Սօնա Տէր Մարգարեան
Առաջարկուած է այս եւ Սոնա Թընկըրեան յօդուածները իրար միացնել: (քննարկում) |
Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան (1918, Պոլիս - 1986), հայ գրող, դուստրը՝ ուսուցիչ եւ գրող Արփիար Տէր Մարգարեանի:
Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան | |
---|---|
Ծնած է | 1918 |
Ծննդավայր | Պոլիս |
Քաղաքացիութիւն | Թրքահպատակ |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Աշխատավայր | Գրագիտուհի, դերասանուհի |
Ծնողներ | հայր՝ Արփիար Տէր Մարգարեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախակրթութիւնը ստացած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարան, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Էսայեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու մէջ։
1936-ին, լիսէն աւարտելէ ետք, կրթական պաշտօններ վարած է իբրեւ տնօրէնուհի՝ Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան քոյրերու վարժարանին մէջ եւ իբրեւ ուսուցչուհի՝ Սագըզաղաճի Մխիթարեան եւ Անարատ Յղութիւն միջնակարգ դպրոցներուն մէջ։ Նոյն ատեն հետեւած է Իսթանպուլի Պետական երաժշտանոցի ճիւղին եւ անդամակցած՝ Պետական երգչախումբին։
Գործեր
ԽմբագրելԻր առաջին գրութիւնը՝ «Տապալած Ծառը» վերնագրով պատմուածք մըն է, որ լոյս տեսած է «Հայ Խօսնակ»ին մէջ, երբ դեռ միջնակարգի աշակերտ էր։
Հրատարակած է պատմուածքներու երկու հատորներ. «Կեանքի Մէջէն» (Պոլիս, 1950), եւ «Կեանքի Հետ» (Պոլիս, 1968):
Իր բազմաթիւ պատմուածքներն ու նորավէպերը ցրուած են թերթերու եւ տարեգիրքերու մէջ։
Ունի նաեւ վէպ մը. «Մարուքեանները»:
Գրած է թատերգութիւն մը՝ «Քարէ Պուպրիկը»(4 արար), զոր ինք բեմադրած է Պոլսոյ մէջ։ Ստանձնած է նաեւ դերեր «Արփի» թատերախումբին մէջ։
1981-ին հաստատուած է Նիւ Եորք՝ իր զաւկին մօտ։ Հոն շարունակած է իր գրական գործունէութիւնը, հրատարակելով Էսայեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան «Վէմ» պարբերաթերթը, մինչեւ իր մահը։
Ս. Թնկրեան այցելած է Մայր Հայրենիք, ուր գնահատանքի եւ հրատարակութեան արժանացած են իր գործերը։ Արդարեւ 1982 Դեկտեմբերին՝ գրագիտուհիին երկու հատորներէն ու մամուլէն առնուած կարգ մը ստեղծագործութիւնները ամփոփուեցան «Սահանք» խորագրով հատորի մը մէջ, խմբագրութեամբ «Սովետական Գրականութիւն» պարբերաթերթի վարիչ-խմբագիր՝ Ստեփան Կուտիկեանի[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։