Սուրբ Կատարինէի Վանք

Սուրբ Կատարինէի Վանք (յունարէն՝ Μονὴ τῆς Ἁγίας Αἰκατερίνης, Monē tēs Hagias Aikaterinēs, արաբերէն՝ دير القدّيسة كاترين), կը գտնուի Սինա լերան հարաւը, Եգիպտոսի ամենաբարձր՝ Քաթրին լեռներուն վարի կողմը, Մուսա լերան մօտակայքը. կ՛ենթադրուի, որ աշխարհի ամենահին վանքն է[1][2]։ Այն զբօսաշրջիկներու համար ամենամեծ սրբավայրերէն կը նկատուի՝ որպէս ուխտատեղի, ուր աշխարհի տարբեր տեղերէն ուխտաւորներու խումբեր կ՛այցելեն։ Վանքը կը վերահսկուի Սինայի ինքնավար եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն կողմէ։ Այն ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցներու ցանկին մէջ:

Սուրբ Կատարինէի Վանք (Եգիպտոս)

Հիմնադրման Թուական

Խմբագրել

Կառուցուած է 548 եւ 565 թուականներուն․ այն աշխարհի ամենահին վանքերէն է, որ առայժմ կը գործէ[1][2]։ Այստեղ կը գտնուի աշխարհի ամենահին գործող գրադարանը․ գրադարանը կը պարունակէ եզակի գիրքեր, ինչպէս՝ ասորական սինայական գիրքեր՝ մինչեւ 1859 թուական եւ սինայական օրէնսգիրք[3][4]։

Վանքին շուրջը կառուցուած է փոքր քաղաք մը՝ պանդոկներով եւ լողաւազաններով, զոր կոչուած է Սուրբ Քեթրին քաղաք։

Քրիստոնէական Աւանդոյթներ

Խմբագրել

Ըստ աւանդոյթին, Քեթրին Աղեքսանդրիայէն՝ (194-ի ծնունդ) քրիստոնիայ նահատակ էր, զոր մահուան դատապարտուած էր՝ անիւի վրայ նահատակուելու։ Սակայն երբ այս մէկը ձախողեցաւ, զինք գլխատեցին։ Ըստ աւանդութեան, հրեշտակները դիակի մնացորդացը տարած են Սինա լեռ։ 800 թուականի մօտերը, Սուրբ Քեթրին վանքի վանականները անոր մնացորցները գտած են։

Սրբանկարներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Din, Mursi Saad El et al.. Sinai: the site & the history : essays. New York: New York University Press, 1998. 80. ISBN 0814722032
  2. 2,0 2,1 «Saint Catherine Area»։ UNESCO 
  3. Schrope Mark (1 June 2015)։ «Medicine’s Hidden Roots in an Ancient Manuscript»։ NY Times։ արտագրուած է՝ 1 June 2015 
  4. Jules Leroy, Peter Collin (2004)։ Monks and Monasteries of the Near East։ Gorgias Press LLC։ էջեր 93–94։ ISBN 978-1-59333-276-1 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել