Սուրիոյ պատմական քաղաք Պուսրա

Պուսրա պատմական քաղաքը հնաբանական վայր մըն է եւ կը գտնուի Սուրիոյ Պուսրա քաղաքը։ Կը պատկերացնէ Հռոմէական, Բիւզանդական եւ Մահմետական մշակոյթները։ 1980-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Պուսրա պատմական քաղաք
مدينة بصرى القديمة
Պուսրա պատմական քաղաքը
Երկիր Սուրիա
Շրջան Միջին Արեւելք
Հիմնադրուած է՝ 1980
Տարածութիւն 1,16 քմ²

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Պուսրա եղած է Հռոմէական Արապիա նահանգին մայրաքաղաքը եւ դէպի Մեքա ուղղուող կարաւաններու կարեւոր կայան։ Անոր բարձր պարիսպներէն ներս յայտնաբերուած են Բ․ դարու հռոմէական թատրոն մը, Քրիստոնէութեան սկզբնական շրջանի աւերակներ եւ բաւական մզկիթներ։

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան Խմբագրել

Պուսրա պատմական քաղաքը 1980-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։ Իսկ 2017-ին արձանագրուած է որպէս Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանագութեան Վտանգուած Յուշարձան։ Պահպանուած հնաբանական վայրի տարածութիւնն է 1,16քլ²։

Պատկերասրահ Խմբագրել

[1] [2]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել