Էսհիլոս (յուն․՝ Αισχύλος), Ք․Ա․ 525/26, Էլեֆսինա Իփոթոնտիտաս, հին Աթէնք – Ք․Ա․ 456, Ճելա, Մեծ Յունաստան՝ այժմ Սիչիլիա, Իտալիա ։ Հին յոյն ողբերգակ։ Էվրիփիտիսին եւ Սոֆոքլիսին հետ Յունաստանի երեք մեծագոյն հին ողբերգակներն են եւ միայն անոնց գործերը լրիւ փրկուած են։

Էսհիլոս
հին յուն․՝ Αἰσχύλος
Էսհիլոսի կիսանդրին, Զափիոնի առձեւ, Աթէնք
Ծնած է Ք․Ա․ 525/26
Ծննդավայր Էլեֆսինա Իփոթոնտիտաս Աթէնք, Յունաստան
Մահացած է Ք․Ա․ 456
Մահուան վայր Ճելա, Քալթանիսեթա, Սիչիլիա, Իտալիոյ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն Աթէնք
Ազգութիւն յոյն
Ազդած է բազմաթիւ քաղաքական եւ գրական բնագաւառի անձնաւորութիւններ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Աղամեմնոն, Հոիֆորի (սգաւորներ), Էվմենիտես, Փերսես (պարսիկներ), Փրոմիթեւս Տեսմոթիս (Փրոմիթեւս շղթայուած)[1], Էփթա էփի Թիվես (Եօթն ընդէմ Թիվայի) եւ Իքեթիտես (Աղերսողներ)
Տեսակ յունական ողբերգութիւն[1]
Մասնագիտութիւն ողբերգակ, ռազմիկ, թատերագիր
Ծնողներ հայր՝ Էֆորիոն Էլեֆսինացին
Երեխաներ Էֆորիոն եւ Էվէոն

Կեանքը

Խմբագրել

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Էսհիլոս ծնած է Էլեֆսինա Իփոթոնտիտաս։ Հայրն է հողատէր Էֆորիոնաս, Քոտրիտոն ազնուական գերդաստանէն։ Կանուխէն մասնակցած է բազմաթիւ թատերական մրցոյթներու․ առաջին մասնակցութիւնը եղած է Ք․Ա․ 499/96-ին, 70-րդ Ողիմպիականին։

Աթէնքի քաղաքացի էր եւ մասնակցած է Պարսիկներուն դէմ պատերազմներուն, նոյնպէս երկու եղբայրներն ալ՝ Ամինիաս եւ Քինեղիրոս։ Քինեղիրոս Մարաթոնի ճակատամարտին ընթացքին կը զոհուի, երբ կը փորձէ ձեռքերովը կեցնել պարսկական նաւ մը (հուժկու անձ մը եղած է)։

Էսհիլոս, իր մեծագոյն յաջողութիւնները կը համարէր մասնակցութիւնը Մարաթոնի ճակատամարտին, Արթեմիսիոյի նաւամարտին եւ Սալամինայի նաւամարտին։

Կեանքին ստեղծագործական տարիներուն Սիչիլիա ճամբորդած է եւ ապրած Երոնա բռնատէրին արքունիքը (Սիրաքուզա)․ վերջինս արուեստասէր ըլլալով յաճախ արուեստագէտներ կը հրաւիրէր։ Կը սեպուի թէ հոն երկրորդ անգամ կը ներկայացնէ «Փերսես» (Պարսիկներ) գործը։ Դէպի Սիչիլիա երկրորդ անգամ կը ճամբորդէ երբ Աթէնքի հասարակութեան հետ տարակարծութեան մէջ կը գտնուի (այս եղելութիւնը կը ներկայացուի Արիստոֆանիսի «Վաթրահուս» գործին մէջ)։

Ք․Ա․ 456/55-ին Ճելա երկրորդ այցելութեան ընթացքին կը մահանայ։ Մահուան պատճառը կը սեպուի հետեւեալը․ բարձրէն արծիւ մը, որպէսզի բռնած կրիային պատեանը կոտրէ եւ միսը ուտէ, որսը վար կը նետէ եւ Էսհիլոսին գլխուն կ՛ իյնայ։

Յետ մահու

Խմբագրել

Աթենացիները անոր յիշատակը պահպանելու համար, օրէնք մը կը քուէարկեն, ըստ որուն իւրաքանչիւրին կ՛ արտօնուի մրցումներուն մասնակցիլ Էսհիլոսի գործերով։

Ողբերգրութիւններու մրցումներ

Խմբագրել

Զանազան արձանագրութիւններ կը վկայեն թէ էսհիլոս Ք․Ա․ 484-ին, առաջին անգամ յաղթական հանդիսացած է «Մեղալոն Տիոնիսիոն» ողբերգրութիւններու մրցումներուն եւ յաջորդած են ուրիշ 12 յաղթանակներ։ «Սուտաս» բառարանը կը նշէ 28 յաղթանակներ․ կ՛ ենթադրուի թէ յետ մահու ալ անոր գործերը առաջնահերթութեան տիրացած են։

Ք․Ա․ 472-ին, յաղթական կը հանդիսանայ «Փերսես» գործով (Աթէնք)։ Ք․Ա․ 468-ին կը մրցակցի Սոֆոքլիսին հետ եւ երկրորդ կը հանդիսանայ, իսկ յաջորդ տարին՝ Ք․Ա․ 467-ին, կը յաղթէ «Թիվայիքի թրիլողիա» (Թիվական եռաբանութիւն) գործով եւ Ք․Ա․ 458-ին՝ «Օրեսթիա» գործով։

 
Էսհիլոսի կիսանդրին, Աթէնքի Ազգային Պարտէզին առջեւ

Նորարութիւններ

Խմբագրել

Էսհիլեան ողբերգրութիւնները կը զարգանան առաջին իսկ գործերուն մէջ։ Ան նորաբերութիւն կը բերէ ողբերգրութեան մէջ․-

  • Աւելցուց երկրորդ կեղծող՝ դերակատար,
  • Խմբերգի մասնակցողներու թիւը նուազուց՝ 50-է 12,
  • Գրաւիչ բեմադրութիւն,
  • Մէկ բովանդակութեամբ եռաբանութեան յանձնարարութիւն:

Վերեւ նշուած բոլոր զանազանութիւնները զարգանալով, զայն կ՛ առաջնորդեն բանաստեղծական կատարեալ ժամանակաշրջանի մը, որ կը նշմարուի Օրեսթիա կոթողական գործին մէջ։

Էսհիլոսին գործը կը խտացնէ արդարութեան իմաստը, ինչպէս նաեւ բանաստեղծին խիղճը՝ իբրեւ կռուող քաղաքացի։ Մասնակցած է բազմաթիւ թատերական մրցոյթներու։ Ան ազդուած է Փիթաղորասէն, անոր հետեւորդներէն էր։

  • «Փերսես» (Ք․Ա․ 472),
  • «Էթնեէ» (Ք․Ա․ 470) գործը չէ փրկուած,
  • «Էփթա էփի Թիվես» (Ք․Ա․ 467),
  • «Իքեթիտես» (Ք․Ա․ 463),
  • «Փրոմիթեֆս Տեսմոթիս» (Ք․Ա․ 458),
  • «Օրեսթիա» (եռաբանութիւն) Ք․Ա․ 458․ Աղամեմնոն, Հոիֆորի, Էվմենիտես։

«Փրոմիթեֆս Տեսմոթիս» գործը հաւանաբար իրը չէ, այլ Էֆորիոնա զաւակին։

Անձնաւորութիւններ քաղաքական եւ գրականութեան բնագաւառներէն ազդուած են Էսհիլոսի գործերէն։ Ինչպէս օրինակ՝ Վիքթոր Հիւկօ, Լորտ Պայրըն, Կեօթէ եւ Քարլ Մարքս։

Աստղակերպ

Խմբագրել

2876 Էսհիլոս (2876 Aeschylus) աստղակերպը անունը առած է ի պատիւ Էսհիլոս ողբերգակին։

[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել