Սքէյթպորտը Ողիմպիական 2024-ին
Սքէյթպորտի մարզաձեւը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ իր առաջին մուտքին, Թոքիոյի խաղերուն ընթացքին:
Ամառնային Ողիմպիականը սովորաբար 28 մարզաձեւեր կ'ընդգրկէ: Սակայն 2020 թուականէն ի վեր խաղերը կազմակերպող երկիրներուն արտօնութիւն կը տրուի աւելցնելու մինչեւ վեց տարբեր մարզաձեւեր` իրենց Ողիմպիական յայտագիրին:
2024-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը կը սկսին 26 Յուլիսին, Ֆրանսայի Փարիզ մայրաքաղաքին մէջ, իրենց յայտագիրին մէջ ընդգրկելով չորս նոր մարզաձեւեր` պրէյքտենս, սըրֆ, սքէյթպորտ եւ յատուկ պատի մագլցում:
Մասնակցողները ընտրութիւն կ'ունենան երկու տարբեր մարզաձեւի միջեւ`փարք եւ սթրիք:
Փարքի մրցումին ընթացքին մարզիկները կը դատուին դաշտին մակերեսին վրայ եւ արգելքներուն միջեւ նաւարկելու իրենց ճկունութեան, արագութեան եւ բարձրութեան հիման վրայ: Իւրաքանչիւր մարզիկ երեք 45 երկվայրկեան տեւող ժամանակամիջոց մը կ'ունենայ:
Սթրիթ մրցումին պարագային, մարզիկները կը շրջին աստիճաններով, բռնակներով եւ ուրիշ արգելքներով օժտուած եւ մրցումին համար յատուկ շինուած քաղաքային փողոցի մը նման մակերեսի մը վրայ:
Իւրաքանչիւր մարզիկ կ'ունենայ երկու 45 երկվայրկեան տեւող ժամանակամիջոցներու, հինգ հնարքներ ցուցաբերելու համար: Անոնք կը դատուին ըստ սըրֆպորտին վրայ ունեցած իրենց կառավարման, հնարքներու տեսակին եւ ընդհանուր ոճին[1]: