Սօսէ Մայրիկ (բուն անունը՝ Սօսէ Վարդանեան, ), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ։ Աղբիւր Սերոբի կինն ու զինակիցը։

Սօսէ Մայրիկ
Հայդուկ
Ծնած է 1868-ին, Սասուն
Մահուան վայր Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքին մէջ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սօսէն ծնած է 1868 թուականին, Սասունի մէջ՝ Նեմրութ լերան փեշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղին մէջ, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ։ Ան 13 տարեկան էր, երբ սասունի հայերուն աւանդութեան համաձայն՝ ծնողները կը ցանկան ամուսնացնել զինք, սակայն Սօսէն կ՚ըմբոստանայ եւ կ՚որոշէ իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբին հետ։ Ան հայ ազատագրական շարժման տարիներուն իր ամուսինին՝ Սերոբի կողքին կը կանգնի։

Սօսէ Մայրիկ կը մահանայ Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքին մէջ, 1953 թուականին։ 1990-ական թուականներուն, անոր աճիւնը կը տեղափոխուի Հայաստան եւ կը հանգչի Եռաբլուրի մէջ։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Սօսէ Մայրիկը կը մասնակցի հայդուկային կռիւներուն, որուն պատճառով ժողովուրդը զինք կ՚օծէ «Մայրիկ» պատուանունով։

1898 թուականին, Բաբշենի կռիւէն ետք, ան Սերոբի հետ կ՚ապաստանի Սասուն։ 1899 թուականին, 2000 թուրք զինուորներ ու քիւրտեր կը պաշարեն Գելիեգուզան գիւղը, ուր ապաստանած էր Սերոբը իր ընտանիքով եւ 12 ֆետայիներով։ Մինչ այդ, սասունցիի ձեռքով նենգաբար թունաւորուած էր Սերոբ։ Թշնամին՝ տեսնելով Սերոբի անօգնական վիճակը, կը յարձակի գիւղին վրայ։ Անհաւասար կռիւին կը զոհուին Սօսէի ամուսինը՝ Սերոբը, որդին՝ Յակոբը, Սերոբի եղբայրները՝ Մխէն եւ Զաքարը։ Սօսէն, վերցնելով ամուսինին հրացանը, կը շարունակէ քաջաբար մարտնչիլ եւ կը վիրաւորուի։ Վիրաւոր վիճակին մէջ ան գերի կը բռնուի եւ կը տարուի Պիթլիս, բայց շուտով ազատ կ՚արձակուի։ Պշարա Խալիլը մահացած Սերոբին գլուխը կտրելով , հայերուն ահաբեկելու նպատակով ձողի վրայ Սասունի լեռներէն կը հասցնէ մինչեւ Բաղեշ։

1904-ին, Սասունի ապստամբութենէն ետք, Սօսէ Մայրիկ կը տեղափոխուի Վան, ապա՝ Կովկաս։ Անոր միւս որդին՝ Սամսոնը, կը զոհուի Կարինի մէջ՝ ջարդերու ժամանակ։

1920 թուականի վերջաւորութեան, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Սօսէ Մայրիկ կը տեղափոխուի Կոստանդնուպոլիս, ապա կը հաստատուի Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքէն ներս, ուր 1953-ին կը մահանայ: 1998-ին անոր աճիւնը կը տեղափոխուի Երեւան եւ կ'ամփոփուի Եռաբլուրի մէջ[1]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Սօսէ Մայրիկ (Աղբիւր Սօսէ, 1868-1953). Յեղափոխական հայու եւ Դաշնակցական ֆետայիի կանացի՝ մայրակա՛ն դէմքը»։ արտագրուած է՝ 2023-05-09