Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարան (Լիբանան)

Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարան, իննամեայ երկսեռ միջնակարգ վարժարան, Լիբանանի մէջ։ Ունի նաեւ մանկապարտէզի բաժին։

Հիմնումը

Խմբագրել

Հիմնուած է 1951-ին՝ ՌԱԿ «Պայքար» ակումբի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ջանքերով։ Ներկայիս Թէքէեան Մշակութային Միութեան սեփականութիւնն է։ Կը ղեկավարուի ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի կողմէ նշանակուած հոգաբարձութեամբ։

Շենքային պայմաններ Առաջին շրջանին իբրեւ նախակրթարան գործած է Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանի Սանճաք թաղամասի իրարմէ հեռու գտնուող, վարձուած հինգ տարբեր շէնքերու մէջ։ Վարժարանը 1965-ին օժտուած է նոր, սեփական շէնքով։ 1951-77-ին ունեցած է 1132 շրջանաւարտ։ 1973-74-ին ունեցած է 885 աշակերտ։

Քաղաքացիական պատերազմի եւ անոր յաջորդող տարիներուն Քաղաքացիական պատերազմի եւ անոր յաջորդող տարիներուն աշակերտութեան թիւը նուազած է։ 1991-ին ունեցած է նաեւ միջնակարգ բաժին։ 2002-ին աշակերտութեան թիւը 188 էր։ 1991-էն մինչեւ իննսունականներու աւարտը, դպրոցին կից գործած է «Արմենական արիական շարժում» սկաուտական երկսեռ շարժումը։

Տնօրէններ

Խմբագրել

Վահան Էլմայեան

Երուանդ Պապայեան

Մանիա Գաֆէսճեան-Գազէզեան

Երուանդ Պոզոյեան

Արմէն Իւրնէշլեան

Յովսէփ Սահակեան

Ազատուհի Գայսէրլեան

Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

Տարեգիրք

«Թէքէեանի Ձայն» աշակերտական պարբերաթերթ

«Արմենական Արի» սկաուտական պարբերաթերթ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։