Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեան
Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեան, (ծն.՝ 1962, Հալէպ), որդին է եագուպիէցի ծնողքի՝ Միհրան եւ Մարիամ։
Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1962 |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Քահանայ |
Ամուսին | Օրդ.՝ Զարուհի Ճերմակեան |
Ծնողներ | Միհրան եւ Մարիամ |
Երեխաներ | 2 տղայ, 1 աղջիկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախնական կրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, զոր աւարտած է 1977-ին։ Ապա, բարձրագոյն ուսումը ստացած է պետական Արհեստից վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք կը մտնէ կեանքի ազատ ասպարէզ եւ կը հետեւի ոսկերչութեան։
Զինուորական ծառայութիւնը կատարելէ ետք սուրիական բանակին մէջ, խոր համոզումով բուռն փափաք կ'ունենայ հոգեւորական դառնալու։ Երբ կ'իմանայ Եագուպիէի հոգեւոր հովիւ Տ. Բաբգէն քհնյ. Զէնեանի անհանգստութեան պատճառով քահանայագործելու անկարողութիւնը ու հանգստեան կոչուիլը, ան քահանայական թեկնածութիւնը կը ներկայացնէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ.Սուրէն Արք.Գաթարոյեանին եւ Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ թաղականութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ թաղականութեան փափաքով, կը հետեւի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի քահանայից երկամեայ դասընթացքին եւ համապատասխան վկայական ստանալով կը վերադառնայ Հալէպ ու կը միանայ իր ծնողքին։
Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ եագուպիէցի Ճերմակեան ընտանիքին դուստրը՝ օրդ. Զարուհին, որուն հետ կը պսակուի Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկնաց մայր եկեղեցւոյ մէջ, 5 Սեպտեմբերին, 1992-ին, եւ կը բախտաւորուի երեք զաւակներով՝ Միհրան, Մովսէս եւ Աննա-Մարիամ։
Պսակէն ետք երկու ամիս չբոլորած, ան կը պատրաստուի քահանայական ձեռնադրութեան։
1 Նոյեմբեր1992-ին, իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան ձեռամբ՝ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով՝ Տ. Վարդան։
2002-ին՝ Տէր Հայրը տարիներու իր բարւոք ծառայութեան համար Լանջախաչ կրելու իրաւունք կը ստանայ Մեծի Տանն Կիլկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսէն։
Ան իր հովուական առաքելութիւնը կը շարունակէ Եագուպիէի շատ փոքրաթիւ գաղութին մէջ, միշտ Հալէպ այցելելով՝ Սրբազան Հօր եւ ազգային իշխանութեան, որպէսզի անոնց խորհուրդներով գործէ եւ վերանորոգուած հոգիով ու նոր թափով իր գաղութին օգտակար ծառայութիւն մատուցանէ[1]։
Սուրիոյ պատերազմին պատճառով, ան ընտանիքով կը տեղափոխուի Պէյրութ (Լիբանան) եւ կը շարունակէ քահանայագործել եւ ծառայել Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 359։