«Քարլոս Անթոնեվիչ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: էր: → էր։ , մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
 
Տող 4.
 
=== Կենսագրութիւն ===
Հայրը՝ Յովսէփ' Տոքթ Իրաւագիտութեան Դոկտ., փաստաբան եւ դատաւոր էր:էր։ Քարլոս մանկութիւնը անցուցած է բարեպաշտ մօր հոգատարութեան տակ, իրենց ընտանեկան տան մէջ, [[Ժողքիէվ]]ի մօտ, Ջքուաժավ կոչուած տեղը:
 
* [[1823]]-ին, հօր մահէն ետք, Անթոնեվիչի ընտանիքը [[Լվուվ]] կը դառնայ, ուր Քարլոս [[1824]]-ին կը սկսի համալսարան յաճախել: Իրաւագիտական ուսմանց հետեւելով հանդերձ՝ լեզուներ կը սորվի եւ բացի լեհերէնէն, կատարելապէս կը սորվի անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, ռուսերէն, լատիներէն եւ ռումաներէն լեզուները:
* [[1872|1827]]-ին համալսարանական ուսմունքը կ'աւարտէ ամենափայլուն վկայանակով: Համալսարանի մէջ արդէն ան բանաստեղծական եւ գրագիտական բարձր ընդունակութիւններ ցոյց կու տայ: Կը սկսի ստեղծագործել եւ իր գրութիւնները լոյս կ'ընծայուին Լվուվի զանազան պարբերաթերթերու եւ լրագիրներու մէջ:մէջ։ [[1827]]-ին լոյս կը տեսնէ իր Հնչեակներու (Sonnet) առաջին հատորը, որոնց մէջ նշմարուի զգայուն հոգին:
* [[1831]]-ին վերստին կը հաստատուի իր հայրենական կալուածներուն մէջ, ուր կը սկսի գրել Հայոց պատմութիւնը: Զանազան անակնկալ դէպքեր սակայն արգելք կ'ըլլան շարունակելու եւ աւարտելու նոյն գործը, այնուամենայնիւ կը հրատարակէ մաս մը. «Եւրոպայի Գերմանները Հայոց նկատմամբ» տիտղոսով:
* [[1833]]-ին կ'ամուսնանայ: Իր զաւակներուն ու կնոջ մահէն ետք՝ [[1839]]-ին Յիսուսեանց վանքը կը մտնէ եւ հոն փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական բարձր ուսմունքները աւարտելէ ետք՝ [[1844]]-ին քահանայ կը ձեռնադրուի: Ընտիր առաքեալ մըն էր իր ժամանակին եւ պերճախօս քարոզիչ մը, քաղաքէ քաղաք, գիղէ գիւղ տարածելով Աստուծոյ խօսքը: Իբր ժրաջան առաքեալ յօգուտ հաւատացեալներու եւ ի փրկութիւն անոնց հոգւոց աշխատելէ ետքը [[1852]]-ին ծանր կը հիւանդանայ եւ [[14 Նոյեմբեր]] 1852-ին կ'աւանդէ իր հոգին: Կը թաղուի [[Օպրայ]]ի եկեղեցւոյ մէջ:մէջ։ Անոր գործերը ամբողջութեամբ լոյս տեսած են [[լեհերէն]] լեզուով [[1896]]-ին: Այս գիտուն ազգայինին մասին գրած են Գերմանացիք, Ֆրանսացիք եւ այլք:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==