Վաչէ Խարմանտայեան

Վաչէ Խարմանտայեան, հայ նկարիչ, ծնած է 1906-ին Կիւրին:

Վաչէ Խարմանտայեան
Ծնած է 1906
Ծննդավայր Կիւրին
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վաչէ Խարմանտայեան, ծնած է 1906-ին Կիւրին։ Իր նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, Գոնիա փոխադրուած ու Ճենանեան քոլէճ յաճախած է։ Առաջին ընդհանուր պատերազմին, կ'աքսորուի Հալէպ, ուր որբանոց կը մտնէ եւ ապա Հալէպի Ազգային վարժարանը կը յաճախէ։

Ազատ ժամերուն գծագրութեան դասեր կ'առնէ Տիկին Էռնէսթէն եւ անկէ քաջալերուած՝ մեծաքայլ կը յառաջդիմէ։ Ապա նկարչութեան դասընթացք մը բանալով, ան գծագրութեան դասեր կու տայ 15 որբերու։

Երէց եղբայրն է ծանօթ նկարիչ՝ Յարութիւն Կալենցի: Կը հաստատուի Թրիփոլի եւ կը սկսի Լիբանանի գեղեցիկ տեսաբանները նկարել։

1939-ին, կը մասնակցի Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսին, ուր կը ստանայ «Մէտայլ Տօննէօր»: Յունուար 1948-ին, ցուցահանդէս մը տուաւ Թրիփոլիի մէջ, որ ժամանակին մեծ ուշադրութեան հանդիսացաւ։

Բնութիւնը հարաղատ գիծերով պատկերացուած է Վաչէ Խարմանտյեանի նկարներուն մէջ։ Անոր գործերը իր եղբօրը տաղանդաւոր նկարիչ՝ Յարութիւն Կալենցէն բոլորովին տարբեր աշխատելու ձեւ մը կը մատնեն։ Գոյներու եւ գիծերու ներդաշնակութիւնն է անոր դաշտանկարներուն եւ ծովանկարներուն մէջ տիրապետողը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

[1]


  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 276։