Սուրէն Մանուէլեան

Սուրէն Մանուէլեան (1906).- ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Բալահովիտ գաւառի Սղամ գիւղը: Բեկորներէն է որբերու սերունդին, որ խորշակահար ինկաւ յետեղեռնեան հայ կեանքի ամերիկեան ափերուն վրայ, անցնող տասնամեակներուն հետ ինքզինք արժեւորելու համար, իբրեւ վերայայտնութեան կոչուած գրիչի մարդոց փաղանգին օժտուած անդամներէն մին։

Սուրէն Մանուէլեան
Ծնած է 1906
Մահացած է 1980
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն

Արտասահմանեան իրականութեան 1920-1950-ական թուականներու հանրային-մշակութային հեւքին մէջ, ան եղած է քարտուղար՝ առաջնորդական դիւանատուներու, գրաշար, գործօն դերակատար՝ հայրենակցական կորիզներու կրթանպաստ աշխատանքներուն մէջ։ Անփոխարինելի բարիք էր գոյապայքարի մեր սկզբանական ճիգերուն արդիւնաւորման տեսակէտով։

Սուրէն Մանուէլեանի հանրային, միութենական եւ գրական գործունէութիւնը ամերիկահայ կեանքին մէջ՝ կ'ընգրկէ 1926-1980 թուականներու աւելի քան յիսնամեայ շրջանը։ Իր առաջին պատմուածքը՝ «Անոնք որ վերադարձան», հրատարակուած է «Նոր Գիր» ամսագիրին մէջ՝ 1936-ին։ Առջինեկ իր ակնարկներու հաւաքածոն՝ «Բարակ լարեր» եւ պատմուածքներու երկու հատորները՝ «Արգաւանդ ակօսներ» (1949) եւ «Դգալ մը շաքար» (1965) կ'ամփոփեն պատկերներ, ապրումներ եւ յուշեր՝ գիւղէն, ընտանեկան օճախէն, հայուն թափառական կեանքէն, սփիւռքեան խռովքներէն եւ ազգային մեր ճակատագրէն։

Աշխատակից՝ ամերիկահայ եւ արտասամանեան թերթերու՝ «Պայքար»ի, «Երիտասարդ Հայաստան»ի, Բենիամին Նուրիկեանիեւ Մարտիրոս Սարգիսեանի «Նոր Գիր» գրական եռամսեային:

Թատերական կեանքին հանդէպ գործօն հետաքրքրութեամբ, արեւմտահայերէնի վերածած է Սունդուկեան, Շիրվանզադէի, Դերենիկ Դեմիրճեանի եւ Րաֆֆիի կարգ մը գործերը («Պեպօ», «Խաթաբալա», «Պատուի համար», «Չար Ոգի», «Վարդանանք», «Սամուէլ» եւ ուրիշներ):

Հայ մամուլի մէջ ցրուած են իր ստեղծագործութիւններէն շատեր. անտիպ են եւ հրատարակութեան կը սպասեն «Իրիկուն ժամանց» անունին տակ համադրուած պատմուածքներու հաւաքածոն, «Հինգ հայ թագաւորներ եւ իրենց ժամանակը», «Մարդեր եւ իրենց կեանքը» (նուիրուած գրողներու եւ հանրային մշակներու), թարգմանական եւ թատերագրային փորձեր՝ «Համաշխարհային գրական ընտիր էջեր» եւ «Խորհուրդ Վարդանանց», «Շնորհալի», «Սարդարապատ», եւայլն։