Սքիմնոս Հիոսցին
Սքիմնոս Հիոսցին (յուն․՝ Σκύμνος ο Χίος)․ յոյն աշխարհագրագէտ (Ք․Ա․185 - Ք․Ա․2րդ դար)։ Կը սեպուի թէ ան է հեղինակը «Նիքոմիդիսի Ժամանակաշրջան» աշխատանքին, որ գրուած է ատիկեան բարբառով։ Գործը աշխարհի ժամանակագրութիւն մըն է (Περιήγησις) գրուած Մեծավերջ (Յամբ, հին յուն․՝ ἴαμβος) եռաչափով եւ հաւանաբար ձօնուած է Վիթինիայի Նիքոմիդիս թագաւորին՝ Նիքոմիդիս Բ․ Էբիֆանիս որ թագաւորած է Ք․Ա․149-ին եւ կամ անոր յաջորդին՝ Նիքոմիդիս Գ․ Էվերղեթիս (բարերար)։
Սքիմնոս Հիոսցին | |
---|---|
Ծնած է | Ք․Ա․185 |
Ծննդավայր | Հիոս |
Մահացած է | Ք․Ա․2րդ դար |
Ազգութիւն | յոյն |
Մասնագիտութիւն | աշխարհագրագէտ |
Գործը
ԽմբագրելԱռաջին գործն է որ տպուած է Աուքսպուրկ 1600-ին։ Առաջին անգամ հրատարակուած է Մարքիանոս Հերաքլեցիին Επιτομές գործին անունով, որովհետեւ այդ աշխատանքին հետ գտնուած է։ Սակայն, այդ ժամանակաշրջանը ուսումնասիրողներ՝ Լուքաս Խոլսթենիոս եւ Իսահակ Վոսիոս առաջինները եղած են որ գործը Սքիմնոս Հիոսցիին վերագրած են, որովհետեւ հետազօտութիւններուն ընթացքին զանազան դպրագէտներ յայտնաբերած են թէ Սքիմնոս Հիոսցին բաւական անգամ նշուած է որպէս գործին աղբիւրը։ Իսկ 1846-ին, Օկուստ Մայնեքէ ուսումնասիրով վերոնշեալ աշխատութեան վերահրատարակութիւնները, ցոյց տուած է թէ գործը Սքիմնոս Հիոսցիին պէտք չէ վերագրուի, որովհետեւ արձանագրութիւնները գրուած են արձակ ոճով եւ ոչ յանգաչափով, ինչպէս նաեւ հազուագիւտ նախադասութիւնները որ փրկուած են անոր ուրիշ գործերէն նմանութիւններ չունին «Նիքոմիդիսի Ժամանակաշրջան»ի գրութիւններուն հետ։ Այդ պատճառով, այնուհետեւ գործը Փսեւդօ-Սքիմնոսին կը վերագրուի։
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հին աշխարհագրոթեան պատմութիւն․ յոյներ եւ հռոմէացիներ, Ճոն Մուրէյ, Լոնտոն, էջ 69-74(անգլերէն)
- ↑ Հելլենիստական քրոնոկրամա 11․ Հարտըր, Ռեմքօ, Ուոքըր, 2006(անգլերէն)
- ↑ Հելլենիստական քրոնոկրամա 20․ Հարտըր, Ռեմքօ, Ուոքըր, 2014 (անգլերէն)
- ↑ Յոյն հազուաթիւ աշխարհագէտներու աւանդութիւնը (1952), Տիլըր․ հրատ․՝ Հելըր 20-12-1954(անգլերէն)