Սուբհի Նէժադ Աղըրնասլը

Սուբհի Նէժադ Աղըրնասլը (թրք.՝ Suphi Nejat Ağırnaslı, Քոպանիի մէջի անունով՝ Փարամազ Քըզըլպաշ), (22 Սեպտեմբեր 1984, ԱյտընՀոկտեմբեր 2014, Քոպանի) Թուրք ընկերաբան, թարգմանիչ, միջազգայնական, համայնավար յեղափոխական: Սուբհի Նէժադը, Պօղազիչի Համալսարանի ընկերաբանական բաժնի մէջ ուսում առած է: Քոպանիի մէջ YPGի(Ժողովուրդի Պաշտպանման Ջոկատներ) անդամ ըլլալով, ISISի դէմ պայքարած ժամանակ նահատակուած է:

Սուբհի Նէժադ Աղըրնասլը
Ծնած է 22 Սեպտեմբեր 1984
Ծննդավայր Այտըն
Մահացած է Հոկտեմբեր 2014
Ազգութիւն Թուրք

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սուբհի Նէժադ, 22 Սեպտեմբեր 1984-ին ծնած է Այտընի մէջ։ Մայրը Նուրճան Աղըրնասլը, հայրը Հիքմէթ Աճուն է: Իր ընտանիքը, քաղաքական գաղթական ըլլալով կը բնակեցուի Գերմանիա: Գերմանիոյ մէջ իր ուզած համալսարանը ընդունուելով հանդերձ, Թուրքիոյ մէջ ուզած է ուսանիլ , որովհետեւ շատ ազդուած է Թուրքիոյ քաղաքական ուժականութենէն: Սուբհին կ'ընէր թարգմանութիւններ, նոյն ժամանակ կը գրէր թերթերու մէջ՝ մասնաւորաբար քրտական հարցին մասին:

Ակադեմական Կեանք

Խմբագրել

Առաջ կը մտնէ Մարմարա Համալսարանի ընկերաբանութեան բաժինը: Բայց հոն ապրած քաղաքական ճնշումներուն պատճառաւ (նոյն ատեն իր ակադեմական յաջողութիւններու հետեւանքով) կ'անցնի Պօղազիչի Համալսարան: 2011-ին կ'աւարտէ համալսարանը, Թուզլայի նաւաշինարանին մէջ պատահած ոճիրներուն մասին գրած մրցագիրով:

Փարամազ Քըզըլպաշ Գաղտնանուն

Խմբագրել

Փարամազ անունը առնելուն պատճառը, Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայկական Հարցին հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնն էր։ Փարամազ ծածկանունը կը պատկանէր 1900-ականներու սկիզբը Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան առաջնորդական անձնակազմին մէջ գտնուող ՄատթԷոս Սարգիսեանին (Փոքր Ասիոյ առաջին յեղափոխականներէն մին էր): Փոքր Ասիոյ մէջ միշտ կ'անտեսուէր Մատթէոս Սարգիսեան եւ իր ընկերները, իրենց հայ ըլլալուն պատճառաւ: Բայց Սուբհին այս անարդարութեան վերջ տալով թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ կապ հաստատած է:

Մահացած է Հոկտեմբեր 2014-ին, Քոպանիի մէջ: