Վանքասարի Եկեղեցի
Վանքասարի Եկեղեցի, կրօնական կառոյց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի տարածքին, Ստեփանակերտէն Մարտակերտ տանող մայրուղիի ձախ կողմը, Վանքասար կոչուող ժայռի գագաթներէն ամենաբարձրին վրայ։ Եկեղեցւոյ այս դիրքը անոր հնարաւորութիւն տուած է ստանձնել Խաչենագետի ներքին հովիտէն հարաւ ինկած այս հատուածի ծաւալային իշխող դերը, ուրկէ ընդարձակ տեսարան կը բացուի դէպի Կուր-արաքսեան հարթավայր եւ Կովկասեան լեռնաշղթայ։ Նախապէս այս պատմական Ուտիք նահանգէն ներս եղած է[1]։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՅիշատակում
ԽմբագրելԵկեղեցւոյ մասին առաջին հպանցիկ յիշատակութիւնը ձգած է Ս. Ջալալեանցը.
Ի գագաթ լերին է աւերակ մենաստանի, զորմէ աւանդեն գոլ առաջնորդարան այսր նահանգի[2]։ |
Մակար Բարխուդարեանն ալ իր «Արցախ» գիրքին մէջ գրած է աւանդութիւններ, եւ ըստ անոնց մէկու՝ եկեղեցւոյ կառուցումը վերագրուած է Վաչէ Բ. իշխանին.
Վաչէ Բ. շինած է մի խաչաձեւ մենաստան, որի գլուխն այժմ խոնարհուած է ամբողջապէս[3]։ |
Ուսումնասիրութիւններ
ԽմբագրելԽորհրդային շրջանին Վանքասարի եկեղեցին առաջին անգամ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած եւ գիտական հանրութեան ներկայացուցած է Զ. Եամփոլսքին։ Իր հրապարակման մէջ ան ներկայացուցած է նաեւ եկեղեցւոյ յատակագիծն ու լուսանկարներ։ Սակայն ան, հակառակ այն հանգամանքին, որ ինք նաեւ կը նշէ կառոյցի յօրինուածքի առանձնայատկութիւններու նոյնականութիւնը հայկական վաղ միջնադարեան շարք մը այլ եկեղեցիներու հետ՝ տուրք տալով հայկական յուշարձաններն աղուանական նկատելու ազրպէյճանական գիտնականներու մտայնութեան, առանց հիմնաւորման, յուշարձանը կը նկատէ աղուանական[4]։
Յուշարձանը միւս հետազօտողները (Մ. Հասրաթեան[5], Վ. Գրիգորեան[6], Շ. Մկրտչեան[7][8], Ս. Կարապետեան[9], Հ. Սիմոնեան, Հ. Սանամեան[10]) Վանքասարի եկեղեցին հայ մշակոյթեն օտարացնելու Եամփոլսքիի հրապարակման գնահատական եւ պատասխան տուած են։ Սակայն մինչեւ այսօր յուշարձանին ու անոր «վերականգնման» մանրամասն քննութիւնը չէ կատարուած։
Վանքասարի եկեղեցւոյ յօրինուածքը ո՛չ միայն հայկական, այլեւ համաքրիստոնէական ճարտարապետութեան մէջ ուշագրաւ երեւոյթ է։ Ուսումնասիրութիւնները կը պարզեն նաեւ, որ խաչաձեւ յօրինուածքներ այլ տեղերու մէջ նոյնպէս կառուցուած են, որոնք, սակայն, հռոմէական, բիւզանդական ճարտարապետութեան մէջ հիմնականօրէն կ՛առնչուին դամբանային թեմայի հետ եւ շատ տարածում չունին։ Խաչի ձեւով այդ կառոյցները նախատեսուած չէին ծիսական արարողություններու համար։ Հռոմէական ճարտարապետութեան մէջ գմբէթաւոր յօրինուածքները հիմնականին մէջ զարգացեր են ութանիստ եւ բոլորաձեւ հիմք ունեցող կառուցուածքային լուծումներով (բացառութիւն կը կազմեն Ս. Սիքսթի ու Ս. Սիցիլիոյ դամբարանները, որոնք եռաբսիդ յօրինուածքներ են)[11]։ Բիւզանդական ճարտարապետութեան մէջ եւս պարզ խաչաձեւ կառուցուածքները հիմնականօրէն կը վերաբերին դամբանային ճարտարապետութեան, եւ խաչաձեւութիւնը կը դիտուէր որպէս խաչի խորհրդանշան։ Անոնք գործառութային նշանակութիւն չունէին՝ այստեղ ծիսական արարողութիւններ չէին իրականացներ[12]։ Բիւզանդիոյ մէջ տարածուած էին նաեւ խաչաձեւ մկրտարանները, որոնք, սակայն, ինչպէս նկատաշ են ուսումնասիրողները, յստակ թուագրութիւն չունին եւ վիճահարոյց է անոնց վաղ շրջանի պատկանելութիւնը[13]։
Ճարտարապետութիւն
ԽմբագրելԵկեղեցին ունի խաչաձեւ յատակագծային յօրինուածք եւ կը պատկանի վաղմիջնադարեան փոքր խաչաձեւ կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներու եռախորան կերպարին։ Յօրինուածքին հիմքը կազմող գմբէթատակ քառակուսին ամփոփուած է արեւմուտքէն ուղղանկիւն, միւս կողմերէն կիսաշրջանաձեւ խաչաթեւերով, որոնք արտաքինէն ուղղանկիւն են։ Յատակագծային այս յօրինուածքին արեւելք-արեւմուտք առանցքն ունի 10 մ երկարութիւն, իսկ հիւսիս-հարաւը՝ 9,15 մ, որուն հետեւանքով արեւմտեան խաչաթեւը փոքր (0,85 մ) երկարած է։ Մուտքերը բացուած են երեք կողմերու (արեւելեանէն բացի) խաչաթեւերուն մէջ, ուր զետեղուած են նաեւ պատուհաններ։ Մուտքերու առկայութիւնը երեք խաչաթեւերուն մէջ Վանքասարի եկեղեցւոյ յատակագծային յօրինուածքին առանձնայատկութիւնն է իր խումբի միւս յուշարձաններուն համեմատ։ Միւս բոլոր կառոյցներուն մուտքերուն մէջ այդպիսի առատութիւն չի դիտարկուիր։ Մուտքերու ուղղանկիւն բացուածքները ծածկուած են բարաւորի կամարաձեւ քարերով, որոնք պատի հարթութեան մէջ են եւ անոր որմածքի օրգանական մասը կը կազմեն։ Բոլոր մուտքերու բացուածքներն իրար հաւասար են (1,05 մ)։ Արեւմտեան մուտքի բարավորը ունեցած է խաչաքանդակ[14]։
Այսօր այդ յօրինուածքէն նոյնպէս միայն հետքեր մնացած են, քանզի այն եւս միտումնաւոր եղծուած, հարթեցուած է։ Արեւմտեան ճակատի վրայ նշմարելի են շքամուտքի դրօշմուած հետքերը, որոնք կը խօսին ժամանակին վերջինիս գոյութեան մասին։ Այն սիւնազարդ յօրինուածք եղած է, ուր սիւները հպած են եկեղեցւոյ պատին՝ ատկէ առաջ գալով, եւ հէնած եղած են որմնախարսխի աստիճաններուն։ Կամարը նստած է այդ սիւներուն վրայ, որոնք պսակուած են խոյակներով։ Ամէն կողմ զոյգ որմնասիւներ եղած են։ Շքամուտքերը մէկական որմնասիւներով հազուադէպ իրականացուած են (Աւանի տաճար), քանզի այս պարագային անոնց համապատասխանող խոյակները չէին կարնար շքամուտքը պսակող կամարին կրունկի քարի եւ երկթեք ծածկի համար անհրաժեշտ լայնութեան հենարան ապահովել։ Այդ պատճառով հիմնականօրէն մշակուած եւ իրականացուած են երկու որմնասիւն ունեցող տարբերակները։
Վաղ միջնադարուն ճակատներու ձեւաւորման համար շքամուտքերը կարեւոր դեր կատարած են։ Անոնք հիմնականին մէջ կառոյցներուն հարաւային ու արեւմտեան ճակատներուն մէջ տեղաւորուած են եւ կը կրկնեն վաղ շրջանի բազիլիկատիպ յօրինուածքներուն մէջ հանդիպող ձեւերը։ Այսպիսի շքամուտքերը բնորոշ են 5-7-րդ դարերու եկեղեցիներուն (Թալինի Սուրբ Աստուածածին, Քարաշամբի Սուրբ Գէորգ, Այլաբերի ու Մաստարայի Սուրբ Յովհաննսս եկեղեցիներ եւ այլն)[15]։
Վերանորոգում
ԽմբագրելՎանքասարի եկեղեցւոյ բոլոր քարերը կը կրեն հայերէն տառերու տեսքով վարպետներու նշաններ՝ նման Սիսիանի 7-րդ դարու տաճարի նշաններուն[16]։ Յատակի նախնական վիճակի մասին խօսելը անհնար է, քանզի նորոգումէն ետք այն ամբողջովին պատուած է վաղմիջնադարուն անհարիր փոքր, քառակուսի սալերով (0,4 x 0,4 մ)։ Որպէս արդիւնք՝ արեւմտեան կողմը ստորին նշագծումը հաւասարեցուած է յատակի մակերեւոյթին եւ կը բացակային շեմերը։ Շեմերու առկայութիւնը եկեղեցիներուն մէջ կ՛ամրապնդէր պատերու կապերը հիմքերու հետ դռներու խոռոչներու տեղերը եւ կ՛ապահովէ գետնի մակարդակին վրայ գտնուող շէնքը մթնոլորտային տեղումներու ներթափանցումէն։
Կառոյցի ծաւալատարածական յօրինուածքն ու համաչափական համակարգը նոյնպէս տուժած են։ Որպէս արդիւնք աղճատուած է եկեղեցւոյ նախնական յօրինուածքը։ Վանքասարի եկեղեցւոյ ոճական եւ շինարարական առանձնայատկութիւններու հետ առնչուող վաղ միջնադարեան բոլոր յուշարձանները կառուցուած են այլ կերպ։
Ճակատներուն վրայ շարուած է քիւերը։ Մինչդեռ հայկական յուշարձաններու, մասնաւորապէս, վաղ միջնադարեաններու համար ինչպէս շինարարական, այնպէս ալ ճարտարապետական մշակման գործին մէջ խիստ կարեւոր են այս տարրերը։ Ատոնք առկայ են Վանքասարի եկեղեցւոյ հետ առնչուող բոլոր կառոյցներուն մէջ[17]։ Բացի այդ, Տիգրանակերտի վաղ քրիստոնէական եկեղեցւոյ պեղումներու ժամանակ գտնուած են ատամնաշարերով քիւերու բազմաթիւ օրինակներ, որոնք կը վկայեն այն մասին, որ Վանքասարի եկեղեցւոյ կառուցումէն ալ առաջ այստեղ եղած են տաճարներ, որոնք ունեցած են վաղ միջնադարեան կառոյցներուն բնորոշ բաւական զանգուածեղ քիւեր։ Վանքասարի եկեղեցւոյ մէջ ձեւափոխուած են նաեւ պատուհաններու բացուածքները. դրանք բոլորը շարուածլ են ուղղանկիւնաձեւ՝ մինչդեռ վաղ քրիստոնէական բոլոր զուգահեռներուն՝ կամարաձեւ վերջաւորութեամբ լուսամուտներ են։
Վաղ միջնադարեան եկեղեցիներուն մէջ նախշային հարդարանքը ներկայացուած է նաեւ լուսամուտներու պսակներով, որոնք պահպանուած են վերեւը արդէն նշուած եւ այլ յուշարձաններու մէջ։ Լուսամուտներու պսակները կը շրջանցէին անոր վերնամասը եւ շատ յաճախ զգալի ցցուածք ունէին, որոնք պատերու հարթութիւններու վրայ լուսաստվերային տպաւորիչ հանգոյցներ կը ստեղծէին։ Հարդարանքի տարր ըլլալէ դուրս, ասոնք ունէին նաեւ որոշակի շինարարական նշանակութիւն ու կոչուած էին ապահովելու պատի մակերեսով հոսող ջուրերու հեռացումը եւ կանխելու բացուածքէն դէպի ներս թափանցումը։ Այլափոխուած են նաեւ շինարարական հանգոյցներու իրականացման եղանակները։ Խաչի թեւերէն արեւմտեան ուղղանկիւն խորանը ծածկուած է գլանաձեւ թաղով, իսկ միւս՝ կիսաշրջանաձեւ խորանները՝ գմբէթարդներով։
«Նորոգուած» գմբէթարդներն իրականացուած են հարթ քարերով, մինչդեռ վաղ միջնադարեան հայ քարագործ վարպետներն ու ճարտարապետները կատարելապէս կը տիրապետէին այդ շինարարական հանգոյցն իրականացնելու թեքնիքին եւ ատոնք շարած են միակոր՝ ոչ թէ հարթ քարերով։ Հարթ քարերով իրականացուած թաղը, գմբէթարդներն ու գմբէթը խաթարած են կառոյցի նախնական տեսքը, որ վայել չէ վաղ միջնադարեան կառուցողական արուեստին։ գմբէթատակ քառակուսին պահող կամարակիր որմնասիւներու խոյակները շատ փոքր ցցուածք ունեցող ճակատնոց են եւ ունին քանդակազարդ քիւեր։ Վանքասարի եկեղեցւոյ մէջ անկիւնային փոխանցումը տրոմպային է եղել, որ վերականգնուած է որպէս առագաստային, այն ալ սխալ իրականացմամբ։ Նախնական տարբերակին մէջ գմբէթատակ տարածութիւնը կազմուած է խաչի թեւերու պարզ հպման միջոցով, որոնց եզրային երկշերտ կամարներն իրենց վրայ կրած են գմբէթատակ քառակուսին։ Տրոմպները տեղադրուրած են գմբէթակիր կամարներու վերի հարթութիւններուն համապատասխանող որմնադրութեան հորիզոնական շարքի վրայ եւ ատոնց թռիչքը մօտաւորապէս բոլոր ժամանակակից նոյնատիպ կառոյցներուն մէջ փոքր է գմբէթակիր քառակուսիին ներգծուած ութանիստի կողէն։ Որպէս արդիւնք՝ թմբուկի անկիւնային նիստերն աւելի նեղ եղած են, իսկ հիմնական ուղղութիւններուն համապատասխանողներն՝ աւելի լայն։
Վանքասարի եկեղեցւոյ մէջ նոյնպէս այդպէս է եւ, այս տեղը «վերականգնողները» հարազատ մնացած են յօրինուածքային համակարգին։
Ներկայ Վիճակ
ԽմբագրելՎանքասարի եկեղեցին տուժած էր նաեւ Արցախեան պատերազմի ընթացքին։ Արեւմտեան ճակատին՝ բարաւորէն դէպի վեր արկը բաւական մեծ խոռոչ բացուաած էեւ, որ կը սպառնար պատի կայունութեան։
2011 թուականի աշնան ԼՂՀ Զբօսաշրջութեան վարչութիւնը մաքրման, ամրակայման եւ բարեկարգման աշխատանքներ իրականացուցած է այստեղ։ Մասնակի ամրակայման աշխատանքներն աւարտած են 2012 թուականի Յունուարին, եւ եկեղեցւոյ գմբէթին տեղադրուած է խաչ։ Վերաշարուած է արեւմտեան ճակատի քանդուած մասը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Լյուբա Կիրակոսյան։ Վանքասարի եկեղեցւոյ ճարտարապետությունը եւ Ազրպէյճանական «վերականգնումը»։ Պատմաբանասիրական հանդես
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սուրեն Երեմյան (1969)։ Հայաստանն ըստ «Աշխարհացոյցի»։ Երեւան։ էջեր 75։
- ↑ Ս․ Ջալալյանց (1858)։ Ճանապարհորդութիւն ի մեծն Հայաստան, մասն Բ։ Տփխիս։ էջ 344
- ↑ Մակար Բարխուդարյան (1995)։ Մունք։ Ստեփանակերտ։ էջ 266
- ↑ З. Ямпольский (1960)։ Памятники Кавказской Албании на горе Бешидаг․։ «Советская археология»։ էջեր 246–250
- ↑ Մ․ Հասրաթեան (1992)։ Հայկական ճարտարապետութեան Արցախի դպրոցը։ Երեւան։ էջեր 28–29
- ↑ Վ․ Գրիգորյան (1982)։ Հայաստանի վաղ միջնադարեան կենտրոնագմբէթ փոքր հուշարձանները։ Երեւան։ էջեր 26–27
- ↑ Շ․ Մկրտչյան (1985)։ Լեռնային Ղարաբաղի պատմաճարտարապետական հուշարձանները։ Երեւան։ էջ 78
- ↑ Ш. Мкртчян (1988)։ Историко-архитектурные памятники Нагорного Карабаха։ Ереван։ էջեր 63–64
- ↑ Ս․ Կարապետյան (1999)։ Հայ մշակոյթի հուշարձանները Խորհրդային Ազրպէյճանին բռնակցված շրջաններում։ Երեւան։ էջեր 223–226
- ↑ Հ․ Սիմոնյան, Հ․ Սանամանյան (2005)։ Վանքասարի հուշարձանները. ― Հուշարձան, Գ։ Երեւան։ էջեր 165–167
- ↑ A. Grabar (1946)։ Martyrium, Recherches sur le culte des reliques et l'art chre'tien antique, vol. 1։ Paris։ էջեր 60–61։
- ↑ E. Ebersolt (1934)։ Monuments d' architecture Byzantique։ Paris։ էջ 41
- ↑ А. Якобсон (1964)։ Средневековый Крым։ М.–Л․։ էջ 24
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedՄկրտչյան
- ↑ Հայկական ճարտարապետություն..., էջ 266–268։
- ↑ З. Ямпольский (1960)։ Памятники Кавказской Албании на горе Бешидаг․։ «Советская археология»։ էջ 249
- ↑ Վ․ Գրիգորյան (1982)։ Հայաստանի վաղ միջնադարեան կենտրոնագմբէթ փոքր հուշարձանները։ Երեւան։ էջեր 23–24