«Տիրան Աճէմեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Աճէմեան Տիրան''', դերասան, ծաղրանկարիչ, ծնած Հալէպ 21 Յուլիս 1902ին: Ուսումը կը ստանայ տեղւ...»:
 
Տող 2.
'''Աճէմեան Տիրան''', դերասան, ծաղրանկարիչ, ծնած [[Հալէպ]] 21 Յուլիս [[1902]]ին: Ուսումը կը ստանայ տեղւոյն գերմանական վարժարանը, սկիզբէն ի յայտ կը բերէ արուեստագէտի խառնուածք եւ հակում դէպի գծագրութիւն, ինչ որ հետզհետէ կը փոխուի ծաղրանկարչութեան: Ատոր միջոցաւ է որ կը մօտենայ բեմին՝ որուի կը նուիրուի սրտեռանդ: [[1919]]ին [[Պոլիս]] կ’երթայ ու Կավռօշի իբրեւ ծաղրանկարիչը դիբիք ծաղրանկարներ կը հրատարակէ: Պոլսոյ Հայ Տրամադիկը, նաեւ Կովկասէն դարձող Սեւումեան խորապէս կը տպաւորեն զինք բեմին կապուելու համար: Հալէպ դարձին՝ կը կազմէ Երիտասարդաց Միութեան Թատերախումբը. [[1921]]էն սկսեալ բեմադրելով զանազան թատերախաղեր՝ որոնցմէ յիշենք Կործանուածը, Աւերակների վրայ, Պատուի համար, Արցունքի հովիտը, Հին Աստուածները եւայլն: Աճէմեան օժանդակած է Հալէպ այցելող դերասաններուն, [[1922]]ին Շահան Սարեան եւ Օննիկ Վոլգէրի, [[1924]]ին «Եգիպտահայ Գոմիտէի խումբ»ին: [[1923]]ին կը կազմէ «Հալէպի Ամադէօրներու Տրամադիկ թատերախումբ»ը եւ այլ ներկայացումներ կու տայ մինչեւ Բ. Աբովեանի Հալէպ ժամանումը, որուն հետ եւս կը խաղայ՝ պատասխանատու դերեր ստանձնելով: Ֆիլիփ Արփիարեան դերասան-ծաղրանկարիչը կը թելադրէ Տիրանին ամբողջովին ծաղրանկարչութեան ճիւղին նուիրուիր:
 
== ԱղբյուրներԱղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիջ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, ՊուքրէքշՊուքրէշ, Հատոր Ա, էջ 116: