«Դադի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Դադի''', Խոթայ կամ խութոյ վանք, կը գտնուի Արցախի Խաչեան գռ.ի մէջ, Թաթառ գետի ձախակողմ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

18:56, 28 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Դադի, Խոթայ կամ խութոյ վանք, կը գտնուի Արցախի Խաչեան գռ.ի մէջ, Թաթառ գետի ձախակողմը: Վանքս առաջին անգամ հիմնարկած է, ըստ աւանդութեան, Թադէոս Առաքեալի Դադի անուն աշակերտի անուամբ: Կոչուած նաեւ Խութայ վանք. խութի մը վրայ շինուած ըլլալուն համար: Անյայտ է շինութեան թուականը, վասնզի հետզհետէ նորոգուած է վանքս, եւ իր մէջ գտնուած բազմաթիւ արձանագրութիւնք, վերջին նորոգութեանց եւ շինութեանց յիշատակարաններ են: Արձանագրութեան մը համեմատ, ՈԼԱ (=1182) թուին վանացս վանահայր էր Վախթանկ թագաւորազնի որդի Գրիգոր եպ. առ որ գալով կրօնաւորեցան իր եղբայրն Հասան, եւ եղբօր կինը Մամա թագուհին: Յետոյ ՈԿԳ (=1214) թուին թագաւորազն Վախտանկի բարեպաշտ տիկինը Արզու Խաթուն, չորս սիւներու վրայ կառուցանել կու տայ սրբատաշ քարերով վանացս կից հրաշալի եկեղեցի մը, եւ իր յիշատակարանը գրել կու տայ հարաւային որմի վրայ արտաքուստ: Վանքիս եկեղեցի մը, եւ իր յիշատակարանը գրել կու տայ հարաւային որմի վրայ արտաքուստ: Վանքիս եկեղեցին, ինչպէս ըսինք, եւ գաւիթը Արզու Խաթունը շինել տուած է այն նպատակաւ, որ ծառայէ իբրեւ հանգրուան Վախտանկեան տոհմին: Գաւթի մէջ ամփոփուած են Վախտանկ թագաւորազնի, Արզու Խաթունի, Հասանայ, Գրիգորի, Մամքանայ, եւ Զաքարիա, Աթանաս, Յովհաննէս, Գրիգոր կաթողիկոսներու եւ Սարգիս եպսկ.ի մարմիննարը. ասոնց տապանաքարերը ունին արձանագրութիւններ: Վանքս յաջողաբար Վախտանկեան տոհմէն վրեջ, Դոփեանց տոհմի պայազատներէն շէն մնացեր է: Այս տոհմէն Վահրամ իշխանի որդի Սարգիս եպսկ.ի ձեռքով շինուած է վանացս գեղեցիկ զանգակատունը: Զանգակատան մօտ, արեւելեան կողմէ կան երկու հիանալի ճարտարաքանդակ խաչեր՝ հանդերձ արձանագրութեամբք: - Վասակ նահատակի որդին Գրիգոր եպիսկոպոս, շինած է վանքիս մէջ ուրիշ գաւիթ մը անտաշ քարերով: Հասանի որդին Գրիգոր եպիսկոպոսն ալ շինած է ուրիշ եկեղեցի մը չորս սիւներու վրայ, որ վանքէս քիչ հեռու է եւ կը գտնուի խղճալի եւ անմաքուր դրութեան մէջ: Վանքս ներկայիս միաբան չունի:

Այլեւայլ ժամանակաց մէջ, ինչպէս արձանագրութիւնք կը յայտնեն, զանազան իշխաններէ վանացս նուիրուած ահագին կալուածներն, անտառներեն եւ հողերը յափշտակուած են, եւ վանքս օրաւուր քայքայման եւ աւերման ենթակայ է: Վանացս մօտ ժամանակաւ կար Խոթ անուամբ գիւղ մը, որ ունէր մօտ 300 տուն բնակիչ, որոնք գաղթեր են Երեւանի կողմերը եւ հոն հիմներ Ենիջա գիւղը եւ յետոյ տեղափոխուեր են Շուլավերի կողմերը: Դադի վանքին վար Թարթառի ձախակողմը կայ քարայր մը, որուն մուտքը գետնի երեսէն է: Լուսահոգի Բաղտասար մետրապոլտի կենգանութեան օրով Քէօլանի մահմետական որսորդ մը քօշ մը կը զարնէ որ թաւալագլոր կ’անյայտանայ: Ետեւէն կը հասնի որսորդը եւ կը տեսնէ որ քօշը ընկած միջոց՝ ջարդուեր են այրի բերանի փտած փայտերն, այրի մէջ ընկած է որսը, ուր եւ շարուած կան շատ գրքեր: Որսորդը առնելով գրքերէն մին կ’աճապարէ Շուշի, կը յայտնէ Պաղտասար մետրապոլտին, որ պարգեւ կու տայ որսորդին եւ ձեռագրերը Շուշի փոխադրել կու տայ: Այս գրչագրերու մէջ կայ եղեր ընտիր Մաշտոց մը՝ գրուած Ս. Մեսրոպի աշկերտ Ստեփանոսի ձեռքով որ այժմ կը պահուի Ս. Էջմիածնի մէջ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 575: