Վարուժան Աճէմեան

Վարուժան Աճէմեան (1917, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2005, Պուէնոս Այրէս), հայ գրագէտ, արձակագիր, թատերագիր։

Վարուժան Աճէմեան
Ծնած է 1917
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն գրագէտ, արձակագիր, թատերագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վարուժան Աճէմեան ծնած է Պոլիս: Ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք ընդգրկած է հաշուակալութեան ասպարէզը։

Կանուխէն հետեւած է գրականութեան։ Իր առաջին գրութիւնը՝ պատմուածք մը, լոյս տեսած է 1935-ին Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին մէջ։

1956-ին սկսեալ ընտանեօք հաստատուած է Պուէնոս Այրէս: Վեց տարի պաշտօնավարած է տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ, որպէս հայերէնի ուսուցիչ։ Ապա պաշտօնավարած է Հ.Բ.Ը.Մ. Մարի Մանուկեան եւ Դերձակեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ[1]:

Հրատարակուած գործերն են.

  1. «Քովնտի փողոց», պատմուածքներ (Պոլիս, 1945):
  2. «Պատուհանը բաց չեն թողուր» եւ «Ամէն մարդ իր թուղթը ունի» (Պոլիս 1957, «Սան» ամսագիր), թատերախաղեր:
  3. «Կեանքի մը վրայ նայիլ» (Պուէնոս Այրէս, 1964), թատերգութիւն։
  4. «Լռութենէն անդին» (Պուէնոս Այրէս, 1993), թատերգութիւններ եւ պատմուածքներ։

Առաջին երկուքը ներկայացուած են Պոլսոյ Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ. իսկ երրորդը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Մխիթարեան Սանուց Միութեան բեմին վրայ ներկայացուած է նաեւ «Ներսէն ու դուրսէն» թատերախաղը, որ ցարդ չէ տպագրուած։ Վ. Աճէմեան ունի նաեւ այլ անտիպ թատերգութիւններ։

Աշխատակցած է Պոլսոյ գրեթէ բոլոր թերթերուն եւ հանդէսներուն։ Տուած է հանրածանօթ մտաւորականներու երգիծական դիմանկարները Բագարատ Թեւեանի «Երջանիկ» տարեգիրքին մէջ (1946, 1949): Խմբագրած է Պուէնոս Այրէսի «Շարժում» եւ «Սարտարապատ» շաբաթաթերթերը։

Գործեր

Խմբագրել

1967-էն սկսեալ մշակած է նաեւ բանաստեղծութեան արուեստը, տալով համամարդկային զգացումներով տոգորուած գողտրիկ քերթուածներ։

Վարուժան Աճէմեան գիտէ պարզ նիւթ մը շահեկան դարձնել, ինքնատիպ յղացումներով եւ հաճելի սրամտութիւններով համեմելով զայն։ Վարպետօրէն կը ներկայացնէ իր ստեղծած հերոսները, տալով անոնց ինքնուրոյն դիմագիծ եւ նկարագիր։ Առհասարակ անոնք ժողովուրդին խոնարհ խաւէն սերած տիպարներ են, կլանուած՝ իրենց առօրեայ հոգերով։ Ոճը անսեթեւեթ է ու վճիտ, նրբամիտ ու գունագեղ է։

1992 Մարտին, Վարուժան Աճէմեան՝ իր ծննդեան 75ամեակին առթիւ, Սփիւռքի հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի Նախագահ՝ Հրաչիկ Սիմոնեանէն ստացած է շնորհաւորագիր մը, որպէս գրող եւ հասարակական ու մշակութային գործիչ։ Իսկ անկէ առաջ, իբրեւ հիւր Մայր Հայրենիք գտնուած շրջանին, հայրենի գրողներու կողմէ պատրաստուած էր իր կեանքին ու գործերուն նուիրուած մէկ ժամնոց տեսերիզ մը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել