Grey's Anatomy Ամերիկեան բժշկական տրամա եւ կատակերգական հեռուստաշար մը, որ կը սփռուի American Broadcasting Company (ABC) կայանէն 27 Մարտ, 2005 թուականէն սկսեալ,

Պատմութիւն Խմբագրել

Հեռուստաշարին պատմութիւնը կը ներկայացնէ գործողութիւ

ն ընող բժիկներու հիւանդանոցի ներքին կեանքը , պաշտօնավարող բժիշկներու եւ պատասխանատու բժիշկներու առօրեան, որոնք ժամանակի ընթացքին իրենց գիտելիքները կը շատցնեն հիւանդանոցէն ներս, ինչպէս նաեւ կը փորձեն իրենց ընտանեկան ու ընկերային կեանքը կարգի բերել:

Վերնագիրը առնուած է Gray's Anatomy մարդու անադոմիայի դասական դասագրքէն: Հեռուստաշարը ստեղծուած է Շոնտա Ռայմզի կողմէ, որ նաեւ հեռուստաշարի արտադրիչն ալ է՝ Պէթսի Պիրզ, Մարք Կորտըն, Քրիսթա Վէրնոֆ, Ռոպ Քորն, Մարք Ուայլտինկ, եւ Ալըն Հայնպըրկի հետ, մինչև 2015-ին հեռանալը: Հետագայ սեզոններուն Սթիւ Մալհոլանդը, Քենթ Հոդերը, Նենսի Բորդսոնը, Ջէմս Դ. Փերիոթը եւ Փիթեր Հորթոնը նոյնպէս եղած են գործադիր արտադրողներ, ընդ որում Ալլան Հայնբերգը միացեր է ծրագրին 2006 թուականին այս դերով: Ութերորդ սեզոնի դրութեամբ գործադիր արտադրողներն էին Ռայմսը, Բիրսը, Գորդոնը, Վերնոֆը, Քորնը, Ուայլդինկը եւ Հայնբերկը։

Թեպէտ հեռուստաշարը Սիաթըլի մէջ կը համարուի երեւակայական Grey-Sloan Memorial Hospital հիւանդանոցին մէջ (նախապէս Seattle Grace-Mercy West), ան իրականութեան մէջ կը նկրահանուի Լոս Անճէլըս, Քալիֆորնիոյ մէջ։ Սկզբնականօրէն հեռուստաշարը պիտի անուանուէր Complications նկատի ունենալով հեռուստաշարին մէջ եղած բարդ գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ ալ աւելի բարդացած բժիկներուն կեանքը:

Հեռուստաշարին բոլոր կերպարները կը պատկանին զանազն ազգութիւններու, անոնք բոլորը միասին եւ հաւասարապէսգործած են: Նիւթը կը դառնայ տքթ. Մէրէտիթ Կրէյի շուրջ՝ դերը ստանձնած է Էլըն Փոմփէօն: Հեռուստաշարին գլխաւոր դերասաններն են՝ Էլըն Փոմփէոօ, Սանտրա Օհ, Քաթրին Հէյկլ, Ճասթին Չէյմպըրզ, Թ. Ռ. Նայթ, Չանտրա Ուիլսըն, Ճէմզ Փիքընզ, Իսայահ Ուաշինկթըն եւ Փաթրիք Տէմբսի: Գլխաւոր դերասանական կազմը շատ մը փոփոխութիւններու ենթարկուած է ժամանակի ընթացքին, նեռարեալ կարգ մը դերասաններու հեռուստաշարի լքումը եւ ուրիշներու կերպարի ստանձնումը: Հեռուստաշարը իր 12-րդ եղանակին ունէր 16 գլխաւոր դերեր, որոնցմէ 4 հատը սկիզբէն գլխաւոր դերասաններն էին: 3 Մարտ, 2016-ին, ABC կայանը յայտարարեց, թէ Grey's Anatomy հեռուստաշարը ունեցաւ 13-րդ եղանակ մը, որուն հեռարձակումը սկսաւ 22 Սեպտեմբեր, 2016-ին[1]

Grey's Anatomy հեռուստաշարը ամէնէն լաւ ձեւով վարձատրուած հեռուստաշարներէն մէկն է՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս: Թեպէտ վերջին քանի մը եղանակներու դիտողներու թիւը պակսած է, ան եղած է ԱՄՆ-ի ամէնէն շատ դիտուած հեռուստաշարներէն մէկը: Grey's Anatomy հեռուստաշարը քննադատներու կողմէ սիրուած հեռուստաշար մըն է, որուն պատճառաւ ալ շատ մը հեռուստաշարային մրցանակներու արժանացած է. այդ մրցանակներէն են 2007Ոսկէ Երկրագունդի մրցանակներէն Golden Globe Award for Best Television Series – Drama մրցանակը, բազմաթիւ Primetime Emmy Award մրցանակափաշխման պաշտօնակարգումներ, ներառեալ երկու հատ Primetime Emmy Award for Outstanding Drama Series: Հեռուստաշարը տարբեր տեսակի յատուկ դրուագներ ունեցած է, նաեւ բոլոր եղանակները հեռարձակուած է DVD-ի շարքերով եւ ունեցած է իր հետ կապ ունեցող շատ մը արտադրութիւններ, ինչպէս շապիկներ, հագուստներ, պուպրիկներ, եւ այլն: 2012-ին Grey's Anatomy հեռուստաշարը անուանուած էր 5-րդ ամէնէն շատ վճարուած հեռուստաշարը դադարի ծանուցումներու պատճառով:

Եղանակներ Խմբագրել

Առաջին Եղանակ Խմբագրել

Դրուագ 1 Խմբագրել

Մէրէտիթ Կրէյ (Էլըն Փոմփէօ) կը սկսի աշխատիլ Seattle Grace Hospital հիւանդանոցին մէջ իբրեւ գործողութիւն կատարող, ուր պիտի անցընէր իր կեանքին յաջորդ 7 տարիները: Գործի անցնելէ ժամեր ետք կը տեսնէ, թէ այդ անձը որու հետ սիրային յարաբերութիւն ունեցած է միայն մէկ անգամուան համար՝ իր վարպետն է եւ գլխաւոր բժիշկը Տէրըք Շէփըրտ (Փաթրիք Տէմփսի). Փրէսթըն Պըրք (Իսայա Ուաշինկթըն), սրտի հետ կապակցող գործողութիւններու պատասխանատուն, կը նշանակէ Ճորճ Օմէլի (Թ. Ռ. Նայթ) որպէսզի կատարէ իր առաջին գործողութիւնը (կուրաղիքի բառնում), որմէ իր առաջին ածականը կու տայ՝ 007:

Դրուագ 2 Խմբագրել

Մէրէտիթ Կրէյ կը փնտռէ իրեն յարմար սենեկակից մը որու հետը պիտի ապրի իր մօր հին տան մէջ։ Ան նաեւ բռնաբարութեան զոհի մը հոգատարութեամբ կը զբաղի եւ նաեւ կը գտնէ նորածին մը, որ հիւանդութենէ մը կը տառապի: Իզի Սթիվընզ (Քաթրին Հէյկլ) կ'օգնէ Չինացի կինոջ մը, որու պատանի աղջիկը պէտք ունի օգնութեան, սակայն փախստական է եւ իրաւունք չունի հիւանդանոց մտնելու: Շէփըրտ եւ Պըրք կը վիճին բժշկական յարկաբաժինի պատասխանատւութեան եւ պատասխանատուի պաշտօնին վրայ:

Դրուագ 3 Խմբագրել

Նորեկ բժիշկներուն միջեւ մրցում մը կը սկսի երբ հեծանիւներուն անօրէն ձեւով քշելու մրցում մը տեղի կ'ունենայ եւ բժիշկներուն մեծ քանակով «յաճախորդներ» կու գան: Իզիին բաւական երկար ժամանակ կը տեւէ որպէսզի գտնէ մահամերձ վիրաւորի մը ընտանիքը, եւ միւս կողմէն Քրիսթինա Ենկ(Սանտրա Օհ) կ'ուրախանայ, թէ բոլոր օրկանները կրնայ նուիրել իր ընտանիքը ուրիշներու: Միրանտա Պէյլի (Չանտա Ուիլսըն) կը սորվեցնէ Քրիսթինային, թէ միշտ բժշկական չեն հիւանդանոցի հարցերը, այլ պէտք է զգացականօրէն հասկնալ ընտանիքի մը իրավիճակը երբ իրենց հետ կը վարուինք: Հիւանդ մը որ տքթ. Պըրքի ընկերն է անուշ խօսքեր կը նուիրէ Ճորճին:

Դրուագ 4 Խմբագրել

Երբ Seattle Grace հիւանդանոցի նախկին հիւանդապահուհիներէն մէկը կը մտնէ հիւանդանոց՝ Քրիսթինան կը դառնայ իր պատասխանատու բժիշկը եւ ժամանակի ընթացքին նաեւ իր մտերիմը: Հիւանդ մը որ կը ճանչնայ Իզիին իր գեղեցկուհիի նկարահանումներու տարիներէնչուզեր որ Իզին իրեն բուժէ: Մէրէտիթը եւ Շէփըրտը կը բուժեն գործաւոր մը, որուն գլխուն 7 կտոր գամ մտած է, անոնք զարմանալիօրէն կը յաջողին բոլորովին բուժել զինք, սակայն կը գտնեն քաղցկեղի նշոյլներ ուղեղին մէջ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ որ ան կորսնցնէ իր յիշողութիւնը: Ալէքս Քարեւ (Ճասթըն Չէյմպըրզ) կը վարկաբեկէ Իզին բազմութեան մը առջեւ, սակայն Իզին կը յաջողի ինք զինք փաստել որպէս զօրաւոր եւ յաջող ձեւով կը լռեցնէ անոր:

Դրուագ 5 Խմբագրել

Իզին կը կազմակերպէ խրախճանք մը իր շատոնց չտեսած ընկերոջ համար: Մէրէտիթ կը վախնայ, թէ գործողութեան մը ընթացքին սխալմունքի մը պատճառը ինքն էր եւ յանցաւոր կը զգայ: Խրախճանքի ընթացքին Պէյլին կը տեսնէ Շէփըրտն ու Մէրէտիթը միասին երբ անոնք սիրային յարաբերութիւն կ'ունենային: Քրիսթինան եւ Պըրքը սիրային յարաբերութիւն կ'ունենան հիւանդանոցի հիւանդապահներուն ննջասենեակին մէջ:

Դրուագ 6 Խմբագրել

Երբ Մէրէտիթ կը զատուի իբրեւ գործողութեան մը օգնական Շէփըրտի կողմէ, Պէյլի կը կարծէ, թէ ան միայն կ'ընտրուի, որովհետեւ մօտ է Շէփըրտի հետ եւ կը սկսի վատօրէն վարուիլ Մէրէտիթի հետ: Ալէքսը կը ստանձնէ մեծ ուռով հիւանդ մը, որու հետ կը մտերմանայ, սակայն անոր մասին բամբասելէ ետք, հիւանդը չուզեր ալ իր երեսը տեսնել:

Դրուագ 7 Խմբագրել

Շէփըրտը գիշեր մը կ'անցնէ Մէրէտիթի տանը մէջ, ինչ որ կը փորձեն գաղտնի պահել տնեցիներէն, սակայն կը ձախողին: Ճորճը արտայայտուելով կը մեղադրէ բժիշկներէն մէկուն, որ ան ալքոհոլ խմած վիճակով եկած էր գործողութիւն մը ընելու, բայց այդ խօսքը լսելէ ետք պատասխանատու բժիշկներէն մէկը զինք կը վտարէ գործողութեան մասնակցելէ: Ալէքսը պատասխանատու կը դառնայ հիւանդի մը, որու հաճելի կը թուի ցաւը: Քրիսթինան հարբուխ կ'ըլլայ, սակայն յետոյ կ'իմանայ, թէ ինք յղի է:

Դրուագ 8 Խմբագրել

Ալէքս կը դառնայ պատասխանատու առաքելական հրեայ պատանի աղջկայ մը, որ կ'ընդդիմանայ եւ կը մերժէ գործողութիւն ունենալ, երբ կ'իմանայ, թէ գործողութեան մաս կազմող մարմնի անդամներէն մէկը ինքն է, կու գայ: Քրիսթինան հարցեր կ'ունենայ հասկնալու համար, որ գաղցկեղէ կը տարապի եւ յղի է, սակայն բուժումը կը մերժէ եւ կը նախընտրէ պահել զաւակը: Իզին կը հիանայ հիւանդի մը ապագան կարդալու կարողութեան վրայ:

Դրուագ 9 Խմբագրել

Երբ խումբ մը բժիշկներ եւ հիւանդապահներ կ'ունենան սիրային յարաբերութենէ եկած հիւանդութիւն մը, նեռարեալ Ճորճը, տքթ. Ոպէպըր կ'ունենայ արագընթաց ժողով մը իրենց հետ խօսակցելու համար: Մէրէտիթը զարմանքի առջեւ կը գտնուի, երբ Շէփըրտի նակքին օրերէն մէկը կու գայ իր մօտ:

Երկրորդ Եղանակ Խմբագրել

Դրուագ 1 Խմբագրել

Գինետան պատասխանատու Ճո պէտք կ'ունենայ գործողութիւն մը, որ շատ սուղ էր իրեն համար եւ որեւէ մէկ ձեւով պիտի չկարենար վճարել: Թեպէտ Մէրէտիթի անհանգստութեան, Ատիսըն կը կանչէ զինք որպէսզի հիւանդի մը օգնական բժիշկը ըլլայ։ Տքթ. Ուէպըրը հրահանգ կու տայ Ճորճին, որպէսզի ան ըլլայ իր «աչքն ու ականջը» մինչեւ, որ ան կարենայ բոլորովին բուժուիլ եւ դուրս գալ հիւանդանոցի իր սենեակէն: Քրիսթինան կ'ըսէ Մէրէտիթին իր յղութեան մասին, սակայն չի յայտներ հօր ով ըլլալը: Իզիի եւ Ալէքսի զգացական կապերը կը զօրանան, երբ Ալէքս ցոյց կու տայ իր յուզումնային բաժինը:

Դրուագ 2 Խմբագրել

Ատէլ, Տքթ. Ուէպըրի կինը, կու գայ հիւանդանոց տեսնելու համար իր ամուսինը, որ տակաւին կը բուժուէր: Քրինսթինան ու Մէրէտիթը բաւական երկար ժամանակ կը խօսակցին ինչ որ զիրենք կը մտահոգէր սիրողներու առումով: Ամբողջ օրը հիւանդապահուհի Օլիվիայի հետ աշխատելէ ետք Ճորճ վերջապէս կ'արտայայտուի ըսելով, թէ ան կը սիրէ ուրիշը: Ալէքսն ու Իզին ստանցնած են ինքնաշարժի արկածի մը վիրաւորները, որոնց մէջ կայ հայր մը, որ ապրելու համար պէտք ունի իր տղուն լեարդին . Տղան երկար ժամանակ կը տատամսի, որովհետեւ իր հայրը միշտ կը ծեծէր զինք ու իր մօր: Պէյլին կը լուծէ տղու մը հարցը, որ 10 հատ պուպրիկի գլուխ կլլած էր:

Դրուագ 3 Խմբագրել

Էլիս Կրէյ կը բերուի հիւանդանոց դեռեւս ուղեղային բորբոքում ունենալու քննութիւններու համար, երբ նաեւ բոլոր Մէրէտիթի հետ աշխատողները կը գիտնան, թէ իր մայրը Ալզհայմըրի հիւանդութենէն կը տառապի: Ճորճը պատասխանատու կը դրուի իր պարագային հսկելու, սակայն իր գործը կը դժուարանայ երբ Էլիսը կը կարծէ, թէ Ճորճ իր ողորմած ամուսին Թաչըրն է: Ալէքսն ու Իզին կը բուժեն պատանի աղջիկ մը, որ աւելորդ շիկնումէ կը տառապի եւ պէտք ունի գործողութեան մը: Իզին կը պաշտպանէ Ալէքսը երբ անոր կը հարուածեն իր ընկերները: Քրիսթինան կը մարի գործողութեան սենեակին մէջ եւ Էտիսընը պէտք էր, որպէսզի դուրս հանէր իր փալոպեան ցնցուղը, ինչ որ միամսեայ զաւակին մահուան պատճառ պիտի դառնար: Մէրէտիթը կ'արտայայտուի Շէփըրտի առջեւ ըսելով, թէ ատելը շիրեն շատ յոգնեցուցիչ է եւ այլ եւս չ'ուզեր այն ատելութիւնը շարունակել:

Դրուագ 4 Խմբագրել

Քրիսթինան տակաւին կը բուժուի իր գործողութենէն երբ իր մայրը կ'այցելէ: Ան կը մերժէ մնալ բուժման սենեակ, ան դուրս կ'ելլէ եւ Պըրքի ու Իզիի պատասխանատութեան տակ հիւանդին կը ստուգէ առանց հրամանի: Ամբողջ օրը ինքզինք հանգիստ ցոյց տալէ ետք, ժամերով կու լայ Քրիսթինան առաջին անգամ ըլլալով: Ատիսընը Շէըրտի կու տայ ամուսնալուծման թուղթեր ստորագրուելու համար, բայց ան կը տատամսի թէ ստորագրէ՞ կամ ոչ: Ալէքսը Իզին դուրս կը հրաւիրէ ընթրիքի, նաեւ ան կ'իմանայ, թէ իր դիմած քննութիւններէն մին ձախողած էր եւ պէտք է կրկնէր, եւ եթէ երկրորդ անգամ ալ ձախողի, պիտի ստիպուի լքել հիւանդանոցը: Պէյլին կը ստանձնէ հիւանդ մը, որ իր հիւանդը եղած է երկար տարիներու ընթացքին եւ մօտ է իր հետ: Էլիս տակաւին հիւանդանոցին մէջն է, եւ միշտ կը կարծէ, թէ ինք հոն կ'աշխատի իր հիւանդութեան պատճառաւ: Ճորճը Էլիսի պատասխանատու կը նշանակուի, սակայն անընդհատ կը կորսնցնէ զինք:

Դրուագ 5 Խմբագրել

Մէրէտիթը եւ Տէրըք Շէփըրտը կը ստանձնեն հիւանդ մը, որ շուտով գործողութեան պէտք ունի, սակայն խիստ կրօնքի հետեւող հայրը կը պնդէ, թէ նախ պէտք ունին կրօնականի մը, որպէսզի վրան աղօթէ եւ «ետ բերէ իր ոգիները իր մէջ»: Ճորճն ու Ալէքսը կը կախուին վերելակին մէջ հիւանդի մը հետ, որ փամփուշտ մը ստացած էր եւ արագընթաց գործողութեան պէտք ունէր փամփուշտը սրտին մօտ ըլլալուն պատճառաւ: Պըրք կը ստիպէ իրենց, որպէսզի գործողութիւնը կատարեն վերելակին մէջ, որովհետեւ վերելակը շինուելու համար երկար ժամանակ կ'ուզէր եւ իրենք այդքան ժամանակ չ'ունէին: Տէրըք տակաւին չէր որոշած ամուսնալուծուիլ՝ Մէրէտիթն ալ կ'աղաչէ որ իրեն զատէ:

Դրուագ 6 Խմբագրել

Մէրէտիթը գինետան մէջ կը սպասէ Տէրըքին պատասխանը, թէ ան իրե՞ն պիտի զատէ, թէ պիտի որոշէ մնալ իր նախկին կնոջ Ատիսընի հետ, սակայն այս մտածումները կ'ընդհատուին երբ մեծ շոգեկառք մը, որուն մէջ շուրջ 300 հոգի կար արկածի մը կը հանդիպի, որուն պատճառաւ ալ բոլոր բժիշկները ետ կը կանչուին հիւանդանոց: Երկու հիւանդներ դաժանօրէն վիրաւոր էին, որովհետեւ երկար երկաթի կտոր մը մտած էր իրենց երկուքին մարմինին մէջ եւ իրենց կախած էր այդ եկաթին վրայ՝ անբաժան: Բժիշկները այդ պարագային դժուար որոշում մը կ'առնեն, որովհետեւ միայն մէկ հոգին կրնար ողջ մնալ այդ երկաթը հանելու գործողութեան ընթացքին։ Մէրէտիթը կ'իմանայ, թէ Տէրըքը զատած էր Ատիսընը: Ալէքս չի նշմարեր, թէ իր հիւանդներէն մէկուն բարեկամը ներքին արիւնահոսութիւն կ'ունենար որու արդիւնքը կ'ըլլայ այդ բարեկամին անակնկալ մահը: Ատիսըն եւ Իզի կ'աշխատին երկու յղի եւ մտերիմ ընկերուհիներու վրայ։ Ատիսըն կը տեսնէ, թէ Իզին փայլուն ապագայ կրնայ ունենալ ծննդաբերութեան բժշկական մարզին մէջ եւ կ'առաջարկէ Իզիին, որպէսզի ան դառնայ իր անձնական ուսուցիչը: Իզին ինքզինք կը գտնէ դժուար կացութեան մը մէջ, ընտրէ Ատիսըն եւ իր գործը՞, թէ իր ընկերութեան հաւատարմութիւնը:

Դրուագ 7 Խմբագրել

Քրիսթինան, Իզին ու Մէրէտիթը կը ստանձնեն, առանց հրամանի, Շէյն անունով տղու մը պարագան, որ կը կարծուի, որ ան յղի է, ինչ որ կը հիացնէ ամբողջ հիւանդանոցի աշխատողները : Մէրէտիթ կը ջղայնանայ, որովհետեւ բոլոր հիւանդանոցի ներկաները կը վարուին Շէյնի հետ կարծես ան կենդանաբանական պարտէզի ցուցադրութիւն մըն է: Ան նաեւ կը հասկնայ Շէյնի վիճակը, որովհետեւ բոլոր հիւանդանոցի իր եւ Տէրըքի յարաբերութեան մասին կը խօսին: Պատանի աղջիկ մը, որ Ալէքսի պատասխանաուութեան տակ է, դաս կ'ըլլայ իրեն, թէ երբ գործ մը սկսի՝ պէտք չէ կէս ձգէ, եւ թէ Ալէքս առողջ է ու կրնայ բոլոր կէս ձգածները շարունակել: Այս հիւանդէն ներշնչուելով՝ Ալէքս կ'երթայ Իզիի քով եւ առանց բան մը ըսելու կը համբուրէ զայն:

Դրուագ 8 Խմբագրել

Տէրըք եւ Ատիսըն իրենց ունեցած յարաբերական դժուարութիւններուն ընթացքին իրենց ընկերները կու գան հիւանդանոց Մանհաթընէ, որոնցմէ կինը կ'ուզէ իր կուրծքերն ու արգանդը հանել փախչելու համար արգանդի եւ կուրծքի քաղցկեղէ: Ճորճ չի հասկնար ինչու 5 հարկէ ինկող եւ ազատող անձը ուրախ չէ իր կեանքով: Ծեր ամուսին մը իր կնկան կ'ուզէ չըսել, թէ ան միայն 4-6 ամիս ունի ապրելու: Քրիսթինան ու Պըրքը միասին ընթրիքի կ'երթան: Տքթ. Ոպէնըրըր կը զարմանայ, թէ ինչու Պէյլին չի ստորագրեր այն համաձայնագիրը, որ կ'ըսէ, թէ ան պիտի շարունակէ աշխատիլ հիւանդանոցին մէջ, սակայն կ'իմանայ, թէ Պէյլի յղի է:

Դրուագ 9 Խմբագրել

Գոհաբանական Օրուան (Thanksgiving)ի համար բոլոր բժիշկները ազատ օր կը ստանան: Իզին կը ծրագրէ փառաւոր ընթրիք մը իր մտերիմ բժշկական կազմին համար: Ճորճը, ըստ ընտանեկան աւանդութեան, հնդկահաւ որսալու կը մեկնի իր հօր ու եղբայրնեորւն հետ: Մէրէտիթը Իզիին ընթրիքի պատրաստութիւններուն օգնելու փոխարէն, ան կ'երթայ աւելորդ աշխատանքի ու գործի՝ հիւանդանոց. ան կ'օգնէ 16 տարիէ ի վեր անդամալուծուած հիւանդի մը: Պըրք կ'օգնէ Իզիին ընթրիքի պատրաստութեան մէջ։ Հազիւ Իզին պիտի հասկնար, թէ ոչ ոք պիտի գայ ընթրիքին՝ Ալէքսը, Ճորնս ու Քրիսթինան շուտով կու գան, մինչդեռ Մէրէտիթը իր Գոհաբանական Օրուայ գիշերը կ'անցընէ Ճոյի գինետան մէջ:

Դրուագ 10 Խմբագրել

Մէրէտիթը չափազանց կ'ամչնայ երբ իր սիրաբանած անձը մէկ անգամուան համար, կը ներկայանայ հիւանդանոց, որովհետեւ իր առնանդամին հետ հարց մը ունեցած է: Իզի, Ատիսըն եւ Տէրըք կը ստանձնեն կնկայ մը պարագան, որ հինգ հատ զաւակ պիտի ծննդաբերէ, եւ այդ հինգէն երեքը, կը տեսնուի, թէ հիւանդագին հարցեր ունին եւ շուտով գործողութիւն մը պէտք է: Ալէքսը կը մերժէ Իզիին անուղղակիօրէն: Ալէքս սխալ չափով դեղ կու տայ իր ստանձնած հիւանդներէն մէկուն: Քրիսթինան վերջապէս ցոյց կու տայ իր տունը Փրէսթընին (Պըրք):

Դրուագ 11 Խմբագրել

Քրիսթինան կը մօտենայ բանտարկեալ վիրաւոր Քոնսթընս Ֆըրկուսընի հետ եւ անոր կը փորձէ օգտակար դառնալ, որովհետեւ ան ինք զինք վնասած էր, որպէսզի բանտէն քիչ մը դուրս հանեն զինք: Բոլոր պատասխանատու բժիկները մօտէն կը հետեւին այդ հինգ հատ զաւակ ունեցող փոքրերուն եւ իրենց առողջապահական պայմաններուն: Իզիին ջղայնութիւնը Ալէքսի հանդէպ կը հասնի շատ բարձր հանգրուանի մը: Ատիսըն կ'որոշէ դաս մը սորվեցնել Իզիին, դաս մը, որ Տքթ. Ուէպըրը իրեն սորվեցուցած էր, ինչ որ կ'ընդգրկէր սորվեցնել չկապուիլ հիւանդներուն հետ:

Դրուագ 12 Խմբագրել

Պատանի տղայ մը սրտի փոխառկումի մը պէտք ունէր, սակայն չէր ուզեր. որու պատճառաւ ալ Պըրք եւ Քրիսթինա կը վիճաբանին եւ փիլիսոփայական հարցեր կը ծագի իրենց միջեւ եւ իրենց հաւատքին միջեւ։ Տարբեր բժիշկներ կ'օգնէին Ալէքսի քննութիւն սորվելու, սակայն երբ Իզին այս կ'իմանայ, դաւաճանուած կը զգայ, սակայն Մէրէտիթ իր հետ կը խօսի, եւ կը հասկցնէ, թէ այս չէ կաղանդի ուրախ ոգին: Պըրք ուղեղի գործողութիւն մը կը կատարէ Հրէայ-Քրիստոնեայի մը վրայ, որ հարցեր կը ստեղծէ:

Դրուագ 13 Խմբագրել

Տքթ. Ուէպըր կը ստիպէ, որ բժիկները շաբաթը որոշ ժամէ աւելի չեն կրնար աշխատիլ: Տէրըք կ'ուզէ աւելցնել Մէրէտիթը իր գործողութեան կազմին մէջ, սակայն Մէրէտիթ կը մերժէ, որուն պատճառաւ Տէրըք կը ստիպուի դիմել Տքթ. Ուէպըրին: Իզին կամաց արդէն կը մոռնայ իր ունեցած զգացումները Ալէքսի հանդէպ, երբ նաեւ կը սկսի ընկերանալ իր հիւանդներէն մէկուն՝ Տէնի Տուքուէթին, որ նոր սրտի կարիքը ունէր: Պէյլի կ'երթայ Տէնիին նոր պատրաստ սիրտը բերելու Քրիսթինային հետ: Ճորճն ու Ատիսընը կ'օգնեն պատանի տղու մը իր հիւանդապահական հարցերուն շուրջ:

Դրուագ 14 Խմբագրել

Մէրէտիթ ու Քրիսթինա կը ստեն իրար իրենց սիրային կեանքին գծով: Քրիսթինան կը ջղայնանայ Տէրըքին ըրածներուն համար, ինչ որ կը ձգէր Մէրէտիթի զգացումներուն արթննալուն: Քրիսթինան կը սկսի ապրիլ Պըրքին տունը: Ճորճը կը ստանձնէ հիւանդ ծերունի կին մը, որ կը մերժէր լքել հիւանդանոցը, որովհետեւ հիւանդանոցէն դուրս իր կեանքի պարագաները վատ են: Ուտելու մրցոյթներու մասնակից մը կը ներկայանայ հիւանդանոց, որովհետեւ ան պատրուածք մը ունի ստամոքս տանող փողին մէջ։ Ալէքս կը վախնայ իր քննութեան արդիւնքներէն, որուն արդիւնքը կ'ըլլայ թուղթը տալ Իզիին, որ ան բանայ:

Դրուագ 15 Խմբագրել

Մէրէտիթ ետ կեանքի կը բերէ հիւանդ մը որ կը մեռնէր, սակայն կ'իմանայ, թէ այդ հիւանդը արդէն ուզած էր մահանալ այդպէս: Երբ այդ հիւանդը կը մահանայ իր ընկերներով շրջապատուած, Մէրէտիթ կը հասկնայ, թէ ան չ'ուզեր իր մայրը մինակ մահանայ, որուն պատճառաւ ալ արգելք չի հանդիսանար Ուէպըրի այցելութիւններուն, ինչի դէմ էր սկիզբը: Իզզին կը ստանձնէ յղի պատանի աղջիկ մը, որուն հետ շատ նոյնանման բաներ ունէր, ինչ որ կը նեղացնէր պատանիին մօրը: Քրիսթինա նեղութիւն կը զգայ նոր պատասխանատու գործողութեան բժիշկ Սիտնիյէն եւ կը խնդրէ Պըրքէն, որպէսզի միջամտէ եւ արգիլէ Սիտնիի ոտքի գործողութեան կատարումը:

Դրուագ 16 Խմբագրել

Մէրէտիթ նեղացած է, եւ Ճորճն ու Իզին պէտք է հեռաձայնեն Քրիսթինային, եւ համոզեն անոր, որպէսզի ելլէ անկողինէն ալ: Հիւանդակառքի պատասխանատու մը ներս կը բերէ մարդ մը, որ կրծքավանդակին մէջ արիւնահոսութիւն մը, սակայն հիւանդակառքի պատասխանատուն ձեռքով գոցած է զայն, ինչ որ միակ բանն է, որ կ'արգիլէ արիւնահոսութիւնը: Պէյլի կը սկսի ծննդաբերելու, սակայն իր ամուսինը ինքնաշարժի արկածի մը կ'անցնէ հիւանդանոց եկած ժամանակ, եւ Տէրըքն ու Քրիսթինան իր վրայ կ'աշխատին: Մէրէտիթ կը մնայ շատ դժուար կացութեան մը մէջ:

Տե՛ս Նաեւ Խմբագրել

մբսի

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել