Վահան Զանոյեան, սփիւռքահայ գործարար, գրող եւ բանաստեղծ։


Ծննդավայր Լիբանան

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ան մեծցած է Լիբանան: Ապրած է ԱՄՆ, Զուիցերիա եւ Պահրէյն: իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է նախ Պէյրութի Հայ Աւետարանական քոլեճէն եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, ապա ուսումը շարունակած է Ամերիկայի մէջ՝ յաճախելով Փենսիլվենիոյ համալսարանը:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին եւ Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ ուսանած Զանոյեան կատարած է ռահվիրայի աշխատանք անցած չորս տասնամեակներուն` քարիւղ արտադրող երկիրներու քաղաքական տնտեսութեան եւ այդ երկիրներու զարգացման ընթացքի գործնական վերլուծումի ծիրին մէջ։ Ան անդամ է Արտաքին յարաբերութեանց խորհուրդին: Ան ունի հրատարակուած բազմաթիւ մասնագիտական յօդուածներ ուժանիւթի յատուկ մամուլի էջերուն մէջ, ինչպէս նաեւ տուած է անհամար դասախօսութիւններ եւ կարդացած ճառեր` նոյն նիւթը արծարծող արհեստավարժներու գիտաժողովներուն ընթացքին[1]:

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Ան հեղինակ է երկու բանաստեղծական հատորներու՝

  • «Վերադարձ»՝ 2010-ին,
  • «Եզրէն Դուրս»՝ 2011-ին:

Ան խորապէս ազդուած Հայաստանէն դուրս մարմնավաճառութեամբ զբաղող երիտասարդ աղջիկներով. հանդիպելով անոնց ու լսելով իրենց սրտցաւ պատմութիւնները՝ ան գրած է երկու վէպերը՝

  • «Հեռաւոր Մի Տեղ»՝ 2013-ին,
  • «Օհանավանքի Աղաւնիները»՝ 2014-ին:

Զանոյեան եղած է միջազգային ուժանիւթի փորձագէտ եւ խորհրդատու՝ բազմաթիւ Միջազգային քարիւղի ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ կարգ մը հանրային ընկերութիւններու:

Իր նիւթի վերլուծումներուն Վահան Զանոյեան սկսած է․

  Մարդկային առեւտուրը (human trafficking) համաշխարհային երեւոյթ է եւ ո՛չ զուտ հայկական: Սակայն վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, այդ ցաւալի ախտը տարածուած է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Կարեւոր է նաեւ սկիզբէն շեշտել, թէ ես մարդկային առեւտուրի մասնագէտ չեմ: Այն, ինչ գիտեմ այս նիւթին մասին, սորված եմ երկու վէպերուս առնչութեամբ տարած հետազօտութիւններէս:  


Առաջին վէպը՝ «A Place Far Away»ը, հրատարակուած է 2013-ին, ապա թարգմանուած է արեւելահայերէնի «Հեռաւոր Մի Տեղ» խորագրով[2][3]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել