Սողոմոնեան Կղզիներ

Սողոմոնեան Կղզիներ․ (անգլ․՝Solomon Islands), Հարաւային Խաղաղական Ովկիանոսին Սողոմոնի ծովին մէջ գտնուող պետութիւն որ կը բաղկանայ 922 կղզիներէ։ Տարածութեամբ Խաղաղական Ովկիանոսին 2-րդ կղզի-պետութիւն է։ Մայրաքաղաքն է Հոնիարա։

Սողոմոնեան Կղզիներ
Solomon Islands
Սողոմոնեան կղզիներուն դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Կեդրոնական նահանգ, Չոյսել նահանգ, Կուանտալքանալ նահանգ, Հոնիարա, Իզապել նահանգ, Մաքիրա նահանգ, Մալեթա նահանգ, Արեւմտեան նահանգ, Ռենել եւ Պելոնա նահանգ եւ Թեմոթու նահանգ
Պետական լեզու անգլերէն
Մայրաքաղաք Հոնիարա
Օրէնսդիր մարմին Սողոմոնեան Կղզիներու Ազգային Խորհրդարան
Երկրի ղեկավար Չարլզ Գ․
Կառավարութեան ղեկավար Jeremiah Manele?
Ազգաբնակչութիւն 611 343 մարդ
Օրհներգ God Save Our Solomon Islands
Կարգախօս To Lead is to Serve, Seek the unexplored եւ A fo ben, bid bont
Հիմնադրուած է 1978 թ.
Արժոյթ Սողոմոնեան տոլար
Ժամային համակարգ UTC+11 եւ Խաղաղական/Կուատաքանալ (Pacific/Guadalcanal)[1]
Հեռաձայնային համակարգ +677
Համացանցի յղում .sb
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,564[2]
solomons.gov.sb(անգլերէն)

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Սողոմոնեան Կղզիներ պետութիւնը կազմուած է 922 կղզիներէ, որոնցմէ 347 բնակուած են։ Կը գտնուի Խաղաղական Ովկիանոսին հարաւը, Սողոմոնի ծովուն մէջ։ Ընդհանուր տարածութիւնը 645․000 քլ² է, որմէ 28․450 ցամաք է։ Բնակչութեան թիւը 722 392 է ըստ պաշտօնական գնարկման, իսկ ըստ 2016-ի մարդահամարին՝ 611 343։ Տարածութեամբ Խաղաղական Ովկիանոսին 2-րդ մեծ կղզի-պետութիւն է, Փափուա Նոր Կինի կղզի-պետութենէն ետք։ Ափերուն ընդհանուր լայնքն է 5․313 քլ։ Կղզեխումբը կ՛երկարի արեւմուտքէն արեւելք 1․800 քլ․-ի վրայ, իսկ հիւսիսէն հարաւ՝ 900 քլ․-ի վրայ։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը բնակի կղզիներուն 1/3-ին մէջ՝ 347 կղզիներ։ Սակայն անոր մեծ մասը հաւաքուած է մեծագոյն 6 կղզիներուն մէջ․ Կուանտալքանալ, Նոր Ճորճիա, Մալեթա, Մաքիրա, Չոյսել եւ Սանթա Իզապել։

Կղզիներ

Խմբագրել

Աշխարհագրականօրէն կղզիները երկու մասի կը բաժնուին․ անոնք որոնք հրաբխային եւ լեռնային են, ու անոնց որոնք բստային եւ տաբարակ են։ Ամենաբարձր մասը կը գտնուի Կուանտալքանալ կղզիին վրայ՝ հրաբխային Փոփոմանաչէու լեռը (2311 մեթր)։

Ռենել կղզին որ կը գտնուի կղզեխումբին հարաւային մասին, աշխարհի ամենաբարձր բստային կղզին է եւ 1998-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան յուշարձան։ Հոն կը գտնուի նաեւ իր տիպի մեծագոյն ծովալիճը՝ Թենակօ, 155 քլ² տարածութեամբ եւ կը պատսպարէ բուսական եւ կենդանական աշխարհի բնիկ տեսակներ։

Վարչակարգ

Խմբագրել
 
Սողոմոնեան կղզիներու վարչական քարտէս

Սողոմոնեան կղզիներուն վարչակարգը թագակիր հանրապետութիւն է, Ազգերու Հասարակապետութեան ծիրէն ներս։ Պետութեան ղեկավարն է Միացեալ Թագաւորութեան Չարլս Գ․ թագաւորը։ Զայն կը ներկայացնէ Ընդհանուր Կառավարիչը։

Պետութիւնը բաժնուած է 10 նահանգներու (9+1՝ մայրաքաղաքը)։ Անոնք կը կառավարուին գաւառական ժողովներէն ընտրուած մարմիններուն կողմէն, իսկ մայրաքաղաք Հոնիարա կը կառավարուի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէն։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Սողոմոնեան Կղզիները բնակուած են Սառնեղէն Շրջանէն։ Իսկ անոր վերջաւորութեան՝ Ք․Ա․ 4-րդ հազարամեակին, ջուրին մակարդակին բարձրացումով նախապէս կղզիներու ամբողջութիւնը կը բաժնուի բազմաթիւ կղզիներու` մինչեւ այսօր գոյ վիճակին։

 
Սողոմոնեան կղզիներուն անկախութեան արարողութիւնը, 7 Յուլիս 1978

Առաջին անգամ եւրոպացիներ Սողոմոնեան կղզիները կ՛այցելեն 1568-ին (սպանացի նաւավար Ալվարօ տէ Մենտանիա տէ Նէյրա)։ 1595ին կղզեխումբը Սպանիոյ գաղթօճախ կը դառնայ։ 1788-ին անգլիացի եւ ֆրանսացի նաւավարներ կղզիները կը հասնին։ 1840-1860 թուականներուն, Սողոմոնեան կղզիներուն բնակիչները մերթ ընդ մերթ կը զինուորագրուէին կամ ալ կ՛առեւնագուէին որպէս բանուոր Աւստրալիոյ, Ֆիճիի եւ Սամոայի գաղթօճախներուն համար․ ծանօթ որպէս «Blackbirding գործարկութիւն»։ 1850-ին անկլիքան եկեղեցուոյ քարոզիչ-միսիոնարներ կղզիները կը հասնին։ 1886-ին կղզիերը կ՛իյնան գերմանացիներուն լուծին տակ։ Մարտ 1893-ին, քարոզիչներուն ճնշումին տակ, Միացեալ Թագաւորութիւնը կը տիրանայ կղզեխումբին հարաւային կղզիներուն, իսկ 1899-ին Գերմանիան հիւսիսային Սողոմոնեան կղզիները Միացեալ Թագաւորութեան կը զիջէ։ Բնիկները տեղ տեղ կ՛ըմբոստանան գաղթաբնակներուն դէմ եւ Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորական ծովուժը անոնց դէմ պատժական արշաւանքներու կը ձեռնարկէ եւ պատճառ կը դառնայ բազմաթիւ սպաննութիւններու։

Բ․ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին (1942 եւ 1943) Սողոմոնեան կղզիները Ճափոնի եւ Դաշնակիցներու միջեւ կռիւներու թատերաբեմ կը դառնան։

7 Յուլիս 1978-ին Սողոմոնեան Կղզիները կ՛անկախանան Միացեալ Թագաւորութենէն։ 1999-ին ծագած եւ մինչեւ 2004 տեւող ազգամիջեան պատերազմը երկրին մեծ վնասներ կը հասցնէ․ 100 մարդ կը սպաննուի եւ 20 000 կը դառնան ներքին գաղթականներ։ 29 Ապրիլ 2009-ին կը կազմուի «Խաղաղութեան եւ Համերաշխութեան Յանձնախումբ»ը (Solomon Islands Truth and Reconciliation Commission (TRC)), որպէսզի պետութիւնը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը։ Այս ուղղութեամբ մեծ դերակատութիւն բերած է Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակիր Տեզմոնթ Թութու։

Ցունամի

Խմբագրել

2 Ապրիլ 2007-ին 8 ռիխթեր աստիճանի կործանիչ երկրաշարժը նոյնքան կործանիչ ցունամի կ՛առաջացնէ։

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել