Ս. Սարգիս Զօրավար, ըստ աւանդութեան՝ քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած եւ սրբադասուած մեծ վկայ։

Ս. Սարգիս Զօրավար
Ծնած է Հռոմ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Աշխատավայր Զօրավար
Երեխաներ Մարտիրոս

Ս. Սարգիսը Հայ Ժողովուրդի Կեանքէն Ներս

Խմբագրել

Ս. Սարգիս իբրեւ պատմական եւ սրբազան առասպելական կերպար զանազան զրոյցներու, երգերու եւ առասպելներու հերոսն է:

Ներսէս Շնորհալիի կազմած վարքագրութեան մը մէջ Ս. Սարգիս (ծագումով՝ յոյն) կը համարուի Կեսարիոյ հռոմէական զօրավար[1]:

Արիութեան համար Սարգիս Մեծն Կոստանդիանոս կայսրին (285-337) կողմէ կը կարգուի իշխան եւ սպարապետ` Հայաստանի սահմանակից Կապադովկիոյ մէջ: Ան ոչ միայն գերազանց սպարապետ էր, այլեւ հիանալի քարոզիչ: Օգտուելով կայսրին յօժարութենէն` իր իշխանութեան տակ գտնուող քաղաքներուն մէջ ան կը քանդէ մեհեանները, կը կառուցէ եկեղեցիներ, կը տարածէ քրիստոնէութիւնը: Երբ Յուլիանոս Ուրացողին թագաւորութեան օրով (360-363) կը սկսին Քրիստոսի եկեղեցւոյ հալածանքները, Ս. Սարգիս, աստուածային յայտնութեամբ հրաման կ'առնէ հեռանալու կայսրութեան սահմաններէն եւ իր որդիին՝ Մարտիրոսին հետ, կու գայ ու կ'ապաստանի քրիստոնեայ Հայաստան, ուր կը թագաւորէր Տիրան արքան՝ Մեծն Տրդատին թոռը եւ Խոսրովին որդին: Տեղեկանալով, որ Յուլիանոս մեծ զօրքով կը շարժի Պարսկաստանի վրայ, Հայոց արքան, ձգտելով իր երկիրը զերծ պահել յարձակման վտանգէն, կը յորդորէ, որ Սարգիս ծառայութեան անցնի պարսից Շապուհ արքային քով: Շապուհ սիրով կ'ընդունի Սարգիսը եւ զայն կը նշանակէ զօրագունդերու հրամանատար: Զօրականներէն շատեր, տեսնելով զօրավարին բարեպաշտութիւնն ու վարքով վկայուած նուիրումը առ Աստուած եւ անոր աղօթքներով Տիրոջ գործած հրաշքները, կը հրաժարին հեթանոսութենէն եւ կը դառնան քրիստոնեայ[2]:

Նահատակութիւնը

Խմբագրել

Սարգիս զօրավար կը կործանէր հեթանոսական մեհեաններն ու փոխարէնը Աստուծոյ տաճարներ կը կառուցէր եւ իր զինուորներուն կը քարոզէր Աւետարանի ճշմարտութիւնը:

Չարախօսներ Շապուհ արքային առջեւ կ'ամբաստանեն Սարգիսը եւ կը յայտնեն անոր քրիստոնեայ ըլլալը: Թագաւորը սաստիկ կը տրտմի, որովհետեւ չէր ուզեր անոր նման քաջ մարդ մը կորսցնել եւ այդ բոլորէն դուրս գալու տրամաբանական ելքեր կը փնտռէր[3]:

Կը ձերբակալուի պարսկական զինուորներուն մէջ քրիստոնէութիւն տարածելու մեղադրանքով: Շապուհ կը պահանջէ Ս. Սարգիսէն պաշտել կրակը եւ զոհ մատուցել: Զօրավարը անմիջապէս կը մերժէ ըսելով. «Երկրպագելի է մէկ Աստուած` Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, Որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը: Իսկ կրակը կամ կուռքերը ի բնէ աստուածներ չեն, հողեղէն մարդը զանոնք կրնայ փճացնել»: Այդ խօսքերէն ետք, Ս. Սարգիս կը կործանէ բագինը:

Զայրացած ամբոխը կը յարձակի Ս. Սարգիսին եւ անոր որդիին վրայ: Առաջին նահատակութեան պսակը կ'ընդունի անոր որդին` Մարտիրոսը: Ս. Սարգիս կը բանտարկուի եւ աներեր մնալով իր հաւատքին վրայ` կը գլխատուի 31 Յունուար 363-ին։ Նահատակուելէն ետք Սարգիսին մարմինէն լոյս կը ծագի: Հաւատացեալներ անոր դիակը կ'առեւանգեն եւ կը տանին Ասորիք։ Մեսրոպ Մաշտոց Ս. Սարգիսին մասունքները կը տանի Հայաստան, կ'ամփոփԷ Կարբի (Աշտարակի շրջան) աւանին Դագա դաշտին մէջ, որուն վրայ ալ կը հիմնէ Ս. Սարգիս անունով եկեղեցի մը եւ Ուշիի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ համանուն վանքը։ Հետագայ դարերուն Ս. Սարգիսին անունով եկեղեցիներ կը հիմնուին Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ բնակավայրերուն մէջ, անոր պաշտամունքը մեծ տարածում կը ստանայ հայոց մէջ։ Ս. Սարգիսին կը վերագրուին նաեւ նախաքրիստոնէական կարգ մը պաշտամունքներ եւ հաւատալիքներ։

 
Ուշիի Ս. Սարգիս եկեղեցին
 
Դագայի Ս. Սարգիս վանքը

Արուեստի՝ յատկապէս մանրանկարչութեան մէջ Ս. Սարգիս պատկերուած է արագավազ եւ ճերմակ նժոյգի վրայ զինավառ ու գեղեցիկ տղամարդու կերպարանքով, յաճախ վիշապօձին (չարութեան մարմնաւորում) նիզակով շամփրելով։

 
Ս. Սարգիս (ԺԸ. դարու սրբապատկեր)

«Արագահաս» Ս. Սարգիս

Խմբագրել

Ս. Սարգիս իր աղօթքներուն, խոնարհութեան եւ արիութեան շնորհիւ պատերազմներու ատեն միշտ յաղթանակներ տարած է: Բարեպաշտ Զօրավարը կ'օգնէր բոլոր կարիքաւորներուն, որուն համար ալ շարականագիրը զինք անուանած է «Արագահաս»` բոլորին արագ օգնութեան հասնող:

Ուժեղ եւ քաջարի զօրավար մը ըլլալով՝ ան ոչ թէ բռնութեամբ իր կամքը կը պարտադրէր, այլ կը փորձէր հնազանդութեամբ ու գթասրտութեամբ վերաբերիլ իր զինուորներուն ու նոյնիսկ իր թշնամիներուն հետ:

Ս. Սարգիս, բազմաթիւ անասուններ մորթել կու տար եւ առատօրէն կը բաժնէր աղքատներուն: Իր արարքով ան կը փորձէր օրինակ ծառայել իրեն ենթակայ զինուորներուն, որոնք կուռքերուն զոհ կը մատուցէին, փոխանակ աղքատներուն ողորմութիւն տալու:

Ս. Սարգիսի Մասին Հիւսուած Աւանդապատումներէն

Խմբագրել

Աղքատ Աշուղ Ղարիպն ու մեծահարուստի մը աղջիկը` Շահ-Սանամը զիրար կը սիրէին: Աղջկան հայրը կ'արգիլէ անոնց ամուսնութիւնը, քանի որ մտադրած էր աղջիկը կնութեան տալ մեծահարուստի մը: Աշուղ Ղարիպ կ'որոշէ օտարութեան երթալ` աշխատելու համար: Աշուղ Ղարիպ իր սիրած աղջիկէն խոստում կ'առնէ եօթը տարի սպասել իրեն: Ան պայման կը դնէ, որ եթէ նոյնիսկ մէկ օր ուշանայ, աղջիկը կրնայ ամուսնանալ հօր ցանկութեամբ:

Եօթը տարիները շատ դժուար կ'անցնին Աշուղ Ղարիպին համար: Ան զրկուած էր իր գեղեցկուհին տեսնելու հնարաւորութենէն, որեւէ լուր չունէր անոր մասին, սակայն չէր յուսահատեր, այլ կարօտով կը սպասէր այն օրուան, երբ անոնք պիտի հանդիպէին եւ ընտանիք կազմէին: Եօթը տարի գիշեր ցերեկ աշխատելէ ետք` Աշուղ Ղարիպ կը բռնէ տուն դարձի ճամբան: Ճամբան լի էր փորձանքերով եւ խոչընդոտներով: Ան ամբողջ սրտով կ'աղօթէ Ս. Սարգիսին` հայցելով արագահաս Սուրբին օգնութիւնը: Ս. Սարգիս, լսելով սիրահարած Աշուղին աղօթքը, իր արագահաս ճերմակ նժոյգով՝ մրրիկի մէջ իսկոյն կը յայտնուի, Աշուղ Ղարիպը կը նստեցնէ ձիուն վրայ եւ ակնթարթի մը մէջ զինք կը հասցնէ Շահ-Սանամէին մօտ: Աղջկան հայրը տեսնելով Աշուղ Ղարիպին կամքը եւ կատարուած հրաշքը, ինչպէս նաեւ անոնց անկեղծ սէրը, կ'օրհնէ երկուքին միութիւնը:

Ս. Սարգիսի Տօնը՝ Սիրահարներու Տօն

Խմբագրել

Ժողովրդական աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Սարգիս կը սիրահարի յոյն թագաւորին աղջկան եւ կը փախցնէ զայն: Հետապնդողներէն ազատելու համար, ան զօրաւոր բուք կը բարձրացնէ եւ շատեր խեղդամահ կ'ըլլան: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տարի տօնին օրերուն բուք կը բարձրանայ: Այս զրոյցին պատճառով ալ սիրահարները Ս. Սարգիսը ընտրած են իբրեւ իրենց բարեխօսը: Ան միշտ կ'օգնէ իրեն դիմող սիրահարներուն: Այդ օրը երիտասարդները կ'աղօթեն, որպէսզի սուրբը իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասցնէ: Բայց մինչ այդ անոնք պէտք է հետեւին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սահմանած առաջաւորաց պահքին[4]:

 
Ս. Սարգիս Զօրավար

Այս Տօնին Հետ Կապուած Սովորոյթներ Եւ Աւանդոյթներ

Խմբագրել

Կրօնականին զուգընթաց, պահպանուած են այս տօնին հետ կապուած ժողովրդական սովորութիւններ: Այսպէս, առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմինի խնամքին վրայ։ Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի կամ մազի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսին ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ իբրեւ պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…[5]:

  • Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման` պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդներու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով:

Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր այդ փոխինդէն. անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ'ուտէին, որպէսզի տեսնէին, թէ երազին մէջ իրենց ո՞վ ջուր պիտի տար: Աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…

  • Հայոց մէջ տարածուած սովորոյթ էր՝ Ս. Սարգիսին նուիրուած պահքի վերջին Շաբաթ օրուան գիշերը (Փետրուարին)՝ բակերը, տանիքներն ու պատշգամները ամաններու մէջ լեցուած ալիւր դնել, որուն վրայ Սուրբը իբր թէ կը դրոշմէր իր ձիուն սմբակին կամ պայտին հետքը (կը համարուէր բարիքի, երջանկութեան խորհրդանշան)։
  • Ըստ աւանդութեան, ան հրեշտակներու ուղեկցութեամբ կ'անցնէր, եւ որուն որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը ձգէր (մաքրութեան եւ անաղարտութեան խորհրդանիշ), այդ տարի կ'իրականանային երիտասարդին երազները։
  • Կար ուրիշ սովորութիւն մըն ալ. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՛ր կողմ կը թռչէին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը:
  • Տօնին առիթով սիրահարուած երիտասարդները իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն: Տօնին օրը Ս. Սարգիս Զօրավարին անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
  • Մայր աթոռ Ս. էջմիածինէն առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի կը բերուին Ս. Սարգիս Զօրավարին մասունքները: Ամբողջ օրուան ընթացքին մարդիկ առիթը կ'ունենան տեսնելու սուրբին մասունքները եւ հայցել անոր բարեխօսութիւնը:
  • Մարաշցիները մեծ կարեւորութիւն կու տային Ս. Սարգիսի տօնին եւ այդ շաբաթ 3-5 օր պահք կը պահէին։ Ծոմապահութեան ընթացքին արգիլուած էր օգտագործել անասնական ծագում ունեցող մթերք, փոխինդ, ցորեն եւ ալիւրէ պատրաստուած ուտելիքներ։

Ծոմին երրորդ օրը մասնակիցները Չորեքշաբթի առտու եկեղեցի կ'երթային «Խաչմէր» (օրհնուած ջուր) խմելով «կը բանային» պահքը։ Այնուհետեւ տուն վերադառնալով՝ «ալլա հոց» կոչուող հացը (առանց աղի եւ թթխմորի հաց) կ'ուտէին կամ «փէխանդը»։ Վերջինս կը պատրաստուէր բոված ալիւրէ եւ խաղողի ռուպէ։ Փոխինդը ընդունուած էր եփել մեծ քանակութեամբ եւ բաժնել դրացիներուն՝ Ս. Սարգիսին բարեգթութեան խնդրանքով։

Ըստ աւանդութեան, ծոմ պահող կանայք եւ աղջիկներ, եկեղեցիէն վերադառնալէ ետք պիտի «ըռպէվ շովրօ» (խաղողէ ստացուած քաղցուով ապուր) պատրաստէին եւ բաժնէին թաղի բոլոր տուներուն։ Եթէ տանտէրը աղքատ էր, ապա պիտի բաւարարուէր ապուրը եօթը ընտանիքներու բաժնելով։

Ընդունուած էր նաեւ երազանք պահել եւ մատաղ ընել։ Մատաղին միսը կը փաթթէին «ալլա հոցի» մէջ եւ դրացիներուն կը բաժնէին։

Հինգ օր պահք պահել փափաքողները Շաբաթ օրը եկեղեցի կ'երթային, հաղորդութիւն կը ստանային, պատարագէն ետք մատաղ կ'ընէին (եթէ ունեւոր էին) եւ քանի մը դգալ միսի ջուր խմելէ ետք կը բանային պահքի շրջանը։

 
Ս. Սարգիսին որմնանկարը՝ Լամբատավանք
  • Զէյթունի մէջ նոյնպէս Ս. Սարգիսը կը համարուէր ընտանիքին պահապան սուրբը։ Դժուարութեան պահուն զէյթունցիները կը դիմէին սուրբին «Աման, Ս. Սարգիս դօն (դուն) հասիր» աղօթքով։

Մեծերը մէկ շաբաթ, իսկ երիտասարդ աղջիկները երեք օր ծոմ կը պահէին։ Ծոմը կ'աւարտէին Շաբաթ օրը՝ ոչխար կամ այծ մատաղ ընելով եւ միսը աղքատներուն բաժնելով։

Ս. Սարգիսի Գաթան

Խմբագրել

Մուսա Լերան աւանդական խոհանոցին մէջ, մինչեւ օրս պահպանուած է «գումպա» անունով ծիսական հաց-քաղցրեղէնի պատրաստութիւնը։ Խմորը կը շաղեն երեկոյեան եւ անիկա ամբողջ գիշերը կ'եփի մարած թոնիրի տաքութեամբ։

«Գումպա»ն կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով։ Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւն որ ելլէ այդ դրամը, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը։[6]:

Ս. Սարգիսի Տօնը Հայկական Տօնացոյցին Մէջ

Խմբագրել

Ս. Սարգիսի տօնը Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ ունի իր պատուաւոր տեղը: Անոր յիշատակը Հայ եկեղեցին կը նշէ Ս. Զատիկէն ինը շաբաթ առաջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած Առաջաւորաց պահքին (պահքը կը տեւէ հինգ օր) յաջորդող Շաբաթ օրը: Տօնը ունի 35 օրուան շարժականութիւն եւ կը տօնուի 18 Յունուարէն 23 Փետրուարի միջեւ ինկած ժամանակահատուածին ընթացքին:

Ս. Սարգիսի տօնին կը յաջորդէ Բարեկենդանը, ապա՝ քառասնօրեայ մեծ պահքը[7]:

Ս. Սարգիսի Աղօթքը

Խմբագրել

Ս. Սարգիս նահատակուելէ առաջ աղօթած է.

  Ո՜վ Տէր, Քրիստոս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը ուխտով եւ Պատարագով, ինչ որ ուզեն Քեզմէ, լսէ անոնց եւ շնորհէ անոնց խնդրանքը:  

Այն ատեն երկինքէն ձայն մը կու գայ եւ կ'ըսէ.

  Պիտի տամ քու խնդրածդ եւ պիտի կատարեմ աղաչանքդ. իսկ դուն եկո՛ւր վայելէ քեզի համար պատրաստուած բարիքները:
- (Մարզուանցի, էջ 123 Բ. սիւնակ)
 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2021-11-24 
  2. Ս. Սարգիս
  3. «Ս. Սարգիս զօրավար»։ horizonweekly.ca։ արտագրուած է՝ 2021-11-24 
  4. «Արագահաս Սուրբ Սարգիս»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-01-27։ արտագրուած է՝ 2021-11-24 
  5. «Ս. Սարգիսի մասին աւանդութիւններ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2018-01-24 
  6. Տօներ – Աւանդութիւններ. Ս. Սարգիս Զօրավար Երիտասարդներու Եւ Սիրոյ Տօնը
  7. Զօրավար Ս. Սարգիս
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։