Աշոտ Մատաթեան
Աշոտ Մատաթեան (8 Սեպտեմբեր 1884, Թեհրան, Իրան - 22 Ապրիլ 1965, Պոլիս, Թուրքիա), հայ դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ։
Աշոտ Մատաթեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 8 Սեպտեմբեր 1884 |
Ծննդավայր | Թեհրան, Իրան |
Մահացած է | 22 Ապրիլ 1965 (80 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄատաթեան ծնած է Թեհրան, փոքր տարիքին Պոլիս կը փոխադրուի, ուր կը յաճախէ Սկիւտարի ազգային եւ Պէրպէրեան վարժարանները:
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԱշոտ Մատաթեան առաջին անգամ 1903-ին բեմ կը բարձրանայ, դերուսցոյց Ռէշատ Ռըտվանի Չափրաստճեանի կազմած փատերախումբին մէջ։ Շրջան մըն ալ կը մասնակցի Մնակեան թատերախումբին: Ենովք Շահէին հետ, Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք, կը հիմնէ «Ազատ բեմ» թատերախումբը՝ Շահին Յովհաննիսեան, Շանտանճեան, Արմէն Աժտէրեան, Եդուարդ Չափրաստ, օր. Էլիզ Պիննէմէճեանեւ ուրշներ:
Կարճ շրջան մը յուշարարութիւն կ՛ընէ Զարիֆեանի խումբին մէջ։ Ապա կը մասնակցի պատահական ներկայացումներու:
Սեւ ծովու փոքրասիական եզերքները թատերական պտոյտ մը կը կազմակերպէ՝ Շահին Յովհաննիսեանին հետ:
Կը մասնակցի հայ տրամաթիք թատերախումբի թատերապտոյտներուն, դէպի Իզմիթ եւ Իզմիր:
Պատերազմի ընթացքին, իբրեւ յեղափոխական, կը տարագրուի Հալէպ: Իսկ զինադադարին՝ տարագիր երիտասարդներով, կը կազմէ «Մելպոմէն» թատերախումբը ու կը շրջի Կիլիկիան:
1919-ին Պոլիս կը վերադառնայ ու կը նշանակուի դերուսցոյց հայ տրամաթիք ընկերութեան թատերախումբին, զոր կը վարէ մինչեւ մահ:
Քեմալական յաղթանակէն ետք կը մնայ Պոլիս եւ երկար տարիներ կը տարապի հայ թատրոնի կարօտով՝ հայերէն լեզուով ներկայացումները արգիլուած ըլլալուն պատճառով: Արտօնութիւն ձեռք բերուելէն ետք կը կազմէ «Սթիւտիօ» թատերախումբը.ապա Պոլիսէն կը մեկնի Պէյրութ, ուր կը սարքէ պարբերական ներկայացումներ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, 1965 Անթիլիաս, էջ 1109-1110: