Փերիքլիս

Ք.Ա. 5-րդ դարու Աթենացի քաղաքագետ, սպարապետ եւ հռետոր

Փերիքլիս կամ Փերիքլիս Քսանթիփու օ Հոլարղեւս (յուն․՝ Περικλής, Περικλής του Ξανθίππου ο Χολαργεύς), աթենացի յոյն քաղաքագէտ, հռետոր եւ սպարապետ։ Ապրած է Աթէնք Ք․Ա․ 5-րդ դարուն` ծանօթ նաեւ իբրեւ «Ոսկեդար» եւ կամ «Փերիքլիսին Դարը»:

Փերիքլիս
հին յուն․՝ Περικλῆς
Փերիքլիսի կիսադրին, գործ՝ Ք․Ա․ 5-րդ դար
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Ολύμπιος[1]
Ծնած է մօտաւորապէս Ք․Ա․494/495
Ծննդավայր Աթէնք, Ատիկէ, Յունաստան
Մահացած է մօտաւորապէս Ք․Ա․429
Մահուան վայր Աթէնք
Քաղաքացիութիւն Աթէնք
Ազգութիւն յոյն
Կրօնք հին յունական կրօն
Մասնագիտութիւն քաղաքագէտ, սպրապետ, հռետոր
Վարած պաշտօններ Աթէնքի ղեկավար
Ամուսին Փերիքլիսին առաջին կինը եւ Ասփասիա[2][3]
Ծնողներ Քսանթիփոս եւ Աղարիսթի
Երեխաներ Փերիքլիս երիտասարդը, Փարալոս, Քսանթիփոս

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Առաջին տարիները Խմբագրել

Փերիքլիս ծնած է Աթէնք՝ Հոլարղոս (Աթէնքի հիւսիսը) Ք․Ա․495/494։ Հայրն էր Ք․Ա․ 5-րդ դարու Աթէնքի սպարապետ եւ քաղաքագէտ Քսանթիփոս․ ան աթենացիներուն բանակին ղեկավարն էր Միքալիի նաւամարտին՝ Ք․Ա․479։ Իսկ մայրը՝ Աղարիսթի կը սերէր Աթէնքի ազնուական եւ հզօր Ալքմէոնիտոն ընտանիքէն։

Ըստ Իթոտոթոսի եւ Պլութարհոսի, Փերիքլիսի ծնունդէն քանի մը օր առաջ, մայրը երազ մը կը տեսնէ թէ ան զաւակի տեղ առիւծ մը պիտի ծնէր։ Ընտանիքը կը հաւատայ թէ երազը լաւ նշան է, որովհետեւ առիւծը զօրութիւն եւ պատիւ կը ներկայացնէ։

Փերիքլիս կը պատկանէր Աքամանտիտա «ֆիլի»ին (հին Աթէնքի 10 տոսմացեղախումբերէն մին)։ Կ՛աշակերտէ այդ ժամանակի հանրածանօթ փիլիսոփաներուն մօտ՝ Զինոն օ Էլէաթիս, Փրոթաղորաս եւ Անաքսաղորաս։ Իսկ երաժշտութիւն կ՛ուսանի նոյնպէս այդ ժամանակի ծանօթ Տամոնասի եւ Փիթոքլիտիսին մօտ։

Քաղաքական ասպարէզ Խմբագրել

Փերիքլիսին քաղաքական ասպարէզը կը սկսի, երբ ան կը յաջողի խեցեվճիռի (εξοστρακισμός ostracism) միջոցով մեկուսացնել գլխաւոր քաղաքական մրցակիցը՝ պահպանողական Քիմոնաս (Միլթիատիս սպարապետին զաւակը)։ Փերիքլիս կը յաջողի մնալ իշխանութեան վրայ, շնորհիւ իր «չափազանցուած» ժողովրդականութիւն վայելող քաղաքականութեամբ։ Աթէնք Միջերկրականի ամենահզօր եւ հին աշխարհի ամենահամբաւաւոր քաղաքը պիտի հանդիսանաj։

