«Արամ Տիգրան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Արամ Տիգրանի երգացանկը: clean up, replaced: դրոշ → դրօշ using AWB
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 31.
[[1966 թուական|1966]]-ին Արամ Տիգրան ընտանիքով կը տեղափոխուի Խորհրդային [[Հայաստան]] եւ բնակութիւն կը հաստատէ Աբովեան քաղաքը՝ այդտեղ դարնալով Հայաստանի Քրտական ազգային խորհուրդի ներկայ նախագահ Կնիազ Հասանովի դրացին:
 
Արամ Հայաստանի մէջ կը ծանօթանայ մեծատաղանդ երգիչներու՝ Կարապետ Խաչոյի, Սետա Շամտինի, Սուսկա Սամոյի եւ ուրիշներու ու կը գործակցի անոնց հետ Երեւանի ձայնասփիւռի քրտական բաժնին մէջ:մէջ։ Հոն կ’երգէ հայերէն կարօտի երգեր՝ դէպի Հայաստան, իսկ քրտերէն՝ «Եկայ-եկայ Երեւան, Հայաստանի կարօտով, ինչ շքեղ է, ինչ հրաշք է Հայաստանը»:
 
Արամ Տիգրան '''երկու տասնամեակ''' մը Հայաստան կը մնայ: Ի վերջոյ [[1990]]-ականներուն վերջնականապէս կը հաստատուի '''Եւրոպա''', ուր կը շարունակէ իր երթը մարդկային ու մշակութային բնագաւառներէն ներս:
Տող 49.
Արամ Տիգրանի Թուրքիոյ քաղաքացի չըլլալը պատճառ դարձաւ, որ թրքական իշխանութիւնները՝ Թուրքիոյ մշակոյթի, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները մերժեն անոր ընտանիքին եւ Տիարպէքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի գլխաւորութեամբ ստեղծուած յուղարկաւորման յանձնաժողովի դիմումը՝ Տիարպէքիրի մէջ թաղելու Արամ Տիգրանը՝ իր վերջին ցանկութեան համաձայն:
 
Հետեւաբար հանգուցեալին ընտանիքը զայն յուղարկաւորեց իր բնակութեան վայր Պրիւքսէլի մէջ:մէջ։ Իխելլէս շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին քրտական միութիւններու, կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ՝ հանգուցեալ Արամ Տիգրանի պարագաներ եւ սգակիրներու հոծ բազմութիւն:
 
Յաւարտ արարողութեան դամբանական խօսեցաւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասարկու '''Մեսրոպ Պարսամեան''', որ վեր առաւ Արամ Տիգրանի կեանքի ուղին իբրեւեւ արուեստագէտ, արդարութիւնը սիրող, իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդարութեան հաւատացող ու այդ ճամբով ալ՝ իր նուիրաբերումով այլոց օրինակ հանդիսացած, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւեւ հաւատաւոր հայ մը: