Ստեփան Չորլեան (13 Մարտ 1854, Մունճուսուն, Կեսարիոյ գաւառ, Անգարայի նահանգ- 15 Մայիս 1921), հայ դեղագործ։

Ստեփան Չորլեան
Ծնած է 13 Մարտ 1854(1854-03-13)
Ծննդավայր Մունճուսուն, Կեսարիոյ գաւառ, Անգարայի նահանգ
Մահացած է 15 Մայիս 1921(1921-05-15) (67 տարեկանին)
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան դե­ղա­գոր­ծա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1854 թուականի Մարտ 13-ին, Անգարայի նահանգի, Կեսարիոյ գաւառի՝ Մունճուսուն գիւղին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծխական դպրոցէն ներս։ Մեկնած է Թուրքիոյ եւրոպական մասը ապրող ազգականին քով եւ այդտեղ շարունակած է ուսումը։ 1873-76 թուականներուն ուսանած է Կ․ Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարանին մէջ։ 1876 թուականին վերադարձած է ծննդավայր ու հիմնած է դեղատուն։ Շուտով դարձած է գիւղի հմուտ դեղագործն ու բժիշկը։ 1880 թուականին փոխադրուած է Կեսարիա եւ «Ու­զուն Չար­շը»ի մէջ («Եր­կար շու­կայ») դեղատուն բացած է։ Կարճ ժամանակի մէջ, նուաճած է տեղի բնակչութեան համակրանքը։

1900 թուականին, տեսնելով Կեսարիոյ Աւետիսականներու բեմը դատարկ, կիրակի օրերը քարոզներ տուած է եւ հաւատացեալ ժողովուրդին գոհացուցած է իր քարոզներով։ 1903 թուականին անբասիր գործունէութեան համար երախտապարտ հաւատացեալներէն ոսկեզօծ Աստուածաշունչ նուէր ստացած է։ 1907-1908 թուականներուն՝ Թալասի ամերիկեան հիւանդանոցի դեղատան մէջ, դեղագործ աշխատած է եւ օգնած բժիշկ Տատտին։

1910 թուականին մեկնած է Եգիպտոս եւ մէկ տարի մնացած Աղեքսանտրիա` եղ­բօր քով։ 1911 թուականին, վե­րա­դառ­նա­լով Սէթէն Էօնիւ, աշ­խա­տած՝ Իս­բէնճեան դե­ղա­տան տնօ­րէն։ Յաճա­խ գացած է մօտակայ գիւ­ղե­րը` քարոզելու, բժշկելու, աղքատներուն դեղ բաժնելու։ 1913 թուականին գնած է Պէօրեկճի Չարշըսըի մէջ («անուշեղէններու­ շու­կայ») Գալթաքճեաններուն պատկանած դեղի մթերանոցը։

1915 թուականի տեղահանութեան ժամանակ, կառավարութեան հրամանով, Ս. Չորլեանի ընտանիքն ու ազգականները աքսորի չեն ենթարկուած։ Պատերազմի ընթացքին աշխատած է Կեսարիոյ մէջ։ 1917 թուականի Յուլիսին՝ Մունճուսուն-Կեսարիա ճամբուն վրայ, գողերը կողոպտած եւ դանակահարած են զինք։ Մահէ փրկուած է հրաշքով։ 1920 թուականի վերջերուն ձերբակալուած է որպէս յեղափոխական եւ բանտարկուած ի թիւս շարք մը ակնառու անձանց։ Մէկ ամիսէն ազատ արձակուած է՝ առողջութիւնը ի սպառ քայքայուած եւ հիւանդ վիճակի մէջ։

Մահացած է 1921 թուականի Մայիս 15-ին՝ 67 տարեկան հասակին։ Կինը եւ երեք աղջիկները տեղափոխուած են Աղեքսանտրիա։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Բ. հատոր, Գա­հի­րէ, 1937։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։