Վազգէն Սարգսեան Փողոց (Երեւան)

Վազգէն Սարգսեան փողոց, փողոց՝ Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանէն ներս։ Կոչուած է ի պատիւ հասարակական-քաղաքական եւ ռազմական գործիչ Վազգէն Սարգսեանի։

Երեւան, Վազգէն Սարգսեան փողոց

Տուեալներ

Խմբագրել

Կը սկսի Հանրապետութեան հրապարակէն ու կը շարունակուի մինչեւ Շահումեան պուրակի յարակից Իտալիայի եւ Մովսէս Խորենացի փողոցներու հատման խաչմերուկը։ Հատող փողոցներ՝

  • Դեղատան փողոց
  • Պետրոս Ադամեան փողոց
  • Գրիգոր Տէր-Գրիգորեան փողոց (Երեւան)

Պատմութիւն

Խմբագրել

Խորհրդային տարիներուն փողոցի կենտ համարներու շէնքերով մայթին հարող հատուածը կոչուած է Շահումեան փողոց՝ ի պատիւ համայնավար կուսակցութեան, ԽՍՀՄ եւ միջազգային բանուորական շարժման ականաւոր գործիչ, ընկերաբան, լրագրող, հրապարակախօս Ստեփան Շահումեանի։ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք վերանուանուած է Խորհրդարանի փողոց՝ ի պատիւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի։ Փողոցի զոյգ համարներու շէնքերով մայթին հարող հատուածը մաս կազմած է Նալպանտեան փողոցին։ Փողոցին մասը մը Վազգէն Սարգսեանի անունով կոչուած է 2000 թուականին։ Նոյն թուականին Խորհրդարանի փողոցէն անջատուած է հատուած մը եւս, որ կոչուած է Պէյրութի փողոց։

Նշանակալի վայրեր

Խմբագրել
  • Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական երաժշտական քոմետիայի թատրոն
  • ՀՀ կեդրոնական դրամատուն
  • ՀՀ դատախազութիւն
  • «Պիացցա Գրանդէ» համալիր (Եսայի Ջանփոլադեանի թատրոն, Սպայի տուն)
  • «Էրեբունի-Երեւան 2750» շատրուաններ զբօսայգի
  • Վազգէն Սարգսեանի կիսանդրի (Երեւան)
  • Շահումեանի անուան պուրակ
  • Ստեփան Շահումեանի յուշարձան (Երեւան, Շահումեանի հրապարակ)
  • ՀՀ վճռաբէկ դատարան
  • «Էրեբունի-բլազա» բիզնէս-կենդրոն
  • Արմսվիսբանկ
  • Հայաթ-փլէյս հիւրանոցային համալիր
  • Հայաստանի արհմիութիւններու կոնֆեդերացիա

Վազգէն Սարգսեան եւ Դեղատան փողոցներու խաչմերուկի մէջ կը գտնուի Պանքի շէնքը. Գիւղատնտեսական դրամատունը եւ Գիւղպանքի աշխատողներու բնակելի տունը (վերակառուցուած է)։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել