Տիրան Աճէմեան (21 Յուլիս 1902(1902-07-21), Հալէպ - 10 Սեպտեմբեր 1991(1991-09-10), Պէյրութ, Լիբանան), դերասան, երգիծանկարիչ:

Տիրան Աճէմեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Տիրան
Ծնած է 21 Յուլիս 1902(1902-07-21)
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 10 Սեպտեմբեր 1991(1991-09-10) (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն դերասան, ծաղրանկարիչ, գծագրիչ, գեղանկարիչ

Առաջին օրերէն իսկ իր ուշագրաւ գծագրութիւնները քաջալերուած են իր գերմանացի ուսուցիչէն, այնպէս որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Հալէպ հասած երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան, բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենց եւ բեմադրիչ Աշոտ Մատաթեան կը դառնան պատանիին երգիծանկարներուն անուանի դէմքերը։ Գերմանիա իր ուսումը շարունակելու ծրագիրը կը խանգարուի երբ Պոլիս կը հասնի, իր հօրը յանկարծակի մահուամբ։ Հալէպ վերադառնալէ առաջ արդէն պատանի գծագրիչին տաղանդը կը նուիրագործուի երբ Երուանդ Թոլոյեան իր համբաւաւոր «Կավռօշ» երգիծաթերթին մէջ մնայուն տեղ կու տայ անոր գործերուն։

Պոլսոյ մէջ շուտով երեւան կու գայ Տիրանի ուրիշ մէկ շնորհքը – թատերական արուեստը։ Այս առումով ան կը դրսեւորուի իբրեւ ամբողջական արուեստագէտ, որուն ներսիդին գծագրութեան հանդէպ ջերմ սիրոյն համազօր է փարումը թատրոնին։ Պոլսոյ մէջ Մատաթեան զինք 16 տարեկանին բեմ կը հանէ։ Հալէպ դարձին՝ կը կազմէ Երիտասարդաց Միութեան Թատերախումբը։ Հալէպի մէջ իր թատերական կեանքին մաս կը կազմէ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»-ուն բեմադրութիւնը։ Վերջին անգամ Պէյրութի մէջ, արդէն 55 տարեկան, կը բեմադրէ Ալեքսանտր Տիւմայի (Հայր) «Քին» գործը։ Իր մէկ ինքնաերգիծանկարը զինք կը պատկերէ փութկոտ՝ իր աշխատանքի ճամբուն վրայ, բայց նաեւ կլանուած՝ Եակոյի դերը սորվելով։ Խորքի պատին՝ Օթէլլոյի ներկայացման որմազդը։ Իր թատերական կեանքին մէկ բնական դրսեւորումն է իր «Քաջ Նազար»ի հրատարակութեան առթիւ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, իբրեւ շնորհակալական խօսք Թումանեանի «Անոյշ»էն հատուածի մը արտասանութիւնը։

Կը բեմադրէ զանազան թատերախաղեր՝«Կործանուածը», «Աւերակներու վրայ», «Պատուի համար», «Արցունքի հովիտը», եւ այլն:

Աճէմեան օժանդակած է Հալէպ այցելող դերասաններուն. 1922-ին՝ Շահան Սարեանին եւ Օննիկ Վոլգէրի, 1924-ին՝ «Եգիպտահայ Գոմէտիի խումբ»ին: 1923-ին կը կազմէ «Հալէպի Ամադէօրներու Տրամադիկ թատերախումբ»ը եւ ներկայացումներ կու տայ մինչեւ Բարսեղ Աբովեանի Հալէպ ժամանումը, որուն հետ եւս կը խաղայ պատասխանատու դերեր ստանձնելով: Ֆիլիփ Արփիարեան դերասան-ծաղրանկարիչը կը թելադրէ Տիրանին ամբողջովին նուիրուիլ ծաղրանկարչութեան[1][2]:

1925-ին տեղափոխուած է Պէյրութ ու ծաղրանկարներով հանդէս եկած է հայկական, ֆրանսական եւ արաբական մամուլին մէջ[3][4]։ Իր գծագրութիւնները ներկայ են տեղական երգիծաթերթերու մէջ, ինչպէս՝ «Ատ-Տապպուր», «Աս-Սայատ», կամ ֆրանսատառ օրաթերթերու մէջ, ի միջի այլոց՝ «Լ՛Օրիան», «Լը Սուար»։ Լիբանանի անկախութենէն ասդին (1943), իր երգիծանկարները պատմութիւնն են այդ երկրին եւ քաղաքական ղեկավարներու բարքերուն եւ դէմքերուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյց, 1928, էջ 589
  2. Սուր․ Տար․, 1925, էջ 181
  3. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր առաջին, Երեւան, 2005 
  4. Baghdasaryan Aram։ «AV Production - Տիրան Աճեմեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-07-21 

Աղբիւրներ

Խմբագրել