Արփիար Տէր Մարգարեան

Արփիար Տէր Մարգարեան (1889, Պիթլիս-1970) մէկն է այն բարձր հոգիներէն, որոնց շնորհիւ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը շունչ ու ոգի ստացած է եւ մատղաշ սրտերու մէջ ներմուծած ընտանեկան, ազգային եւ համամարդակային սիրոյ վսեմ զգացումը։

Արփիար Տէր Մարգարեան
Ծնած է 1889
Ծննդավայր Պիթլիսի Խուլթիկ գիւղը
Մահացած է 1970
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, մանկավարժ, արձակագիր, ուսուցիչ
Երեխաներ Սոնա Թընկըրեան եւ Սօնա Տէր Մարգարեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մարգարեան ծնած է Պիթլիսի Խուլթիկ գիւղը։ 1902-ին աւարտելով Պիթլիսի Ամերիկեան Հայ-Սքուլը, իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է նոյն վարժարանին մէջ եւ Մուշի Ամերիկեան վարժարանին մէջ՝ յաջորդաբար մէկական տարեշրջան։

1905-էն մինչեւ 1909 յաճախած է Խարբերդի Ամերիկեան Քոլէճը, որուն ընթացքը նոյն տարին աւարտելով տարի մը վարած է Պիթլիսի Ամերիկեան վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Ապա երկու տարի հետեւած է Իսթանապուլի Իրաւաբանական վարժարանի դասընթացքներուն վերջին տարեշրջանին՝ միեւնոյն ատեն աւարտած՝ Պահեստի Սպայից Զինուորական վարժարանը։

Մասնակցած է Պալքանեան եւ Ազգային Ընդհանուր պատերազմներուն, որոնց ընթացքին ստացած է հարիւրապետի աստիճան: Շրջան մը վարած է Ոստիկանական Զօրաց վարժարանի փոխ-տնօրէնութիւնը եւ կեդրոնի հրամանատարութիւնը։

1918-ին վերադառնալով, մինչեւ 1921 Ետիգուլէի Ս․ Փրկիչ եւ Օրթագիւղի որբանոցներուն մէջ աւանդած է հայերէն եւ անգլերէն։ 1921-1933 տարեշրջաններուն, նախ ուսուցիչ, ապա իբրեւ տնօրէն, պաշտօնավարած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ։ Հոնկէ անցած է Կեդրոնական վարժարան, որպէս դաստիարակ եւ հայերէնի ուսուցիչ։ 1939-41, երկու տարեշրջան՝ փոխ-տնօրէնութիւնը վարած է Կեդրոնականի։ Կեդրոնականէն բաժնուած է 1946-ին։

Վերջին անգամ պաշտօնավարած է Պէզազեան վարժարանին մէջ 1950-53։ Այնուհետեւ վերջնականապէս քաշուած է ասպարէզէն։

Ունի դասագիրքներու շարք մը՝ Ե․ եւ Զ․ դասարաններուն համար՝ Աղբերակ անունով։ Վերահրատարակած է Արամ Անտոնեանի Գանձարանի»ները, Ա․, Բ․, Գ․, Դ․, յաւելեալ եւ ճոխացեալ պարունակութեամբ։

Գրած է պատմուածքներ, որոնք ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ՝ «Արձագանգ» (Պոլիս, 1946), եւ «Անցորդը» (Պոլիս, 1962)։

1932-1949 վարիչ խմբագիրը եղած է Ս․ Փրկիչ Ազգային Հիւադանոցի տարեգիրքերուն։ Աւելի ուշ երբ տարեգիրքը վերածուած է ամսաթերթի, վեց ամիս շարունակած է իր վարիչ-խմբագիրի պաշտօնը։

Հայերէնի թարգմանած է «Կիւզիտէ Սապրիի Նէտրէտ» վէպը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։