Սրապիոն Հէքիմեան

Սրապիոն Հէքիմեան (Օգոստոս 16, 1831, ԿոստանդնուպոլիսՄարտ 7, 1892, Կոստանդնուպոլիս), թատերական-մշակութային գործիչ, թատերագիր, բանաստեղծ ու համբաւաւոր հաշուակալ, թատերագիր։


Ծնած է Օգոստոս 16, 1831
Մահացած է Մարտ 7, 1892 (59 տարեկանին)
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ, թատերագիր եւ թարգմանիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Սրապիոն Հէքիմեան ծնած է Կոստանդնուպոլիս, 1931-ին: Ան թոռն էր կարնեցի բժիշկ Յովսէփ Հէքիմեանի: Ուսումը ստացած է ծննդավայրի Մխիթարեաններու տարրական դպրոցին մէջ, ապա 1833-ին կ'ուղարկուի Վենետիկ, ուր կ'ուսանի Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ եւ յաջողութեամբ կ'աւարտէ զայն: Կը հմտանայ եւրոպական շարք մը լեզուներու մէջ։ Պոլիս վերադառնալէ ետք, կ'երթայ Խրիմ, իր եղբօր օգնելու առեւտրական գործին մէջ, ապա կրկին կը վերադառնայ Պոլիս եւ 1853-ին Ֆրանսացի ճարտարագէտներու խումբի մը հետ որպէս հաշուագէտ եւ քարտուղար կը մեկնի Պուլկարիա: Պոլիս վերադառնալով, 1857-ին կ'ամուսնանայ Աննա Մանասեանի հետ՝ դուստրը Փարիզի մէջ Օսմանեան Կայսրութեան դեսպան Մանաս էֆէնտիի:

Բերայի մէջ ան թատերախումբ մը կը կազմէ համախմբելով Միջագիւղի, Խասգիւղի եւ շրջակայ վայրերու խոստմնալից ուժերը: Ան ծնունդ կու տայ Արեւելեան թատրոնին, ինք վարելով անոր տնօրէնութիւնը եւ անձնապէս տրամադրելով մեծ գումարներ: Թատերախումբը ներկայացումներ տուած է հայերէն, թուրքերէն, իտալերէն լեզուներով: Գլխավոր դերերը կատարած է ինքը։ Այս թատրոնին համար ալ Հէքիմեանը գրած է «Մանուէլ» պատմական ողբերգութիւնը, որ երկար տարիներ ներկայացուած է արեւմտահայ եւ արեւելահայ բեմերու վրայ (դերերը խաղացած են Պ. Ադամեանը, Գ. Չմշկեանը, Յ. Աբելեանը)[1]։

Հէքիմեան նաեւ ինքնուրոյն ու թարգմանական բանաստեղծութիւններով, գրականութեան ու թատրոնի նուիրուած յօդուածներով հանդէս եկած է «Բազմավէպ», «Երկրագունդ», «Ծաղիկ», «Մասիս», «Մուսայք», Մասեաց» եւ այլ պարբերականներու մէջ։ Հէքիմեանի ստեղծագործութիւններէն են «Արտաշէս եւ Սաթենիկ» (1848), «Հարմակ եւ Աշխէն» (1850), «Վահրամ», «Սմբատ Ա.» տրամաները։

«Տաղք եւ Քերթուածք» խորագիրով հատորի մը մէջ (1952) ամփոփուած են իր չափածոյ գործերը: Շուտով, իր թատերախաղերը ամփոփուած են այլ հատորի մը մէջ:

Մահացած է 1892-ին: Կաթողիկէ ըլլալով, թաղուած է հայ կաթողիկէներու Շիշլիի գերեզմանատունը, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի եւ Պետրոս Ադամեանի շիրիմներուն կողքը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «ՍՐԱՊԻՈՆ ՀԷՔԻՄԵԱՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-08-23-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-21 

Մատենագիտութիւն Խմբագրել

Մամուլ Խմբագրել

Աղբիւր Խմբագրել

  • «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, հրատարակութիւն՝ Գ.Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 4, էջ 1090-1091։