Վարդագոյն Տուրմ
Վարդագոյն Տուրմ, Տուրմի նոր տեսակ մը, երբ քաքաօ արտադրող Պերի Քելպոթ ընկերութիւնը՝ 5 Սեպտեմբեր, 2017-ին, կը գտնէ բնականօրէն վարդագոյն քաքաոյի տեսակ մը` Փղոսկրեայ Ափունքի (Ափրիկէ), Էքուատորի (Հարաւային Ամերիկա) եւ Պրազիլի մէջ (Հարաւային Ամերիկա):
Ապա ան հաւաքած է այս քաքաոյէն եւ զայն տուած` զուիցերիացի նշանաւոր տուրմ պատրաստողի մը: Այս տուրմի զուիցերիական վաճառանիշը գերմանական տարրալուծարանի մը հետ աշխատած է գտնելու համար միջոց մը` տուրմին բնական վարդագոյն գոյնը պահելու համար:
Տուրմը հարիւր առ հարիւր բնական է եւ չի պարունակեր որեւէ ոչ բնական նիւթ[1]:
Վարդագոյն տուրմը նուազ լեղի է, քան` սեւ տուրմը: Անիկա ունի թէ՛ պտուղի, թէ՛ ալ աղի համ մը[2]: