«Յարութիւն Աւգերեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Աւգերեան Հ. Յարութիւն''', լեզուագէտ եւ թարմանիչ (1774-1854) Վենետկոյ Մխիթարեան, ծնած է 1774 Յ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

13:27, 6 Մարտ 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Աւգերեան Հ. Յարութիւն, լեզուագէտ եւ թարմանիչ (1774-1854) Վենետկոյ Մխիթարեան, ծնած է 1774 Յունիսին Անգարա, 1786ին Վենետկոյ, Ս. Ղազարու վանքը կը հասնի իր երէց եղբօր քով, եւ 1798ին քահանայ կը ձեռնադրուի:

Հ.Յ. Աւգերեան իր կեանքը գրեթէ ամբողջ վանքին մէջ անցուցած է, քահանայութենէն երկու տարի ետք Դրանսիլվանիա կը ղրկուի, ուր ազգայնոց մէջ քանի մը տարի քարոզիչ եւ դաստիարակի պաշտօն վարելէ ետք Ս. Ղազար կը դառնայ: Երկու անգամ Լոնտոն գացած է քիչ ժամանակուան համար, նոյնպէս եւ Հռոմ, ուր ներկայ եղած է Գրիգոր ԺԶ. Քահանայապետին ընտրութեան:

Վանքին մէջ գլխաւոր պաշտօնն եղած է՝ հիւընկալել վանքն այցելողները եւ սիրելի եղած է բոլոր օտարներուն իր զուարթ բնաւորութեամբ:

Իր եցէց եղբօր (Հ. Մկրտիչ Աւգերեան) նման աշխատած է ծանօթացնել հայ ազգը Եւրոպայի իր պատուական աշխատասիրութիւններով: Հայրը Յ. Աւգերեանի անունը շատ սերտօրէն կապուած է հռչակաւոր Լորտ Պայրընի հետ: Անգղիացի քերթողը երբ 1816ին Վենետիկ գալով Ս. Ղազար այցելեց, իբրեւ քաջ անգղիագէտ Հ. Յ. Աւգերեան ընդունեց զինք, եւ բնական էր որ երբ մեծ քերթողը հայերէն ուզեց սորվին՝ իրեն ուսուցիչ Հ. Յարութիւնը պիտի ընտրէր:

Շատ անգղիացիներ, լսելով որ Պայրընը հայերէն սորված է՝ իրենք ալ հետեւած են անոր, դասատու ունենալով մի՛շտ Հ. Յարութիւնը որ Պայրըն հետ, վարժապետ եւ աշակերտ՝ քերականութիւն մը պատրաստեց որոնք քանի մը անգամ տպագրուեցան:

Հ. Աւգերեան քերականութենէն յետոյ ձեռնարկեց Անգղ. եւ Հայ ու Հայ եւ Անգղ. բառգիրքներուն ձեռնտուութեամբ եւ արդեամբք Յովհ. Պրէնտ հայերէնագէտ անգղիացւոյն: Հ. Աւգերի անդրանիկ հրատարակութիւնն եղած է Բառարան համառօտ ի գաղղիականէ ի հայ, տպուած 1812ին (մօտ 600 էջ), որ 1840ին կրկին տպագրութեան արժանացաւ: 1816ին լոյս ընծայեց Բառարան համառօտ ի հայէ ի գաղղիական, 700 էջ: 1817ին լոյս ընծայեց Քերականութիւն անգղիական եւ հայերէն: 1819ին՝ Քերականութիւն հայերէն եւ անգղիական որ երրորդ տպագրութեան արժանացաւ: 1824ին՝ Բառարան Հայերէն եւ Անգղիական, որուն համառօտը տպագրուեցաւ 1825ին ի Կալաթա: Հ. Աւգերեան ունի դեռ իտալերէն, Ֆրանսերէն լեզուով գրքոյկներ վանքը եւ մեր ազգը օտարներուն ճանչցնելով նպատակաւ: 1821ին հրատարակած Բացատրութիւն չափուց եւ կշռոց նախնեացը, եւ թարգմանած է Միլտոնի Դրախտ կորուսելաը՝ արձակ, գրաբար եւ լոյս ընծայած է Ն. Լամբրոնացւոյ Ատենաբանութիւնը:

Հայր Աւգերեան բաց ի հայերէնէն եւ տաճկերէնէն, գիտէր՝ յունարէն, եբրայեցերէն, լատիներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլիերէն, հունգարերէն եւ գերմաներէն: «Հարազատին նման, կը գրէ Հ. Սարեան Հ. Յարութիւն եւս՝ վանական կառավարութեան մէջ երկար տարիներ գործակցութիւն ունեցած է, քսան տարւոյ չափ ընդհանրական քարտուղարի եւ առաջիկայի պաշտօն վարելով, ինչպէս որ Եղբօրը վիճակին վրայ նախանձելով ետեւէն թռեր հասեր էր վանք՝ թողլով հայրենի գիրկը, նոյնպէս անոր մահուընէն 8 ամիս վերջը՝ նոյն գեղեցիկ նախանձով վառուած, կը թռչէր դարձեալ անոր ետեւէն դէպի երկինք, 81 տարեկան՝ ծանրաբեռն ամօք եւ արդեամբք (24 Նոյեմբեր 1854ին Ս. Ղազարու մէջ): Հ. Յ. Աւգերեանի մահուան առթիւ գրուած է «Բազմավէպ»ի մէջ 1854 էջ 376:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 323: