Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի (Թրիփոլի)


Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի (Թրիփոլի), Թրիփոլի, Լիբանան

Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի (Թրիփոլի)
ԵրկիրԼիբանան Կաղապար:Country data Լիբանան
կրօնադաւանանքԱռաքելական
Ճարտարապետութիւն
ԿարգավիճակԿը գործէ

Պատմութիւն Խմբագրել

Թրիփոլիի մէջ եկեղեցական արարողութիւնները սկզբնական շրջանին կատարուեցան յոյներու կողմէ տրամադրուած «Մար Էլիաս» եկեղեցւոյ մէջ, կատարողութեամբ Արժ․ Տ․ Խորէն Քհնյ Գույումճեանի։ Հետագային կառուցուեցաւ Ս. Աստուածածին տախտակաշէն ու թիթեղածածկ եկեղեցին, Արժ. Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ։

1962-ին աւարտեցաւ նոր եւ քարաշէն եկեղեցւոյ շինութիւնը, բարերարութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեանին, եւ եկեղեցին կոչուեցաւ Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ օրհնութիւնն ու օծումը տեղի ունեցաւ 3 Յունիս 1962-ին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Խորէն Արք. Բարոյեանի։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

Տ. Խորէն Քհնյ. Գույումճեան Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Ղազարեան Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեան Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան Տ. Յակոբ Քհնյ. Պոյաճեան Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեան Տ. Յուսիկ Քհնյ. Այանեան Տ. Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Յովսէփեան Տ. Մովսէս Քհնյ. Շրիկեան Տ. Ասպետ Քհնյ. Տեմիրճեան Տ. Վազգէն Քհնյ. Նարկիզեան Տ. Նարեկ Քհնյ. Շրիկեան Տ. Պարգեւ Քհնյ. Յովհանէսեան Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Տօնիկեան Տ․ Ռուբէն Քհնյ․ Միսիրեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։


Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի (Թրիփոլի)