Ս. Սերովբէ Եէտիքարտաշեան
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԻր նախնական ուսումը Կեսարիա առնելէ ետք Ամերիկա կ’երթայ մօտաւորապէս 1908-ին : Ան եղած է ձայնամշակութեան ուսուցիչ, սակայն զինքը կը շահագրգռէին մասնաւորապէս ծաղկեմշակութիւնը, բուսաբանութիւնը եւ անտառային տնկարկութիւնը:
Նախ պաշտօնի կոչուած է անտառաբուծութեան եւ փորձառական ծաղկեմշակութեան գործին: Յետոյ վարած է կառավարական ընդհանուր քննիչի պաշտօնը՝ Արեւմտեան Ապառաժ լեռներու տնկարկութեանց կայաններուն, որոնք իր հսկողութեան տակն էին:
Պ. Եէտիքարտաշեան յաճախակի աշխատակցած է կառավարական տեղեկագիրներուն՝ ծաղկեմշակութեան եւ բուսաբանութեան նիւթերու վրայ, եւ գրած ամսաթերթերու, օրաթերթերու եւ շաբաթաթերթերու մէջ: Իր անտիպ ձեռագիրներուն մէջ կան փորձեր եւ յօդուածներ՝ որոնք կը վերաբերին փիլիսոփայական, կրօնական, տնտեսական, քաղաքական եւ ազգականագրական հարցերու:
Զանազան լեզուներով գրող Եէտիքարտաշեան համարուած է իբր գլխաւոր, առաջնորդող հեղինակութիւն մը: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Եւրոպա եւ Մեքսիկա ղրկուեցաւ՝ հաւաքելու տեղեկութիւններ կառավարութեան հաշւոյն: Ղրկուած է նաեւ Փիլիպեաններուն՝ հիմը դնելու համար հոն՝ կառավարական տնկարկութեան եւ ծաղկեմշակութեան փորձարկութեան կայանի մը, եւ մէկէ աւելի անգամներ խնդրուած իրմէ պաշտօն մը ստանձնել Ուաշինկթընի դիւանին մէջ:
Ծաղկեմշակութեան ուսանողներ ղրկուած են իրեն «Եէյլ» համալսարանէն, ինչպէս դպրոցական կարգերով ուսանողներ գացած են Քալիֆորնիա եւ Սթենֆորտ համալսարաններէն իր հրահանգները ստանալու, մասնաւորապէս գործնական ծառամշակութեան, բուսաբանութեան եւ ծաղկեմշակութեան շուրջ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 661:
- «Փէսէտէնա Սթարնիւս», օրաթերթ, 6 Յունուար 1922: