Վահան Ղազարեան (1875[1], Մարզուան, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915[1], Եդեսիա), հայ բժիշկ, խմբագիր։

Վահան Ղազարեան
Ծնած է 1875[1]
Ծննդավայր Մարզուան, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915[1]
Մահուան վայր Եդեսիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1875 թուականին Մարզուանի մէջ։ Նախնական եւ բարձրագոյն կրթութիւնն ստացած է ամերիկացի միսիոնարներու Մարզուանի Անատոլիա գոլէճին մէջ։ 1903-1907 թուականներին ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը եւ աւարտած՝ գերազանցութեամբ։ Ուսանողական տարիներուն հետեւած է հայկական մամուլին եւ գրականութեան ու իր մասնակցութիւնը բերած է։

1911 թուականին Տրապիզոնի մէջ, 1912-1914 թուականներուն Կ. Պոլսոյ մէջ եղած է «Բժիշկ» բժշկա-առողջապահական ամսաթերթի խմբագրապետը։ Բազմաթիւ բժշկական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու հեղինակ է։ 1914 թուականին խմբագրած եւ հրատարակած է առաջին համարը «Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց»ի, ամէն տարի հրատարակելու նպատակով։

1914 թուականին, Առաջին աշխարհամարտը սկսելուն պէս, զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ հարիւրապետի աստիճանով ծառայած՝ 153-րդ զօրագունդի 3-րդ գումարտակի զինուորական բժիշկ։ 1915 թուականին Եդեսիոյ` Զմիւռնիա-Ֆոշայի ճամբուն վրայ, սպաննուած է իր զօրահրամանատարներու թելադրանքով` իր իսկ օգնականի ձեռքով, 40 տարեկան հասակին։

Աշխատութիւնը

Խմբագրել
  • Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Սթամպուլ, 1919։
  • Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1938։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Սահակեան Լիլիկ., Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներուն, «Առող­ջա­պա­հու­թիւն», Երեւան, 1965, թ. 4։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, 24 Ապրիլ 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
  • Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, “Ազ­դակ”, 01-11-2012։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Identifiants et RéférentielsABES, 2011.