«Արսէն Քհնյ. Յարութիւնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Տէր Արսէն Քհնյ. Յարութիւնեան''' բնիկ այնթապցի Տէր Արսէն քհնյ. Յարութիւնեանն է, որուն աւա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

16:29, 8 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Տէր Արսէն Քհնյ. Յարութիւնեան բնիկ այնթապցի Տէր Արսէն քհնյ. Յարութիւնեանն է, որուն աւաղանի անունն ալ Արսէն է, ծնած է Այնթապ 1865-ին:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնթապի ծխական վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք բուռն փափաք ունեցած է բարձրագոյն ուսում ստանալու:

Նիւթապէս ինքզինք գտնելէ ետք կ'ամուսնանայ հայրենակից օրիօրդի մը հետ, Այնթապի մէջ:

Կրթական աշխատանքներու կողքին, ազգային պատասխանատու գործերուն ալ կը լծուի եւ շնորհիւ իր պատրաստութեան, կրթական եւ ազգային մարդին մէջ բերած նորութիւններուն ու մատուցած ծառայութիւններուն, շրջանակին հանրածանօթ կ'ըլլայ ու վարկը կը բարձրանայ:

Իր վարդապետական առաջին պատարագը կը մատուցանէ Քեսապի մէջ: Թեմական այցելութիւնները աւարտելէ ետք, կաթողիկոսին հրաւէրով կը վերադարնայ Սիսի մայրաքաղաքը՝ կարեւոր ժողովի մը ներկայ գտնուելու համար:

Ըստ Բերիոյ Թեմին արխիւներուն, Անտիոք կապուած էր Բերիոյ թեմին, եւ ունէր իր երեսփոխան ներկայացուցիչները Բերիոյ թեմին Գաւառական Ժողովին մէջ:

Ափսո՜ս, որ ժողովական իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք երկար չ'ապրիր. 1909-ին թուրքերուն կողմէ կազմակերպուած հայկական ջարդին զոհ կ'երթայ ոչ միայն ինք, այլեւ Տէր Արենակն ու այլ եկեղեցականներ: Թուրքերը զինք ձերբակալէ ետք նախ մօրուքը կը բռնկըցնեն, ապա բազմաթիւ չարչարանքներու ենթարկելէ ետք կը սպաննեն:

Ան կը նահատակուի 7 Ապրիլ 1909-ին, Աւետեաց տօնին: Իր մասին կը գտնենք հետեւեալ գրութիւնը.-«Երջանկայիշատակ հովիւէն շատ բան կը յուսացուէր Անտիոքի վիճակը րարւոքելու եւ կազմակերպելու համար: Ինչպէս Վարդանան խումբին Արսէնը, ինքն ալ նոր Վարդանանցի կ'ընկերանար իր նահատակութեամբ: Օրհնեա՜լ ըլլայ իր յիշատակը»Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 75-78։:

Ծանօթագրութիւններ