Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի (Պէյօղլու)

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի, հայկական եկեղեցի, Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէւ։ Եկեղեցին գոյութիւն ունեցած է 16-րդ դարուն։ Յիշատակարանի մը արձանագրութեան մէջ գրուած է, թէ 1503 թուակիր Իւչ Հօրան անուն ձեռագիր կայսերակնիք մուրհակի մը համաձայն գնուած է եկեղեցւոյ հողը։

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի
Տեսակ եկեղեցի
Երկիր  Թուրքիա
Տեղագրութիւն Պէյօղլու եւ Պոլիս
Ճարտարապետ Պալեան ընտանիք
Քարտէս
Քարտէս
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.

Պատմութիւն

Խմբագրել

1805-ին Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ միւթէվէլլի Գրիգոր Ամիրա Գէորգեան-Չերազեան այլ ազգայիններու գործակցութեամբ, այլ ձեռագիրներու կարգին կը գտնէ նաեւ եկեղեցւոյ հողին գնման հէօճէթը, եւ գրեթէ նորէն գնելով հողը առաջին անգամ կառուցած է Ս. Էջմիածին մանկանց վարժարանը եւ ապա իր ստացած կայսերական հրովարտակով վարժարանը վերածած է եկեղեցիի, որուն օծումը կատարուած է 1807-ին ձեռամբ Ս. Էջմիածնի Ռումէլիի նուիրակ Տ. Ալիքսան Արքեպիսկոպոսի։

Տաճարը օծուիած է յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան։ 1810-ին եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձած է։ Թէեւ եկեղեցին վերաշինելու ձեռնարկներ եղած են, բայց յաջողութեամբ չեն պսակուած։

Արդի եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած է 1836-ին։ Մատթէոս Պատրիարք Չուխաճեանի նախագահութեամբ Համագումար Ժողովի որոշումով ձեռնարկուած է սոյն վերակառուցման աշխատանքներուն։ Միւթէվէլլի կարգուած է Պաղտասար Ամիրա Գասպարեան-Չերազեան։

Եկեղեցւոյ ճարտարապետներն են Կարապետ Ամիրա Պալեան, Յովհաննէս Ամիրա Սէրվէրեան ու վարպետ Մինաս Աղա։ Շինութիւնը աւարտիած է երկու տարիէն եւ 1838-ին պաշտամունքի բացուած է, ձեռամբ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքի։

1845-ին Եկեղեցւոյ մէկ մասը կրկին նորոգուած եւ 1846-ին բակին մէջ բացոած է Նարեկեան վարժարանը, որուն մէկ կողմը, յետագային կառուցուած է շէնք մը, որ ծառայած է իբրեւ որբանոց։

Շէնքը 1897-ին բուժարանի վերածուած է։

Եկեղեցին ու յարակից շէնքերը կը գրաւեն 1000 քռ. մեթր հող։ Սրբանկարները գործն են զարդանկարիչ հաճի Մկրտիչ Պչակեանի։ Եկեղեցին ունի կամարակապ ձեղուն, յունահռովմէական ճարտարապետական պազիլիկի ոճով։ Իսկ ներքնամասը կը ցոլացնէ կորնդական ոճ։ Կարեւոր վերանորոգութեան ու բարեզարդութեան ենթարկուեցաւ 1989ին։ Վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 2000 թուականին, օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արքեպիսկոպոս Սվաճեանի։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են՝ Յակոբ Դ. Կաթողիկոս Ջուղայեցի 1598-1680, Իգնատիոս Պատրիարք Քաքմաճեան 1827-1869[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի, Պէյօղլու | Բ.Վիճակ (Արեւմտեան Վոսփոր) | Türkiye Ermenileri Patrikliği |»։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org։ արտագրուած է՝ 2023-02-22