Սուտանի հայկական գաղթավայրը երկար պատմութիւն չունի։ Ան հիմնուած է 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն։

Առաջին հայ գաղթականները Սուտան եկած են Արաբկիրէն եւ Ակնէն ու բնակութիւն հաստատած են Խարթումի մէջ։ Գաղթօճախը ստուարացած է Պօղոս Նուպարի կառավարութեան տարիներուն (1857-1858))[1]։ Սակայն յետագային գաղթավայրի բնակչութիւնը պակսած է՝ Մեհտիի եւ Խալֆայի կրօնական հալածանքի հետեւանքով։

Սուտան մէջ հաստատուած հայ գաղթականներու առաջին խումբերու հիմնական զբաղմունքը եղած է առեւտուրը եւ արհեստագործութիւնը։ Գտնուած են նաեւ հայեր, որոնք հողամասեր գնած են եւ զբաղած՝ հողագործութեամբ։

Սուտանի հայկական գաղթավայրը բաւականաչափ նոր գաղթականներ ընդունած է 1895-96-ին Համիտեան ջարդերու, յետագային՝ Ատանայի կոտորածներու ժամանակ։ Զանգուածային հայ գաղթականութիւն եկած է Սուտան յատկապէս Մեծ եղեռնի օրերուն եւ Զմիւռնիոյ եւ Կիլիկիոյ դատարկումէն ետք։ Սուտան եկող հայ գաղթականները մեծ մասամբ անցած են Եգիպտոսի վրայով, այդ պատճառով Սուտանի հայ գաղթավայրը կը համարուի Եգիպտոսի գաղթավայրի մէկ ճիւղը։ Նոր եկած գաղթականութիւնը զգալիօրէն փոխած է Սուտանի հայ գաղթօճախի ընկերային պատկերը։ Սուտանի հայկական համայնքին մէջ կը սկսին երեւիլ նաեւ հայ մտաւորականներ, բժիշկներ, ատամնաբոյժներ, դեղագործներ, գիւղատնտեսներ եւ այլն։

Սուտանի հայ գաղթօճախներուն մէջ եղած են եւրոպական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած եւ շարք մը լեզուներու տիրապետող մարդիկ։ Այդ հանգամանքը հնարաւորութիւն տուած է Խարթումի եւ Օնդուրմանի մէջ ստեղծելու մտաւորականներու կամ, ինչպէս իրենք կ'ըսէին «կոլեճականներու» մեծ խմբակ մը՝ մասնագէտ Գր. Ճերենճեանի գլխաւորութեամբ։ Այսօր Սուտանի մէջ կը բնակի շուրջ 2000 հայ։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հ. Սեքսեթյան (1913)։ Սուդանահայ գաղութը։ Կ. Պոլիս: «Ամենուն տարեցոյցը»։ էջ 188 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ա. Գ. Աբրահամեան, Համառօտ ուրուագիծ հայ գաղթավայրերու պատմութեան, հատոր Բ, Երեւան, «Հայաստան», 1967, էջ 77-82։

Կաղապար:Հայկական սփյուռք