Փերիքլիսին ըրած գլխաւոր փոփոխութիւնները Խմբագրել

  • Ք․Ա․458-ին, կը նուազեցնէ անձի մը սեփական հարստութեան ծաւալի չափանիշը, որպէսզի ոեւէ աթենացի կարողանայ Էփոնիմոս Արհոն (Επώνυμος Άρχων Մականուանած Արքոն/իշխանապետ) դառնայ։
  • Ք․Ա․454-ին Իլիէայի դատաւորներուն ամսավճարը կ՛աւելցնէ։
  • Ք․Ա․-ին, կ՛օրէնսդրէ հետեւեալ օրէնքը (որ հետագային ծանր հետեւեանքներ պիտի բերէ իր անձնական կեանքին մէջ)՝ անձ մը Աթէնքի քաղաքացի կրնայ դառնալ միայն եթէ երկու ծնողներն ալ Աթենացի ըլլան։ Այս օրէնքը յատկապէս կ՛ազդէ ազնուականներուն խաւին, որովհետեւ ընդհանրապէս ազնուականներուն զաւակներուն ծնողներէն մէկը ուրիշ քաղաքէ կ՛ըլլայ։

Փերիքլիս կը հաւատար թէ ժողովուրդին ազդեցութիւնը զօրացնելով պիտի կարողանայ աճեցնել Աթէնքի ռազմական ուժը եւ մանաւանդ ծովուժը։ Աթէնքի նաւերուն թիաւարողները կը պատկանէին ժողովուրդի լայիք խաւերուն։ Ան հետզհետէ Աթէնքի քաղաքական կեանքին մէջ՝ մինչեւ իր մահը (Ք․Ա․429), բացարձակ գերիշխանը կը դառնայ։ Երբ Քիմոնաս իր տասնամեայ աքսորէն կը վերադառնայ, Փերիքլիսի ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն դէմ չի հակազդեր։

Այս ուղղութեամբ պատմաբանները տարակարծիք են։ Շատեր կը հաւատան թէ Փերիքլիսին առած այդ քայլերը չափէն աւելի հնարաւորութիւն տուին քաղաքական ուժերու զարգացման․ անոնք մաշեցուցին Աթէնք քաղաք-պետութիւնը եւ կամ ալ ժողովրդավարութիւնը զարգանալու ուրիշ դաշտ, հնարաւորութիւն չունեցաւ։

Փերիքլիս, Աթէնքի բացարձակ ղեկավար Խմբագրել

 
Սթոա Աթալու թանգարան, Աթէնք - խեցեվճիռներ, վերէն վար՝ Փերիքլիս, Քիմոնաս եւ Արիսթիտիս անուներ

Աթէնքի ղեկավար Խմբագրել

Փերիքլիս կը նուիրուի հոն ուր կարող էր՝ Աթէնքի ներքին կառավարման եւ քաղաքին իշխանատիրութեան։ Այս ձեւով կը յաջողի «քաղաքական ամուսնութիւնը»՝ միացումը իր ղեկավարած ժողովրդավար ուժերուն եւ Քիմոնասի ղեկավարած պահպանողական ուժերուն միջեւ։

Ք․Ա․451/450-ին, Փերիքլիս Քիմոնասի ղեկավարութեամբ Կիպրոս բանակ կը ղրկէ պարսիկներուն դէմ կռուելու համար եւ Կիպրոսի Սալամինա ճակատամարտին Աթէնք կը յաղթէ, սակայն երկու տարի ետք՝ Ք․Ա․449-ին Քիմոնաս կը հիւանդանայ ու կը մահանայ։

Պելոպոնեսեան առաջին պատերազմ Խմբագրել

Փերիքլիս կը ղեկավարէ Աթէնքի բանակին պազմակերպչական աշխատանքները Պելոպոնեսեան առաջին պատերազմի ընթացքին։ Աթէնքի եւ Սփարթիին ու իրենց դաշնակիցներուն միջեւ պատերազմ մըն էր որ տեղի ունեցաւ Դասական Հնադարի երկու մեծ ուժերուն շահերուն համար։ Պատերազմի ծագման նաեւ դեր կը խաղան Աթէնքի գլխաւոր դաշնակիցները՝ Մեղարա եւ Արղոս․ վերջինը Սփարթիին աւանդական թշնամին էր։

Ք․Ա․454-ին, Աթէնքի ուժերը Փերիքլիսի ղեկավարութեամբ կը յարձակին Սիքէոնա (Հին Կորնթոսի արեւմուտքը) եւ Աքարնանիա (Կորնթոսի ծոցին հիւսիսի ափեր, կեդրոնական Յունաստանի արեւմուտք) քաղաքներուն վրայ։ Երբ Քիմոնաս աքսորէն կը վերադառնայ, Փերիքլիս անոր կը վստահի Աթէնքի բանակին ղեկավարութիւնը, իսկ ինք կը բաւարարուի Աթէնքի մէջ ունեցած պարտաւորութիւններով։ Կարգ մը պատմաբաններ կը նշեն թէ Փերիքլիս այս որոշումը առած է, որովհետեւ ինք ռազմական փորձառութիւն չէ ունեցած, իսկ Քիմոնաս յայտնի էր իբրեւ ռազմավարութեան քաջածանօթ՝ Պարկական պատերազմներու վերջաւորութեան իր տարած յաջողութիւններուն շնորհիւ։

Ք․Ա․449-ին, Փերիքլիս կ՛առաջարկէ ստեղծումը յունական քաղաք-պետութիւններու համադաշնակցութեան մը, որպէսզի վերաքննուի Պարսկական արշաւանքին ընթացքին (Ք․Ա․480) քանդուած յուշարձաններու վերագանգնումի հարցը։ Սակայն այդ գաղափարը չ՛իրագործուիր Սփարթիին կարծր կեցուածքին պատճառով։

Երկրորդ Սուրբ Պատերազմի ընթացքին, Փերիքլիս Ֆոքիտան կ՛օգնէ, որպէսզի վերջինը Տելֆին վերագրաւէ եւ Տելֆիի Պատգամախօսը իր հսկողութեան տակ ունենայ։

 
Աթէնքի Աքրոփոլիս․ գործ 1846-ի, հեղինակ՝ Leo von Klenze

Ք․Ա․447-ին Փերիքլիս կը յաջողի Կէլիպոլի թերակղզիէն բարբարոսները վտարել։ Ռազմական կարեւորութեամբ այդ շրջանը Աթէնքի գաղթօճախ կը դարձնէ աթենացիներ հոն բնակեցնելով։ Ք․Ա․446-ին Մեղարա եւ Էվիա կ՛ապստամբին ու կը հեռանան Աթէնքի հովանաւորութենէն։ Փերիքլիս կը յարձակի Էվիային վրայ․ կը պատժէ Հալքիտայի բնակիչները անոնց վրայ ծանր տուգանքներ դնելով։ Իսկ Իսթիէայի բնակիչներուն, որոնք աթենեան ցռկանաւի նաւազները սպանած էին, քաղաքէն կը վտարէ եւ 2 000 աթենացիներ հոն կը բնակեցնէ։ Ք․Ա․446/445 ձմրան Սփարթիին հետ կը համաձայնի եւ «Եռեսնամեայ Խաղաղութիւն» դաշինքը կը կնքուի։

Աքրոփոլիին վերակառուցումը Խմբագրել

Ք․Ա․449-ին Փերիքլիս կ՛առաջարկէ Աթէնքի քաղաքացիներուն Աքրոփոլիին վերակառուցումը։ Աքրոփոլին քանդուած էր Քսերքսես Ա․-ի Աթէնք արշաւանքին ընթացքին՝ Ք․Ա․480։ Աշխատանքները կը գլխաւորէ Ֆիտիաս։

Պարսկական պատերազմներու վերջաւորութեան՝ Ք․Ա․ 478, կը ստեղծուի Տիլոսեան Դաշինքը, Աթէնքի գլխաւորութեամբ։  Մինչեւ Ք․Ա․ 454, Տիլոս կը պահուէր դաշինքին գանձը․ Փերիքլիս զայն Աթէնք կը փոխադրէ։ Գանձէն լուրջ գումար մը կը գործածուի եւ կը կառուցուին Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձաններ՝ Փարթենոնաս[4] (Παρθενώνας), Էրեհթիօ[5], Փրոփիլէա[6] եւ Ափդերու Նիքիս տաճարը[7]։

Փերիքլիս ինքը կը հսկէր վերակառուցման աշխատանքները, որոնք կը տեւեն 15 տարի։ Սակայն քանի մը կառոյցներ կիսատ կը մնան Պելոպոնեսեան պատերազմի ծագման պատճառով, ինչպէս նաեւ Փերիքլիսի մրցակցութիւնը հակառակորդներուն հետ։

Պահպանողականներու վերջնական պարտութիւնը Խմբագրել

Ք․Ա․444-ին, իշխանութեան գլուխը անցնելու համար լրջօրէն կը հակադրուին Փերիքլիսի ղեկավարած ժողովրդավարական հատուածը եւ պահպանողական հատուածը։ Պատճառը Աթէնքի մէջ կառուցուող մեծածախս գործերն են։ Փերիքլիս կ՛ամբաստանուի թէ քաղաքին դրամագլուխը կը վատնէ այդ ուղղութեամբ։ Սակայն ան կը ներկայանայ Քաղաքացիներու Ատեանին Εκκλησία του Δήμου (կը բաղկանայ 500 ընտրուած ներկայացուցիչներէ՝ 50 իւրաքանչիւր «Ֆիլի»է թաղապետութիւն կամ տողմացեղախումբ) առջեւ եւ կը յայտարարէ թէ կառուցման ծախսերը պիտի հատուցանէ իր սեփական հարստութենէն, պայմանաւ որ կառոյցներուն վրայ իր անունը փորագրուի։ Ներկաները բուռն ծափերով կ՛ընդունին Փերիքլիսի յայտարարութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, անոր ժամանակակից պատմաբան Թուքիտիտիս յայտնած է հետեւեալ խօսքը․-

  «Աթէնքը անունով ժողովրդավար հանրապետութիւն էր եւ իսկութեան մէջ, մէկ տղամարդու կառավարութիւնը (Η Αθήνα) ήταν κατ’ όνομα δημοκρατία και στην πραγματικότητα, το πολίτευμα ενός άνδρα»  


Աթենեան գերիշխանութիւն Խմբագրել

Փերիքլիս կ՛ուզէր Աթէնքի գերիշխանութիւնը կայունացնել եւ ամրապնդել։ Տիլոսեան Դաշինքի Աթենեան Գերիշխանութեան վերածումի զարգացումը կը յստականայ Փերիքլիսի ժամանակ, շնորհիւ անոր առած որոշումներուն եւ ռազմական քայլերուն։

 
Փերիքլիսին կիսանդրին, գործ Ք․Ա․430

Սամոսի պատերազմը Խմբագրել

Ք․Ա․440-ին Փրիինիի (Փրիինի․ հին յունական քաղաք, Փոքր Ասիոյ հարաւ-արեւմտեան ափերուն, Միքալիին մօտ) տիրութեան համար Սամոսի եւ Միլիթոսին միջեւ պատերազմ կը ծագի։ Միքալիցիները Աթէնքէն օգնութիւն կը խնդրեն, որպէսզի պատերազմը դադրի։ Պատերազմի դադարեցման համար Աթէնքի դիմումին Սամոսցիները կը մերժեն։ Փերիքլիս կը հակազդէ համոզելով աթենացիներուն թէ Սամոսի մերժումը Աթէնքին իրաւունք կու տայ կարգն ու կանոնը պարտադրելու։ Սամոսի նաւամարտին Աթէնքի նաւատորմիղի ղեկավարներն են Փերիքլիս եւ ինը սպարապետներ, ի միջի այլոց՝ Սոֆոքլիս։ Աթէնք կը յաղթէ եւ Սամոս կը հաստատուի աթենասէր կառավարութիւն։ Երբ սամոսցիները կ՛ապստամբին, Փերիքլիս 8 ամիս պաշարումէ ետք, կը ստիպէ Սամոսի ղեկավարներուն յանձնուին։ Ապա, կ՛ուղղուի Վիզանտիօ (Բիւզանդիոն) եւ վերջ կը դնէ ապստամբութեան մը։ Հոն պատիւներ կը շնորհէ Սամոսի եւ Բիւզանդիոնի կռիւներուն զոհուած աթենացի զինուորներուն։

Փերիքլիս Պոնտոսի ափերը Խմբագրել

Ք․Ա․438-436, Փերիքլիս Աթէնքի նաւատորմիղը Պոնտոսի ափերը կ՛ ուղղէ։ Հոն բարեկամական կապեր կը հաստատէ յունական ծովափնեայ քաղաքներուն հետ։

Միջին Պարիսպը եւ Քլիրուհի Խմբագրել

Ք․Ա․440-ին Աթէնքի պահպանութեան համար, կը կառուցէ «Միջին Պարիսպը»։

Փերիքլիս Ք․Ա․444-ին Անտրոսի, Նաքսոսի եւ հարաւի Իտալիոյ Թուրյի (Փերիքլիսի նախաձեռնութեամբ հին Սիվարիս քաղաքին տեղ կը կառուցուի Թուրյին), ինչպէս նաեւ Մակեդոնիոյ Ամֆիփոլի (Ք․Ա․437 - Ք․Ա․436) շրջանները կը ստեղծէ նոր «քլիրուհի»ներ (քլիրուհի․ աթենացիներուն շնորհած հողատարածքներ)։

Պելոպոնեսեան Պատերազմ Խմբագրել

(տե՛ս բուն արձանագրութիւն)

 
Ասփասիա․ կիսադրի, գործ Ք․Ա․460

Պատերազմը չծագած Խմբագրել

Պատերազմը չծագած, Փերիքլիս, կողակիցը՝ Ասփասիա եւ անոնց ընկեր Ֆիտիաս (Աքրոփոլիին գլխաւոր քանդակագործ ու աշխատանքներուն ընդհանուր հսկիչը) դատական յարձակումներու դիրախ կը դառնան․-

  • Ասփասիա․ կը մեղադրուի իբրեւ հասարակ կին։ Անպարտ կ՛արձակուի։
  • Ֆիտիաս․ կը մեղադրուի թէ Աքրոփոլիին վերակառուցման ընթացքին մեծ գումար մսխած է։ Կը բանտարկուի ու բանտին մէջ կը մահանայ։
  • Փերիքլիս․ Աթէնքի Քաղաքացիներու Ատեանը Փերիքլիսը կ՛ամբաստանէ պետական դրամի մսխումի համար։ Փերիքլիս կը ներկայանայ Քաղաքացիներու Ատեանին Εκκλησία του Δήμου (կը բաղկանայ 500 ընտրուած ներկայացուցիչներէ՝ 50 իւրաքանչիւր «Ֆիլի»է թաղապետութիւն կամ տողմացեղախումբ) առջեւ եւ կը յայտարարէ թէ կառուցման ծախսերը պիտի հատուցանէ իր սեփական հարստութենէ, պայմանաւ որ կառոյցներուն վրայ իր անունը փորագրուի։ Ներկաները բուռն ծափերով կ՛ընդունին Փերիքլիսի յայտարարութիւնը։ Անպարտ կ՛արձակուի։
     
    Աթէնք եւ իր դաշնակիցները․ կարմիրով Աթէնք՝ Ատիկէ, իսկ դեղինով՝ Աթէնքի դաշնակիցները (Ք․Ա․431)

Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, Փերիքլիս տեսնելով թէ իր քաղաքական դիրքը լուրջօրէն վտանգուած է պատերազմէն գիտակցաբար խոյզ չի տար։

Պատերազմը Խմբագրել

Պատերազմը կը տեւէ 26 տարի՝ Ք․Ա․431 - Ք․Ա․404։ Կը զարգանայ Յունաստանի ամբողջ տարածքին, Մեծ Յունաստան եւ Փոքր Ասիա։ Երկու կողմերն ալ կը տուժեն։ Կը յաղթէ Պելոպոնեսեան դաշինքը՝ Սփարթի եւ դաշնակիցները։

Պելոպոնեսեան պատերազմը բոլոր յոյներուն համար կործանիչ էր եւ անոր իսկական դրդապատճառները մինչեւ այսօր պատմաբաններու միջեւ բանավէճի հարց են։ Կարգ մը պատմաբաններ Փերիքլիսը կը մեղադրեն, օրինակ՝ Պլութարհոս, իսկ ուրիշներ ալ Սփարթին, օրինակ՝ Թուքիտիտիս։

Եղելութիւնները Խմբագրել

Փերիքլիս կը հաւատար թէ պատերազմը Պելոպոնեսեան Դաշնութեան (Սփարթի եւ իր դաշնակիցները) հետ անխուսափելի է։ Պատերազմը կը ծագի Ք․Ա․431-ին երբ Սփարթացիները Ատիկէ կը ներխուժեն եւ Աթէնքի պարիսպներէն դուրս գտնուող շրջանները կը կողոպտեն։

Ք․Ա․432-ին Փերիքլիս Մեղարային տնտեսական արգելափակում կը պարտադրէ քայքայելով անոր տնտեսութիւնը եւ վտանգելով Եռեսնամեայ Խաղաղութեան դաշինքը՝ Մեղարա Սթարթիին դաշնակիցն է։

Սփարթի խորհդակցելէ ետք իր դաշնակիցներուն հետ, կը պահանջէ Ալքմէոնիտոն ընտանիքին Աթէնքէն վտառումը՝ Փերիքլիսը ներառեալ եւ ետ առնել Մեղարային տնտեսական արգելափակումը։

 
Երկար Պարիսպը (Աթէնքի պարիսպը) - Աթէնքին կը կապէր Փիրէայի նաւահանգիստը․ Պելոպոնեսեան պատերազմի առաջին տարիներու Փերիքլիսի ռազմավարութեան կեդրոնը։

Աթենացիները կը հետեւին Փերիքլիսի ցուցմունքներուն։ Կը մերժեն Սփարթիի արտառոց պահանջները, վստահ ըլլալով թէ ռազմական գետնի վրայ գերազանց են։ Անոնք քաղաքը կը լքեն եւ Աթէնքի պարիսպներուն ետեւը կ՛ամրացուին։ Նոյնը կ՛ընէ Ատիկէի հողագործ խաւը, սակայն անկամ եւ դժգոհ այս որոշումէն։ Փերիքլիս հողագործներուն կը հանդարտեցնէ խոստանալով թէ եթէ թշնամին չքանդէ պարիսպներուն ետեւը գտնուող իր անշարժ գոյքը, ան պետութեան պիտի յանձնէ։ Անոնք տեսնելով սակայն պարիսպներէն դուրս գտնուող Փերիքլիսի անշարժ գոյքի աւերումը սփարթացիներուն կողմէ, իրմէ կը դժգոհին եւ շատեր զայն կը մեղադրեն պատերազմի ծագման համար։ Մինչ Սփարթիի բանակը Ատիկէ կը մնայ եւ Աթէնքէն դուրս տարածքները կը կողոպտէ, Փերիքլիս 100 նաւեր կը ղրկէ Պելոպոնեսի ափերը կողոպտելու համար։ Ան կ՛առաջարկէ օրէնք մը, որով Աթէնք պէտք էր երաշխաւորէ 1 000 դալանտա եւ 100 նաւեր, այն պարագայի որ ծովէն յարձակումի դիրախ դառնար։

Փերիքլիս կը հետեւէր Թեմիսթոքլիսի ռազմական մտածելակերպին․ Աթէնք պէտք է ապաւինի իր ծովուժին եւ Պելոպոնիսցիները՝ Սփարթացիները ցամաքին վրայ անյաղթելի կը նկատէր։ Կը փորձէ մեղմացնել սփարթացիներուն բանակին ցամաքի վրայ ունեցած առաւելութիւնը վերակառուցելով Աթէնքի պարիսպը։

Ք․Ա․430-ին Աթէնքի բանակը Մեղարան կը գրաւէ եւ քանի մը ամիս ետք Փերիքլիս կ՛ասմունքէ նշանաւոր «Էփիթաֆիօ Լողոս»ը․ յուզիչ խօսքը կը գովաբանէ ժողովրդավարութիւնն ու անոր արժանիքները եւ կը պատուէ պատերազմի առաջին տարուան ընթացքին Աթէնքին համար զոհուած զինուորները։ Խօսքը կը գտնուի Թուքիտիտիսի «Պելոպոնեզեան պատերազմի իսթորիէ» գործին մէջ՝ հատոր Բ․ (2.35 - 2․44), 2․43 բաժին․-

  Ἀνδρῶν γὰρ ἐπιφανῶν πᾶσα γῆ τάφος, καὶ οὐ στηλῶν μόνον ἐν τῇ οἰκεία σημαίνει ἐπιγραφή, ἀλλὰ καὶ ἐν τῇ μὴ προσηκούσῃ ἄγραφος μνήμη παρ’ ἑκάστω τῆς γνώμης μᾶλλον ἢ τοῦ ἔργου ἐνδιαιτᾶται. (Թուքիտիտիս, հատոր Բ, 2․43 բաժին)  
 
Փերիքլիսին արձանը․ Քոծիա հրապարակ, Աթէնք

Նոյն տարին Սփարթացիները երկրորդ անգամ ըլլալով Ատիկէն կը կողոպտեն եւ այդ տարուան ամրան Աթէնքի մէջ մեծ համաճարակ մը կը պայթի։ Աթէնք կը կորսնցնէ բնակչութեան մեծ մասը։ Բնակիչները Փերիքլիսին դէմ ոտքի կ՛ելլեն եւ ան կը ստիպուի ինքզինքը պաշտպանել իր վերջին դիւրայոյզ խօսքով, որուն մէկ մասը Թուքիտիտիս արձանագրած է իր «Պելոպոնեզեան պատերազմի իսթորիէ» գործին մէջ (2․60-64)։ Ժամանակ կը շահի, սակայն ներքին թշնամիները կը յաջողին իրմէ խլել Սպարապետի տիտղոսը եւ զայն պատժել դրամական տուգանքով՝ 15․000 - 50․000 դալանտա։ Սակայն ան չի վհատիր եւ կրկին կը շահի Աթէնքի բնակիչներուն վստահութիւնը եւ Ք․Ա․429-ին Սպարապետ կը վերընտրուի ու կը ստանձնէ Աթէնքի բանակին հրամանատարութիւնը։ Մեծ համաճարակը վերստին կը յայտնուի։

Փերիքլիսին մահը Խմբագրել

Մեծ համաճարակին պատճառով Աթէնք կը կորսնցնէ բնակչութեան մեծ մասը։ Իսկ Փերիքլիս իր երկու զաւակները՝ Փարալոս եւ Քսանթիփոս։ Ինքն ալ համաճարակէն վարակուած կը մահանայ Ք․Ա․429 Օգոստոսին։

Փերիքլիսին ժառանգութիւնը Խմբագրել

Փերիքլիսին ժառանգութիւն կը նկատուին արուեստի հսկայ աշխատանքները եւ գրական գործերը, որոնցմէ մեծ մասը մեզի հասած է։ Ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութիւնը։ Անոր արտասանած «Էփիթաֆիօ Լողոս»ը մինչեւ մեր օրերուն կը նկատուի ժողովրդավարութեան պայքարի եւ ազատութեան հոմանիշը։

Դարը, ուր Փերիքիս ապրեցաւ ու գործեց յունական պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ «Ոսկեդար» եւ կամ «Փերիքլիսին Դարը»։

[8][9][10][11][12][13][14][15][16][17][18][19][20][21][22][23][24][25][26][27][28]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Πλούταρχος Βίοι Παράλληλοι, Vitae parallelae
  2. Аспазия // Энциклопедический словарь / под ред. И. Е. АндреевскийСент-Питерсберг: Брокгауз — Ефрон, 1890. — Т. II. — С. 299–300.
  3. Любкер Ф. Aspasia // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 169–170.
  4. Աքրոփոլիս (Աթէնք)#Փարթենոնաս
  5. Աքրոփոլիս (Աթէնք)#Էրեհթիօ
  6. Աքրոփոլիս (Աթէնք)#Փրոփիլէա
  7. Աքրոփոլիս (Աթէնք)#Ափդերու Նիքիս տաճարը
  8. Nipissing University․ Փերիքլիսի Աթէնքը, Steve Muhlberger(անգլերէն)
  9. Բրիտանական հանրագիտարան 2002․ Փերիքլիս(անգլերէն)
  10. Ուիքի աղբիւր, Պլութարհոս - Զուգահեռ կեանքեր․ Փերիքլիս(յունարէն)
  11. Առցանց Գրադարան հին յունական արձանագրութիւններու - Պլուտարքոս․ Փերիքլիս(յունարէն)
  12. Օքսֆորտ բառարան 1996․ Փերիքլիս(անգլերէն)
  13. Թուքիտիտիս․ Իսթորիէ 1․111,1․112,1․127,2․12,2․13-14,2․18,2․21-22,2․35-48,2․55-56,2․60-65 (յունարէն)
  14. Քլիսթենիսէն՝ Փերիքլիս․ Փերիքլիսին քաղաքական ասպարէզը, 24-25, Fornara-Samons(անգլերէն)
  15. Սուտքա առցանց բաքռարան - Ասփասիա, 2015-09-24(անգլերէն)
  16. Արիսթոֆանիս․ Ահարնէ 523–527 (անգլերէն)
  17. Փերիքլիս․ Աթէնքի ժողովրդավարութեան զարգացումն ու անկումը - Aird, Hamish (2004)(անգլերէն)
  18. Աքրոփոլին Փերիքլիսի դարաշրջանին, Hurwit, Jeffrey M., 1949, հրատ․՝ 2004(անգլերէն)
  19. Պելոպոնեսեան պատերազմը․ Kagan, Donald, 2003(անգլերէն)
  20. Աթենացիներն ու իրենց կայսրութիւնը․ McGregor, Malcolm Francis, 1910-1989, հրատ․1987(անգլերէն)
  21. Աթէնքի յեղաշրջումը․ հին յունական ժողովրդավարութեան շուրջ գրափորձեր - Ober, Josiah, 1996(անգլերէն)
  22. Յունական քաղաք-պետութիւններուն պատմութիւնը Ք․Ա․700-Ք․Ա․338, Պելոպոնեսեան պատերազմ, Sealey, Raphael, 1976(անգլերէն)
  23. Oxford University Press US - Հին յունական աշխարհի պատմութիւնը․ Starr, Chester G. (1991)(անգլերէն)
  24. Էթնոս - Փերիքլիս․ Ժողովրդավարութեան հիմնադիրը, 26-1-2020(անգլերէն)
  25. BBC - տեսերիզ․ Փերիքլիս, (յունարէն)
  26. «Միհանի թու հրոնու» - Փերիքլիսին ամուսնութիւնը (յունարէն)
  27. Անթիփարոսի նախակրթարան - Փերիքլիսին Ոսկեդարը(յունարէն)
  28. Յունական հեռատեսիլ - Վաւերագրական ժապաւէն․ Աթէնքի Ոսկեդարը(յունարէն)

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Մեղարական քուէարկութիւն (Ք․Ա․433/2)(յունարէն)
  2. Փերիքլիսին «Էփիթաֆիօ Լողոս»ը(յունարէն)
  3. Աթէնքի մեծ համաճարակը(յունարէն)