Վազգէն Փափազեան

Վազգէն Փափազեան (անյայտ - 1915), հայ բժիշկ։

Վազգէն Փափազեան
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Բժիշկ
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ատացած է բժշկական բարձրագոյն կրթութիւն ու որպէս բժիշկ աշխատած է։ 1915 թուականին զոհուած է Մեծ եղեռնի ընթացքին։ Հաւանաբար եղած է երիտասարդ եւ ամուրի։

Այս բժիշկի անունը կը յիշատակէ՝ ֆրանսահայ ֆիլմի նկարահան, Անրի Վեռնոյի (բուն անունով՝ Աշոտ Մալաքեան) «Մայ­րիկ» գեղարուեստական ֆիլմի հերոսուհիներէն մէկը, որ բժիշկին հետ ծանօթ եղած է։ Ֆիլմը կը պատմէ Մեծ Եղեռնէն վերապրած ու Փարիզ բնակութիւն հաստատած հայ ընտանիքի մը մասին։

Հնարաւոր է, որ բժիշկ Վազգէն Փափազեան իրական անձն ըլլայ, քանի որ ֆիլմը գրուած է փաստագրական արժէք ունեցող յուշագրութեան հիմքի վրայ։ Բացառուած չէ նաեւ, որ երեւակայական ու յօրինուած կերպար է։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Անրի Վեռնոյ, Ֆրանսական գեղարուեստական ֆիլմ «Մայ­րիկ»։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։