Սուրբ Խաչ Դպրեվանք (Պոլիս)
Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Պոլսոյ մէջ հայկական երկրորդական վարժարան։ Հիմնուած է 1953-ին, Պոլսոյ Սկիւտարի թաղամասին մէջ։
Պատմականը
ԽմբագրելԸստ կալուածագրի մը Սուրբ Խաչ Վարժարանի մը անուան կը հանդիպինք 1706-ին Մուալլիմհանէ անուամբ։ Սկիւտարի նշանաւոր հրդեհները 1791-ին, 1825-ին եւ 1846ին հրոյ ճարակ կը դարձնեն վարժարանի շէնքը, որ վերջին անգամ կը կառուցուի 1892-ին։
1919-ին վարժարանին մէկ մասը որբանոցի կը վերածուի մինչեւ 1938։ 1953-ին Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի ջանքերով Սուրբ Խաչ վարժարանը միջնակարգ, լիսէ եւ ընծայարանի բաժիններով դպրեվանքի կը վերածուի։ Ընծայարանի բաժինը 1967-ին կը փակուի եւ վարժարանը Սուրբ Խաչ լիսէ անուամբ կը շարունակէ իր գոյութեան։
1987-1988 տարեշրջանին երկսեռի կը վերածուի։ Վարժարանը ներկայիս քառամեայ լիսէի մակարդակով ուսում կը ջամբէ երկսեռ աշակերտներու։ Կը դասաւանդուի հայերէն, թրքերէն, անգլերէն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կենսաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, տարրաբանութիւն եւ բնագիտութիւն դասերը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Türkiye Ermenileri Patrikliği»։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org։ արտագրուած է՝ 2020-06-28