«Ս․ Սարգիս (տօն)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 54.
 
== Այս տօնին հետ կապուած սովորոյթներ եւ աւանդոյթներ ==
Եկեղեցականի զուգընթաց, պահպանուած են այս տօնին հետ կապուած ժողովրդական սովորութիւններ: Այսպէս, առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ:վրայ։ Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի, մազի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…<ref>[http://www.qahana.am/am/holidays/2018-01-27/1 Ս. Սարգիսի մասին աւանդութիւններ]</ref>:
*Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման` պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդներու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով:
Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր այդ փոխինդէն. անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ'ուտէին, որպէսզի տեսնէին, թէ երազին մէջ իրենց ո՞վ ջուր պիտի տար: Աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…