Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

(Վերայղուած է ՌԱԿ-էն)

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն (ՌԱԿ), հայկական կուսակցութիւն։ Հիմնուած է 1921 թուականին։ Կը նկատուի շարունակութիւնը Մ. Փորթուգալեանի հիմնած Արմենական կազմակերպութիւն կուսակցութեան որ հիմնուած է 1885 թ-ին Վան քաղաքի մէջ։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հիմնադրուած Կաղապար:Wikidata/p571
Գաղափարախօսութիւն Միացեալ Հայաստան
Լիպերալիզմ
Կրօնք Կաղապար:Դրօշաւորում/Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Լիբանանի խորհրդարան 1

Արմենական կազմակերպութիւն (1885-1921)

Խմբագրել

Արմենական կազմակերպութիւն, Արմենականներ - ազգային-ազատագրական կազմակերպութիւն, առաջին քաղաքական կուսակցութիւնը հայ իրականութեան մէջ։ Հիմնած են 1885 թ-ին Վանի մէջ, Մ. Փորթուգալեանը եւ անոր «Արմենիա» (Մարսել) թերթի (այստեղէն եկած է՝ կազմակերպութեան անուանումը) գաղափարակիցներ Մկրտիչ Աւետիսեանը, Գրիգորիս Թերլեմեզեանը, Ռուբեն Շատուորեանը, Գրիգոր Աճեմեանը եւ ուրիշներ։

Նպատակը

Խմբագրել

«Արմենական կազմակերպութեան» նպատակն էր՝

  յեղափոխութեամբ Թուրքիոյ հայ ժողովրդեան համար իրավունք ձեռք բերել, ինքզինք ազատորէն կառավարելու, որով միայն կարող կ'ըլլայ իբրեւ մարդ ապրելու միջոցներ գիտնալ եւ զանոնք գործադրել ժամանակի պահանջմամբց համեմատ
- «Զարթօնք» Պէյրութ 1962 էջ 69
 


Այդ նպատակին հասնելու համար կազմակերպութիւնը պէտք է ներքին ուժ գոյացներ՝ միաւորելով միեւնույն գաղափարին ծառայող հայ հայրենասերներուն, ժողովուրդին կ'արթնցներ յեղափոխական գրականութեամբ, կը կազմակերպէր եւ զէնքի ու կարգապահութեան կը վարժեցներ, կը նախապատրաստէր ինքնապաշտպանութեան, զէնք կը հայթայթեր, զինուած խումբեր կը ստեղծէր եւ ընդհանուր շարժում առաջ կը բերէր, մանաւանդ, երբ արտաքին հանգամանքները նպաստաւոր կը համարուէին։ Թէեւ արմենականներու ծրագրի հիմքին մէջ ինկած էր Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման եւ անկախութեան գաղափարը, այդ ծրագիրը դեռեւս հեղհեղուկ էր, իսկ անոր կազմողները յստակ պատկերացում չունէին ապագայ Հայաստանի սոցեալ-քաղաքական հարաբերութիւններու ու անոր ազատագրման ուղիներուն մասին։ Քաջածանոթ լինելով Արեւմտեան Հայաստանի իրադրութեան՝ արմենակեանները որդեգրած էին զուսպ եւ շրջահայաց գործելակերպ սուլթանական Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութեան դէմ։

Իր ժամանակի պատմական պայմաններուն մէջ «Արմենական կազմակերպութեան» գործունէութիւնը առաջադիմական էր եւ կ'արտահայտէր լայն խավերու շահերը։

Տարածումն ու գործունէութիւնը

Խմբագրել

«Արմենական կազմակերպութիւն»-ը մասնաճիւղեր եւ խումբեր ուներ Վանի, Մուշի, Պիթլիսի, Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս նաեւ Թաւրիզի, Սալմաստի, Խոյի, Ուրմիայի, Թիֆլիսի, եւ Պուլկարիոյի մէջ։

Արմենականները գործօն մասնակցութիւն ունեցան Վանի 1896 եւ 1915 թուականներու ինքնապաշտպանական կռիվներուն։ Հոկտեմբեր 1921-ին «Արմենական կազմակերպութիւն»-ը «Վերակազմեալ հնչակեաններու» (Ազատական կուսակցութիւն) եւ ռամկավարներու («Սահմանադիր ռամկավար կուսակցութիւն») հետ միաւորուեցաւ «Ռամկավար ազատական կուսակցութեան» մէջ։

Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն (1921 - այսօր)

Խմբագրել

Հոկտեմբեր 1921-ին հետեւեալ կուսակցութիւնները միաւորուեցան կազմելու Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը։

Կուսակցութիւնը կը գործէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ

Մամուլ

Խմբագրել

(Արեւմտահայերէն անունը պահպանուած)

Նմանանուն կուսակցութիւններ

Խմբագրել

Ռամկավար ազատական անունով կը գործէին 2 այլ կուսակցութիւններ.

Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն (ՀՌԱԿ), կուսակցութիւն, որ հիմնուած է 1991 թ-ին։ Կուսակցութիւնը կը գործէ Հայաստանի մէջ եւ կը գործակցի սփիւռքի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ)-ի հետ։

Արմենական-Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, կուսակցութիւն, որ հիմնուած է 2009 թուականին կուսակցութեան ներքին պառակտումի արդիւնք։ Կուսակցութիւնը կը գործէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բաղկացած մասնաւորապէս նախկին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամներէն։

Այս երկուքը միացան 3 Յունիս 2012-ին, նոր մէկ կուսակցութիւն մը կազմելով, իբր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն (Հայաստան)

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Լ. Ա. Խուրշուդեան, «Սփյուռքահայ կուսակցությունները ժամանակակից էտապում», Երեւան 1964
  • Հ. Գ. Վարդանեան, «Արեւմտահայերի ազատագրության հարցը եւ հայ հասարակական-քաղաքական հոսանքները XIX դարի վերջին քառորդում» Երեւան 1967

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել