«Կրէկ Պենտեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
(edited with ProveIt)
(Տարբերութիւն չկայ)

11:20, 3 Նոյեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կրէկ Պենտեան (անգլերէն՝ Gregg Bendian, ծնած՝ 13 Յուլիս 1963, Նիւ Ճըրզի), ամերիկահայ երաժիշտ, ճազահար:

Կենսագրութիւն

Կրեկ երբ եօթ տարեկան էր, ընտանիքը՝ մինչեւ Թինէք (Նիւ Ճըրզի) տեղափոխուիլը, կ՛ապրէր Ֆէյր Վիու (Նիւ Ճըրզի): Ան հասակ նետած է երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ, ուր շարունակ երաժշտութիւն կը հնչէր: Ծնողները, Մարթին եւ Փաթրիսիա, լաւ ունկնդրողներ էին. հետեւաբար ան մանուկ հասակէն կը խորանայ երաժշտութեան մէջ: Ան կը լսէ Ֆրենք Սինաթրա, Չայքովսկի մինչեւ Մայլզ Տէյվիս եւ Պիթըլզը[1]:

Պենտեան ընտանիքին Թինէք տեղափոխուիլը մեծ դեր կ՛ունենայ Կրեկի ապագայ երաժշտական զարգացման ուղիին մէջ. ուր կար դպրոցական գերազանց համակարգ եւ լաւապէս մշակուած արուեստի ծրագիրներ:[1]:

Երաժշտական կեան եւ Ցեղասպանութիւն

Պենտեան 1984-էն կը սկսած իր անձնական երաժշտութիւնը ներկայացնել “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունով: Ան կը նուագէ անուանի երաժիշտներու հետ՝ Նելս Քլայն, Փաթրիք Պրիւս Մեթընի, Սթիւ Հանթըր եւ Կերի Լուքաս եւ ուրիշներ[2]:

Կրէկ Պենտեանի 1996-ին լոյս կ'ընծայէ ձայնասկաւառակ մը, որ կը կրէ “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունը: Կրկնորդը կ՛ընդգրկէ վեց ստեղծագործութիւն, որուն երրորդ երաժշտական կտորը կը կրէ “Աֆթըր Չոմաքլու ուազ է տեզըրդ“ (“After Chomaklou was a desert“, Threnody to the Victims of The Armenian Genocide)[3], “Չոմախլուն անապատ դառնալէ ետք“ (Ողբ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն) “թաղումի երգ“ խորագիրը:

Կրէկ Պենտեանի վերոյիշեալ երաժշտութիւնը, ազատ ճազի ոճով յօրինուած մշակում մըն է: Կրէկի կը բացատրէ, որ “Աֆթըր Չոմքալու ուազ է տեզըրդ“ գործը, գործիքաւորուած երաժշտութեան կտոր մըն է, որ ձայնի եւ ձայնանիշներով պատկեր մը կը գծէ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ իր մեծ հօր անունը Գրիգոր Պենտեան է, որ տարագրուած էր իր ծննդավայրէն` Չոմախլուէն[4]:

Ծանoթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