Վան Լէօ
Վան Լէօ (Լեւոն Ալեքսանտր Պոյաճեան՝ 20 Նոյեմբեր 1921[1], Այաս, Ատանա, Թուրքիա - 18 Մարտ 2002[1]), ֆիլմաշխարհի աստղերու լուսանկարիչը ծնած է 20 Նոյեմբեր 1921-ին, Ճիհուն քաղաք - մահացած՝ 18 Մարտ 2002-ին, եւ կը թաղուի յաջորդ օրը, Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ: Վան Լէօ կը հիանար միայն այն բանով, որ ինք լուսանկարիչ էր: Ան դրամ չէր փնտռեր: Նոյնիսկ կը հրաժարէր որպէս «հռչակաւոր անձերու լուսանկարիչ» կոչուելէ, ինչպէս այդ օրերուն քանի մը լուսանկարիչներ, որոնք իրենց մասին կը ծանուցանէին որպէս թագաւորներու կամ նախագահներու լուսանկարիչ: 57 տարիներու լուսանկարչական ասպարէզի վերջին լուսանկարը կ'առնէ 24 Յունուար 1998-ին եւ առողջութեան պատճառաւ՝ կը փակէ իր արուեստանոցը, երբ այլեւս ան չէր կրնար վեր բարձրացնել լուսանկարչական ծանր գործիքը[2]:
Վան Լէօ | |
---|---|
Ծնած է | 20 Նոյեմբեր 1921[1] |
Ծննդավայր | Այաս, Ատանա, Թուրքիա |
Մահացած է | 18 Մարտ 2002[1] (80 տարեկանին) |
Քաղաքացիութիւն | Եգիպտոս |
Մասնագիտութիւն | լուսանկարիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՎան Լէօ, բուն անունով՝ Լեւոն Ալեքսանտր Պոյաճեան, որ հանրածանօթ էր իր արուեստի անունով՝ «Վան Լէօ», ծնած է 20 Նոյեմբեր 1921-ին, Ճիհուն քաղաքը, 43 քմ. Ատանայի արեւելքը, Կիլիկիա: Անոր ընտանիքը վերապրած էր հայոց ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութեան ահաւոր տարիները՝ միայն այն պատճառով, որ Պոյաճեանները պաշտպանուած էին շնորհիւ Պոյաճեան հօր ընկերային դիրքին՝ իբրեւ գերմանացիներուն պատկանող Պաղտատի երկաթուղային ընկերութեան բանուոր. նաեւ որովհետեւ Օսմանեան պետութիւնը չէր պարտադրեր իր դաշնակիցին՝ Գերմանիոյ հաշւոյն աշխատող կառավարիչներուն եւ բանուորներուն հեռացումը: Պոյաճեաններու ընտանիքը Կիլիկիա կը մնայ մինչեւ 1925 թուականը, երբ յետ-պատերազմական իրավիճակի լոյսին տակ՝ այլեւս անյոյս կը դառնայ հոն հայ ընտանիքի մը ապագայ կերտելու հաւանականութիւնը, եւ առ այդ անոնք կ'արտագաղթեն Եգիպտոս: Պոյաճեան ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Զաքազիք الزقازيق քաղաքին մէջ, նախքան 1930-ին Գահիրէ տեղափոխուիլը, ուր հայրը կը սկսի աշխատիլ թրամուէի մէջ:
Կրթութիւն եւ ասպարէզ
ԽմբագրելՎան Լէօ Լեւոն կը յաճախէ Cairo’s College de la Salle (1930-31) եւ the British Mission College (1932-1939): Ան միաժամանակ Գահիրէի կեդրոնը գտնուող «Քասր Էլ Նիլ» փողոցի մէջ գտնուող Studio Venus-ին մէջ աշկերտ կը դառնայ: Լեւոն 17 տարեկան էր, երբ կ'որոշէ մասնագիտանալ լուսանկարչական ասպարէզին մէջ, որու պատճառով ալ, 1940-ին, Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան ընդունուելէն յետոյ կը լքէ ուսումը՝ իր հետաքրքրութիւնը զարգացնելու համար: Այդ օրերուն, եգիպտոսի հայ համայնքը կը վայելէր լուսանկարչութեան համբաւը, եւ գրեթէ անոր մենաշնորհը ունէր, ինչպէս՝ Venus studio, Armand studio, Arshag studio, Vartan and Alban studio, նաեւ՝ Վարժապետեանը, որուն մօտ Լեւոն կը սորվի լուսանկարչութեան նախագիտելիքները, նախքան իր արուեստի հմտութեան զարգացումը՝ աշխատելով մէկ այլ յայտնի հայ լուսանկարիչի քով՝ Արթինեանին պատկանող «Վենիւս Սթիւտիօ»ին մէջ[2]:
1941-ի Յունուարին, Լեւոն իր եղբօրը՝ Անժելոյի հետ կ'որոշէ ունենալ լուսանկարչական սեփական սթիւտիօ մը, եւ «Avenue Fouad and Sherif Pasha» փողոցին վրայ գտնուող իրենց բնակարանին հիւրասենեակը կը վերածէ լուսանկարչատան, իսկ բաղնիքը՝ մութ սենեակի: Եղբայրներուն յաճախորդներուն մեծ մասը կը հանդիսանային երկրորդ համաշխարհային պատերազմի օրերուն անգլիական բանակի զինուորներ, սպաներ եւ գրողներ, որոնք զինուորագրուած էին, պարզապէս աշխարհը տեսնելու համար, ինչպէս նաեւ՝ Օփերայի ներկայացուցիչներ Vivian Leigh, Noel Coward, Miriam Voigt, Olivia Manning, Lawrence Durrell, Cecil Beaton, քապարէի պարուհիներ, եւ բազմաթիւ ուրիշներ՝ ընդհանրապէս ազնուական դասակարգէն: 1947-ին, երկու եղբայրներուն գործընկերութիւնը կը դադրի: Լեւոն արդէն ունէր մեծ թիւով յաճախորդներ՝ Լիբանանցի վաճառականներ, շարժանկարի աստղեր, Փաշաներ եւ ակնառու դէմքեր:
«Van Leo» վարկանիշը
ԽմբագրելԱն կ'որոշէ ստեղծել իր սեփական լուսանկարչատունը Avenue Fouad (26th of July Street) եւ Emad Eddine նշանաւոր փողոցին վրայ, որուն համար ալ Լեւոն կ'ընտրէ արուեստի գրչանուն մը իր անուան տառերէն բաղկացած՝ «Van Leo» Studio: Անոր լուսանկարչական ասպարէզին առաջին տարիներուն, յանուն իր սթիւտիոյին ծանուցման, Վան Լէոն յաճախ անվճար կը նկարէր հանրածանօթ դէմքեր, օփերայի դերասան-դերասանուհիներ, որոնք շարունակ նոր նկարներու կարիք ունէին իրենց աշխատանքին բերումով, իսկ Վան Լէոյի անվճար աշխատանքի պայմաններէն մէկը այն էր, որ իւրաքանչիւր լուսանկարի տակ տեսանելի ըլլար «Van Leo» վարկանիշը, եւ իբրեւ այդպիսին, անոր անունը կը կապուէր հռչակաւոր մարդոց անուան հետ:
Եգիպտոսի 1952-ի յեղաշրջումէն յետոյ, Վան Լէոյի յաճախորդները կը շարունակեն գլխաւորապէս մնալ եգիպտական հասարակութեան բարձր եւ հարուստ դասակարգի անհատներ, Եգիպտոս բնակող օտարներ, նաեւ՝ դերասաններ եւ դերասանուհիներ, ինչպէս՝ Omar Sharif, Fatma Rushdi Doria Shafik, Farid Al-Atrash, Taha Hussein and Dalida եւ ուրիշներ:
Ցուցադրութիւն Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ եւ այլուր
Խմբագրել1990-ականներու սկիզբը, «Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան»ի մէջ, Վան Լէօ երկու անգամ կը ցուցադրէ իր տարիներու լուսանկարած դիմանկարները: Վան Լէօ երբեք չէր ուզեր, որ իր լուսանկարները թանգարան դրուին, այլ՝ անոնք հասանելի ըլլան ժողովուրդին: 1998ին, ան կ'ընդունի ամերիկացի լուսանկարիչ Barry Iverson-ի առաջարկը, որ իր սթիւտեոյին մէջ գտնուող մօտաւորապէս 10,000էն աւելի լուսանկարներն ու negatives-ները նուիրէ «Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարան»ին, որ այդ օրէն սկսեալ, բացառապէս պատասխանատուն է Վան Լէոյի գործերուն[3]: Համալսարանին նախաձեռնութեամբ, շարք մը ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր:
Հոլանտայի Թագաւորական հեղինակային Մրցանակը
Խմբագրել2000-ին, Վան Լէօ առաջին լուսանկարիչն էր, որ կը ստանար Հոլանտայի Թագաւորական հեղինակային Royal Netherlands Prince Claus Prize մրցանակը. Այս մրցանակը նշելու համար «Town House» պատկերասրահը կը կազմակերպէ Վան Լէոյի լուսանկարչական աշխատանքին նուիրուած յետահայաց ցուցահանդէս մը՝ գնահատելու անոր աւելի քան կէս դար երկարող արուեստը: Վան Լէօ կրնայ վայելել միայն բացման արարողութիւնը, որովհետեւ ան կը մահանայ սրտի կաթուածի հետեւանքով՝ 18 Մարտ 2002-ին[3], եւ կը թաղուի յաջորդ օրը, Գահիրէի հայկական գերեզմանատան մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Luminous-Lint — 2005.
- ↑ 2,0 2,1 «Վան Լէօ (Լեւոն Ալեքսանտր Պոյաճեան) Ֆիլմաշխարհի աստղերու լուսանկարիչը»։ Hay Em News (en-US)։ 2020-11-15։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-12-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-04
- ↑ 3,0 3,1 Van Leo: Master of Light and Shadows