի ու անոր վասալներու, աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան ներկայացուցիչներու, տէրերու եւ ճորտերու իրաւական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ օրէնքներ առեւտրականներու եւ արհեստաւորներու վերաբերեալ։

Անտիոքի Ասիզներ

Խմբագրել

«Անտիոքի ասիզները» միջնադարեան իրաւագիտական մտքի արժէքաւոր յուշարձաններէն մէկն է։ Սմբատ Սպարապետը Անտիոքի խաչակիր իշխանութեան օրէնքներու այս ժողովածուն թարգմանած է 1253 թուականին։ «Անտիոքի Ասիզներ»-ու ֆրանսերէն ինքնագիրը չէ պահպանուած։ Հին ֆրանսերէնէն Սմբատ Սպարապետի թարգմանած «Անտիոքի Ասիզները» պահպանուած է երկու խմբագրութեամբ։ «Անտիոքի ասիզները» առաջին անգամ հայերէնէն ֆրանսերէնի թարգմանած է Ղեւոնդ Ալիշանը[5]։ «Անտիոքի Ասիզները» բաղկացած է երկու մասերէ. առաջին մասը՝ 17, երկրորդ մասը՝ 21 յօդուած։ Գիրքը բովանդակած է սենիորի եւ վասալի իրաւական յարաբերութիւնները, ունեցուածքային, քրէական, ինչպէս նաեւ ընտանեկան, ժառանգական եւ շարք մը այլ յօդուածներ[6]։

Տարեգիրք

Խմբագրել

Սմբատ Սպարապետին վերագրում են նաեւ Ռուբինեան թագաւորութեան պատմութեան՝ «Տարեգրքի» հեղինակումը, որ երկար ժամանակ անյայտ էր։ 1848 թուականին Մ. Ֆ. Պրոսեն Էջմիածնի վանքի գրադարանին մէջ յայտնաբերեց այդ ժամանակագրութեան երկու ձեռագիր օրինակեր, որոնց հիման վրայ 1856 թուականին լոյս տեսաւ «Տարեգրքի» առաջին հրատարակութիւնը Ոսկան Յովհաննէսեանցի կողմէ «Սմբատայ Սպարապետի եղբօր Հեթմոյ առաջնոյ արքայի Հայոց Պատմութիւն Յունաց ի Կոստանդնուպոլիս եւ Հայոց Մեծաց ըստ կարգի ժամանակաց» խորագիրով, ապա 1859 թուականին Կարապետ վ. Շահնազարեանցի կողմէ Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ երկրորդ հրատարակութիւնը՝ «Տարեգիրք արարեալ Սմբատայ Սպարապետի հայոց որդւոյ Կոստանդեայ կոմսին Կոռիկոսոյ» վերնագիրով։ Աւելի ուշ, 1876-ին, ի յայտ եկաւ մէկ ձեռագիր օրինակ եւս, որ հրատարակուեցաւ 1956-ին, Սերովբէ Ագլեանի կողմէ՝ անհրաժեշտ որոշ նշումներով։ Այս աշխատութեան մէջ արժէքաւոր եւ հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդուած են Կիլիկիոյ հայկական պետութեան, հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններու, հայ-մոնղոլական զինակցութեան եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ։

Չափածոյ գրութիւններ

Խմբագրել

Սմբատ Սպարապետի գրական ժառանգութենէն մեզի հասած են նամակներ, որոնցմէ 1247-ին Կիպրոսի արքայ Հենրիխին գրած նամակը պատմական կարեւոր նիւթեր կը պարունակէ։ Սմբատ Սպարապետը այդ նամակին մէջ կը նկարագրէ այն աւերուածութիւնները, որոնք կատարած էին մոնղոլները կեդրոնական Ասիոյ խոշոր մուսուլմանական քաղաքներուն մէջ եւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ տարրի նշանակալից դերին մասին։ Սմբատ Սպարապետի գրիչին կը պատկանին նաեւ շարք մը բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ 1269-ին գրուած «Ի ճաշոց գիրս» բանաստեղծութիւնը, որ նուիրուած է Մառի ճակատամարտին, պատմական նշանակութիւն ունի։

Սմբատ Սպարապետի տնտեսագիտական գաղափարները

Խմբագրել

Ըստ Սմբատ Սպարապետի աշխատութիւններուն, եկեղեցւոյ եկամուտներու գլխաւոր աղբիւրներ կը համարուին սեփական կալուածներու ընդլայնումը եւ ժողովուրդէն կատարուող գանձումները։ Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ գանձուած եկամուտներու պահպանման, բաշխման եւ օգտագործման ձեւերուն։ Ինչպէս պետական, այնպէս ալ եկեղեցական ունեցուածքի յափշտակութեան համար Դատաստանագիրքին մէջ մահապատիժ սահմանուած է։ Սմբատ Սպարապետը անդրադարձած է նաեւ հողային ռենտայի բոլոր ձեւերուն, ինչպէս նաեւ արտադրութեան շարք մը միջոցներու վաճառքի պայմաններուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ա. Գ. Գալստեան, Սմբատ Սպարապետ, Երեւան, 1961։
  • Խ. Սամուէլեան, Հին հայ իրաւունքի պատմութիւն, Երեւան, 1939։
  • Տ. Ա. Աթայեան, Քաղագրական եղանակի առանձնայատկութիւնները Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքում», Պատմութիւն եւ մշակոյթ, Երեւան, 2014, էջ 279-292։
  • Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքի» ձեռագրերը, Հանդէս ամսօրեայ, Վիեննա-Երեւան, 2015, 1-12, էջ 53-88։
  • Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքի» սկզբնաղբիւրներու մասին, Հանդէս ամսօրեայ, Վիեննա-Երեւան, 2016, 1-12, էջ 57-82։
  • Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետը եւ «Տարեգրքի» հեղինակային պատկանելիութեան հարցը, «Հայաստանը եւ արեւելաքրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը» միջազգային գիտաժողովի նիւթեր, Երեւան, 2016, էջ 3-7։
  • Տ. Ա. Աթայեան, Սմբատ Սպարապետի «Տարեգրքի» ժանրային պատկանելիութեան շուրջ, Հայագիտութեան հարցեր, Երեւան, 2017 էջ 29-38։
  • Sirarpie der Nersessian, The Armenian Chronicle of the Constable Smpad or of the "Royal Historian",- Dumbarton Oaks Papers, Vol. 13, (1959), pp. 141+143-168.

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Գրիգոր Ակներցի, Պատմութիւն թաթարաց, Երուսաղէմ, 1974
  2. Կիրակոս Գանձակեցի, Պատմութիւն Հայոց, Թիֆլիս, 1909
  3. Մխիթար Այրիվանեցի, Պատմութիւն Հայոց, Ս. Պետերբուրգ, 1882
  4. Ալիշան Ղ., Սիսուան, Վենետիկ, 1885
  5. Ալիշան Ղ., Հայապատում, Վենետիկ, 1901
  6. Հայերէն ձեռագրերի յիշատակարաններ ԺԳ դար, կազմեց Ա. Մաթեւոսեան, Երեւան, 1984
  7. Յովսէփեան Գ., Յիշատակարանք ձեռագրաց, հատ. Ա, Անթիլիաս, 1951
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։