Սուրբ Պօղոս Տաճար (Լոնտոն)

Սուրբ Պօղոսի Տաճար (անգլերէն՝ St Paul's Cathedral), տաճար՝ նուիրուած Պօղոս առաքեալին: Կը գտնուի Լանտկէյթ Հիլլ բլուրի կատարին, Լոնտոնի ամէնաբարձր դիրքին վրայ, կը համարուի Լոնտոնի եպիսկոպոսի նստավայրը։

Նախապատմութիւն

Խմբագրել

Այս տեղին վրայ տաճարը վերափոխուած է հինգ անգամ՝

  • Առաջինը (փայտէ) տաճարը կառուցուած է 604 թուականին եւ այրած է 675 թուականին;
  • Երկրորդ (քարէ) տաճարը կառուցուած է 685 թուականին եւ 961 թուականին վայքինկներու կողմէ աւերուեցաւ՝ Լոնտոնի վրայ հերթական յարձակման ժամանակ;
  • Երրորդ (քարէ) տաճարը կառուցուած է 962 թուականին եւ այրած է ամբողջ Լոնտոնի հետ 1087 թուականի հրդեհի ժամանակ;
  • Չորրորդ (քարէ) տաճարը (յայտնի որպէս Հին Սենթ Փոլ կամ մինչեւ Մեծ Հրդեհը Սենթ Փոլ) հիմնուած է 1087 թուականին եւ օծուած է 1240 թուականին։ Անիկա եղած է այդ ժամանակ Եւրոպայի խոշորագոյն տաճարներէն մէկը. անոր երկարութիւնը կազմած է մօտաւորապէս 180 մեթր, լայնքը՝ 30 մեթր, սրաձողի երկարութիւնը մօտաւորապէս 150 մեթր։ Տաճարը այրած է 1666 թուականին, լոնտոնեան Մեծ հրդեհի ժամանակ։ Չնայած հրդեհէն ետք տաճարը վերականգնել հնարաւոր էր, բայց իշխանութիւնները անոր տեղ նոր շինութեան կառուցման մասին որոշում կայացուցին;
  • Հինգերորդ (քարէ) տաճարը կառուցուած է ճարտարապետ Քրիսթոֆըր Ռենի նախագիծին համաձայն։ Աշխատանքները սկսած են՝ 1675 թուականին եւ աւարտած են՝ 1708 թուականին։
 
Սուրբ Պօղոս Տաճարի գմբէթը

Պատմութիւն

Խմբագրել

Տաճարի պաշտօնական բացման թուականը կը համարուի 20 Հոկտեմբեր1708-ը, ճարտարապետ Ռենի ծննդեան օրը (այդ օրը ինք դարձաւ 76 տարեկան), սակայն փաստօրէն ծառայութիւնները տաճարին մէջ սկսան 2 Դեկտեմբեր1697-ին։ Շինարարութեան սկիզբէն փաստօրէն Ռենը ստիպուած եղաւ երեք անգամ ամբողջութեամբ փոխել նախագիծը։ Առաջին նախագիծով կ'ենթադրուէր կառուցել այրած չորրորդ տաճարի հիմքին վրայ նոր մեծ եկեղեցի։ Այդ նախագիծը մէկ անգամէն մերժուեցաւ, ըստ երեւոյթին իշխանութիւնները կը ցանկային աւելի վիթխարի բան։ Երկրորդ նախագիծը կը նախատեսէր եկեղեցիի շինարարութիւն, որուն հիմքը յունական խաչի տեսք կ'ունենար։ Այդ նախագիծը մանրակրկիտ ուսումնասիրուեցաւ. բաւական է նշել, որ մինչ օրս պահպանուած է 1:24 մասշտաբով իրագործուած նախագիծը, որ այսօր կը ցուցադրուի Սուրբ Պօղոս Տաճարին մէջ։ Սակայն այս նախագիծն ալ մերժուեցաւ՝ համարուելով չափէն աւելի ծայրայեղական։ Ռենի երրորդ նախագիծը կը նախատեսէր բաւականին մեծ տաճարի կառուցում՝ գմբէթով եւ երկու զանգագատուն-աշտարակներով։ Այս նախագիծը հաստատուեցաւ եւ 1675 թուականի Յունիսին սկսան շինարարական աշխատանքները։ Սակայն ատոնցմէ ետք Քարլ Բ. թագաւորը պահանջեց նախագիծը եւ հրամայեց անոր մէջ մտցնել փոփոխութիւններ, որոնք ինքը բնութագրեց որպէս զարդարուն։ Այդ զարդարուն փոփոխութիւնը դարձաւ մեծ գմբէթը, դարձնելով Սուրբ Պօղոս տաճարը Լոնտոնի խոշորագոյն տեսարժան վայրերէն մէկը։ Բոլորին կողմէ ընդունուած է, որ Տաճարի գմբէթը շատ բաներու մէջ կը կրկնէ՝ Հռոմի Սուրբ Պետրոս գմբէթի պազիլիքը:

Գմբէթին տակ զետեղուած է երեք պատկերասրահ. ներքին աքափելլա եւ արտաքին՝ քարէ եւ ոսկիէ պատկերասրահները։ Ներքին աքափելլան իր անուան պարտական է ճարտարապետներու կողմէ չնախատեսուած անոր ձայնաբանական առանձնայատկութեան. բառը անգամ արտասանուած ըլլալով շշուկով պատկերասրահի մէկ ծայրը բազմաթիւ անգամ կ'արտացոլայ իր պատերուն մէջ, որուն արդիւնքով այդ շշուկը կրնայ լսել՝ պատկերասրահի միւս ծայրը գտնուող մարդը։

Տաճարի զանգակատան մեջ հաստատուած են 17 զանգակներ, որոնցմէ 13-ը՝ հիւսիս-արեւմտեան աշտարակին մէջ եւ 4-ը՝ (նեռարելով Մեծ Փոլի (անգլերէն՝ Great Paul) զանգակները) հարաւ-արեւմտեան աշտարակին մէջ։

Յայտնի Անձերու Թաղման Վայրեր

Խմբագրել

Սուրբ Պօղոսի տաճարը կը համարուի Մեծ Բրիտանիոյ աւելի քան երկու հարիւր յայտնի քաղաքացիներու գերեզմանավայրը։ Այդ աւանդոյթը իր սկիզբը առած է դեռ եւս նախորդող տաճարներէն: Առաջին եւ երկրորդ տաճարներուն մէջ թաղուած էին անգլօ-սաքսոնական թագաւորները։ Սուրբ Պօղոսի Տաճարին մէջ առաջինը թաղուելու պատիւին արժանացաւ անոր ճարտարապետ՝ Քրիսթոֆըր Ռենը։ Անոր գերեզմանին վրայ յուշարձան տեղադրուած չէ եւ միայն դամբարանին վրայ լատիներէն գրուած է՝ Lector, si monumentum requiris, circumspice («Ընթերցող, եթէ դուն կը փնտռես յուշարձան, պարզապէս շուրջդ նայէ»):

Տաճարին մէջ ննջող առաւել ակնառու անձիք.-

Հետաքրքիր փաստեր

Խմբագրել
  • 1621-1631 թուականներուն Սուրբ Պօղոսի տաճարի վանահայրը եղած է Ճ. Տոննը: 1631 թուականին ան թաղուած է տաճարին մէջ։
  • 1713 թուականին Ուտրեխտեան խաղաղութեան պայմանագիրի կապակցութեամբ՝ Սուրբ Պօղոսի տաճարին մէջ հանդիսաւորութեամբ կատարուեցաւ Կ.Ֆ. Հենտըլի «Ուտրեխտեան Te Deum»-ը եւ «Jubilate»-ը։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել