Մատթէոս Չուխաճեան

հայ եպիսկոպոս եւ պատրիարք

Մատթէոս Չուխաճեան (1802-1865 թթ.), հայ եպիսկոպոս եւ պատրիարք։

Մատթէոս Չուխաճեան
Ծնած է 1802
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 1865
Մասնագիտութիւն պատրիարք
Վարած պաշտօններ եպիսկոպոս

Ծնած է Պոլսոյ «Օրթագիւղ» թաղին մէջ 1802-ին, աշակերտն ու ձեռնասունն էր Յովհաննէս Ջամաշըրճեան եպիսկոպոսին։ 1835-ին ընտրուած է Պուրսայի, 1841–ին՝ Զմիւռնիոյ (Իզմիր) առաջնորդ։ 1838-ին օծուած է եպիսկոպոս՝ Յովհաննէս կարբեցի կաթողիկոսէն։ 1844 թուականի Յունիս 24-ին Պատրիարքարանի մէջ ժողով գումարուելով Աստուածատուր Պատրիարք կը հրաժարի, որուն կը յաջորդէ Մատթէոս եպիսկոպոս, զոր 1844 Յուլիս 17-ին Զմիւռնիայէն Պոլիս հասնելով իր պաշտօնին գլուխը կ՛անցնի։ Իր առաջին գործը կ՛ըլլայ հաշտեցնել ամիրաներն ու արհեստապետները. ժողով մը կը կազմէ, որ Սեպտեմբեր 14-ին կ՛որոշէ յիշատակել Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսին անունը՝ Թուրքիոյ հայ եկեղեցիներուն մէջ,1828֊էն ի վեր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անունը չէր յիշատակուած՝ ռուս-թուրք պատերազմին պատճառաւ։

1845 Յունիս 7-ին հռոմէական հայոց նախագահ Անտոն Վ. Հասունեան Մատթէոս Պատրիարքի այցելութեան եկաւ, որ Յունիս 14֊ին փոխարինեց։

Բարեյիշատակ Ապտիւլ Մեճիտ կայսրը իֆթիխարի ականակուռ պատուանշան տուաւ Մատթէոս Պատրիարքի։

Խիստ միջոցներ ձեռք առաւ բողոքականութեան դէմ, քննութիւն մը երեւան հանեց թէ հազարաւոր հայ բողոքականներ կան Պօլսոյ մէջ, Մաթէոս զանազան միջոցներով մեծ մասը յաջողեցաւ դարձնել նորէն Հայ. Եկեղեցւոյ գիրկը։

Բանադրեց բողոքականութիւնը ընդունած բոլոր հայերը 1846 Յունուար 20֊ին։ Այս խստութեանց պատճառով յունիսի մէջ 40 հայ բողոքականներ միանալով կազմեցին «Պոլսոյ առաջին Աւետարանական Եկեղեցին և հովիւ ընտրեցին իրենց Արիսողոմ Տէր Խաչատուրեանը»։ 1847 նոյ. 3-ին բողոքականները իբր անջատ հասարակութիւն ճանչցուեցան կառավարութենէն։ 1846 մարտ 27-ին Ներսէս Կաթողիկոս գնահատելով Մատթէոսի գործունէութիւնը, ադամանդազարդ պնակէ մը ղրկեց։

1847 մայիս 7-ին կայսերական հրովարտակ մը հրամայեց որ հայոց Պատրիարքարանին գործերը վարելու համար հաստատուի 14 եկեղեցականներէ բաղկացած հոգեւոր եւ 20 աշխարհականներէ բաղկացած գերագոյն ժողով մը Պատրիարքին նախագահութեամբ։

Գերագոյն եւ հոգեւոր ժողովները տեւեցին մինչեւ 1860՝ Սահմանադրութեան հաստատման թուական։

Այս միջոցին ամիրաները «ծուռ աչք»ով նայիլ սկսան Մատթէոսի, որովհետեւ ան՝ ինքնագլուխ կը գործէր եւ Ամիրաներն ալ վշտանալու առիթներ կ՝ ունենային այդ պատճառաւ։ Քիչ ետքը 1848 Ապրիլ 1֊ին Մատթէոսի պատրիարք հրաժարեցաւ՝ չկարենալով հանդուրժել Ամիրաներու արարքներուն։

Մատթէոսի պատրիարքութեան միջոցին Պոլսոյ հայոց կրթական եւ բարոյական վիճակը զգալի բարւոքում կրած է։

Իր պատրիարքութեան օրով Պոլսոյ մէջ շինուած եկեղեցիներն են՝

1848 Հոկտ. 7֊ին Յակոբոս Սերոբեան պատրիարք ընտրուեցաւ եւ Մատթէոս քաշուեցաւ Օրթագիւղ, ուր քարոզիչ եղաւ 5 տարիի չափ, 1851-ին Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտ բարեհաճեցաւ նոր պատուանշան մը շնորհել անոր։