«Ուինսթըն Չըրչիլ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Սեպտեմբեր (արեւմտահայերէն) → Սեպտեմբեր (2), Մայիս (արեւմտահայերէն) → Մայիս using AWB
Չ →‎Պատմութիւն: clean up, replaced: հաճախ → յաճախ using AWB
Տող 7.
Ուինսթըն Չըրչիլը ծնած է Մարլպորօ հերցոկներու Պլենհեյմ պալատին մէջ։ Անոր հայրը՝ լորտ Ռենտոլֆ Սփենսեր Չըրչիլը, ճանաչուած քաղաքական գործիչ էր, ան փարլամենթի Համայնքներու պալատի պատգամաւոր էր։ Ինչպէս եւ հետագային՝ Ուինսթընը, անոր հայրը նոյնպէս Պահպանողական կուսակցութեան անդամ էր։
 
Ուիսթընի մայրը՝ Ճենի Ճերոմը (անգլերէն՝ Jennie Jerome), [[ԱՄՆ|ամերիկեան]] հարուստ ձեռնարկատիրոջ դուստր էր։ Ինչպէս ընդունուած է շատ արիստոկրատ ընտանիքներուն մէջ, դեռ մէկ տարեկանէն արդեն փոքրիկ Ուինսթընի մասին հոգ կը տանէր անոր դայակը՝ Էլիզաբեթ Էն Էվերեսթը (անգլերէն Elizabeth Anne Everest), որ ան սովորաբար «պառաւ» կ'ըսէր։ Ութ տարեկանին Ուինսթընը կը դառնայ Սենթ Ճորճ նախակրթական դպրոցի սան, ուրտեղ ան հաճախյաճախ խախտելով կարգը կ'ենթարկուէր պատիժի, իսկ քանի որ դպրոցին մէջ ընդունուած էր պատժել ծեծի միջոցաւ, Էլիզաբեթը կը նկատէ պատանիի կապտուկները, որմէ յետոյ անոր կը տեղափոխեն [[Պրայթըն]]՝ Թոմսըն քոյրերու դպրոց։ Տեղափոխուելէն յետոյ ան կը սկսի բաւական լաւ սորվիլ, սակայն անոր յառաջադիմութիւնը այնքան ալ փայլուն չէ եղած համեմատած համադասարանցիներու հետ։
 
Երբ [[1886]] թուականին ան թոքի բորբոքում ձեռք բերաւ, անոր թոյլ առողջութիւնը եւ ոչ մէկ բան չխոստացող յառաջադիմութիւնը պատճառ կը դառնան, որ ծնողքը անոր ուղարկեն ոչ թէ Իթընի թագաւորական քոլէճ, ուրտեղ սերունդէ սերունդ կը սորվին [[Մարլպորօ]] տոհմի պատանիները, այլ ոչ պակաս անուան Հարոու դպրոց։ Հարոու դպրոցին մէջ [[1889]] թուականին Ուինսթընին կը փոխադրեն յատուկ զինուորական թէքումով դասարան։ Պատանի Ուինսթընը դպրոցին մէջ այն տասներկու աշակերտներէն մէկն էր, որոնք կրնան յանձնիլ աւարտական քննութիւնները բոլոր առարկաներէ, յատկապէս անոր մօտ կը դիտուի բարձր հետաքրքրութիւն պատմութեան հանդէպ, իսկ [[1892]] թուականին ան սուսերամարտէն կը դառնայ դպրոցի ախոյան։