Վերածնունդի Դարաշրջանի Սպանական Ճարտարապետութիւն


Վերածնունդի դարաշրջանի ճարտարապետութիւնը ճարտարապետական ոճ, որ դիմած է հին յունա-հռոմէական շինարարական արուեստի գեղագիտական հիմունքներուն, հնարքներուն եւ ձեւերուն։ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի մշակոյթը առաջին հերթին կը զարգանար Ֆլորենցիայի եւ Հռոմի մէջ, եւ ապա նաեւ Իտալիոյ միւս երկրամասերուն մէջ, որպէս հումանիզմի եւ դասական ճարտարապետութեան վերակենդանացման խորհրդանիշ։ Ապենինեան թերակղզիի մէջ կատարելութեան հասնելէ ետք վերածնունդի արուեստը կը տարածուէր նաեւ հարակից շրջաններ։ Պատմաբանները ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով հասած են այն եզրահանգմանքին, որ սպանական վերածնունդը սկսած է 15-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն[1][2]։

Սալամանկայի նոր տաճարը կառուցուած է 16-18-րդ դարերուն՝ երկու ճարտարապետական ոճերով՝ գոթական եւ պարոքքօ

15-րդ դարը Սպանիոյ համար դժուար ժամանակաշրջան էր, հաշուի առնելով Փորթուկալի, Նիտերլանտներու, Իտալիոյ հետ շարունակական մրցակցութիւնը եւ Եւրոպայի հիւսիսէն անընդհատ յարձակումներու սպառնալիքը։ Այդ ամէնուն գումարած նաեւ աւատական երկպառակութիւնները, սկիզբ առնող դասակարգային պայքարը, խռուութիւնները, արիւնալի ընդհարումները, խարդաւանքն ու թշնամանքը։

Սպանիոյ մէջ սկսած նոր ժամանակաշրջանին մարդը կը ճանաչցուի բարձրագոյն արժէք եւ կը յայտնուի բոլոր աշխարհահամակարգերու կիզակէտին մէջ։ Ժամանակակից ուսումնասիրողները վերածնունդի ժամանակաշրջանը բնութագրած են հետեւեալ ձեւով․

Այդ Վերածնունդն էր, ըսես երկար ու տանջալից մղձաւանջէ արթնցած ու վերստին իրենց գտած ուժեղ, կենսախինդ մարդոց դարաշրջանը։ Ամրակուռ, հուժկու, արիասիրտ մարդոց դարաշրջանը, հերոսներու, որոնք ըսես իջած էին յունական արձաններու պատուանդաններէն եւ պատրաստ էին ամէն տեսակ քաջագործութիւններու։ Բայց վարուելակերպը աւելի վայելչագեղ դարձած էր, ճաշակները՝ աւելի նրբին, կեցուածքներն ու դէմքերկ կ՛արտայայտէին մեծ կամք ու եռանդ։ Այդ աշխարհը ճանչնալու եւ հասկանալու ծարաւի, ստեղծագործելու բուռն կիրքով լեցուն մարդոց, մեծ արուեստի, մեծ յայտնագործութիւններու դարաշրջանն էր։


Կրանատայի տաճարը վերածնունդի շրջանի սպանական ճարտարապետական արուեստի փառահեղ նմուշներէն մէկն

Վերածնունդի ազդեցութիւնը սպանական ճարտարապետութեան վրայ

Խմբագրել

Վերածնունդի ժամանակաշրջանի սպանական ճարտարապետական ոճը հիմնականին ձեւաւորուած է տեղական ճարտարապետներու կողմէ։ Անոր ձեւաւորման վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Հարաւային Իտալիոյ ճարտարապետութիւնը[3]։ Ստեղծագործաբար օգտուելով հին ժառանգութիւնէն, հենուելով գիտութեան նոր նուաճումներու վրայ՝ այդ ժամանակաշրջանի սպանացի արուեստագէտները ձգտած են ճշմարտացի պատկերել մարդուն եւ շրջակայ իրականութիւնը։ Անոնք արուեստը հարստացուցած են մարդու մարմնի կառուցուածքի ճշմարիտ պատկերմամբ, հեռանկարի, լոյս ու ստուերի, ծաւալի, կրճատումներու եւ այլ խնդիրներու մշակմամբ եւ կիրառմամբ։

Ռենեսանսեան ճարտարապետութիւնը Սպանիոյ մէջ ձեւաւորուած է հարաւիտալական արուեստի, գոթական աւանդոյթներու եւ տեղական իւրօրինակութիւններու միախառնման հետեւանքով[4][5]։ Արդիւնքով առաջացած է նոր ճարտարապետական ոճ, որ կոչուած է պլատերեսքօ[6]։ Վերածնունդի ժամանակահատուածին Փիրենեան թերակղզիին մէջ աւելի վառ կը դրսեւորուէր երկու ժողովուրդներու ու անոնց մշակոյթներու փոխազդեցութեան քաղաքական ու կրօնական հակառակութիւնները: Յետագային Սպանիոյ վրայ ազդեցութիւն գործած է իտալական դասական արուեստը: 15-16-րդ դարերուն Սպանիոյ մէջ հիմնականին կը կառուցուէին ոչ մեծ եկեղեցիներ, թագաւորական դամբարաններ, գոթական փառահեղ հին տաճարներուն կ՛աւելցուէին մատուռներ: Նոր ոճի առաջին դրսեւորումները նկատուած են Տոլետոյի Սան Խուան տէ լոս Ռեյէս եկեղեցւոյ ներքեւ:

Ճարտարապետ Խուան տէ Կուասը կը մտցնէ մավրիտանական մօտիվը` ութաթեւ աստղը, չնայած արտաքուստ եեղեցին խիստ է եւ համապատասխան գոթական ճարտարապետութեան: Փլատէրեսքոյի ուշ շրջանը 16-րդ դարն է: Անոր բնորոշ գիծերն են ճակատային կառուցուածքային փոփոխութիւնները: Ճակատային հատուածները յագեցած են դասական ճարտարապետական ձեւերով ու քանդակներով, բարձրաքանդակներով, կիսանդրիներով, հին աստուածներու արձաններով: Նմանօրինակ արուեստի կարկառուն օրինակ է Սալամանքայի համալսարանի շէնքը։ Գավառներուն մէջ այս ոճը կրած է տեղական աւանդոյթներու դրոշմը, սակայն ընդհանուր առմամբ այն սպանական մշակոյթի ամենավառ դրսեւորումներէն է: Տասնամեակներ անց ռենեսանսի դարաշրջանի սպանական ճարտարապետութեան վրայէն կ՛անյետանայ գոթական ազդեցութիւնը, իսկ դասական ուսումնասիրութիւնները կը հասնին բարձր մակարդակի։ Թերակղզիին մէջ աւելի քան մէկ դար իր ազդեցութիւնը ունեցած վերածննունդը կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է սպանական ճարտարապետութեան ինքնատիպութեան ձեւաւորման գործին՝ թողնելով իր էական հետքը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Nieto Alcaide, Víctor Manuel; Morales, Alfredo José; Checa Cremades, Fernando; Renaissance architecture in Spain, 1488–1599, p. 60. Ed. Cátedra (1989). 978-84-376-0830-3.
  2. «Spanish Architecture: Plateresque Renaissance»։ www.spanish-art.org 
  3. «Spanish Renaissance»։ Design History 
  4. Arias de Cossío, Ana María; The Art of the Spanish Renaissance, pp. 90–91. Ed. Encuentro (2009). 978-84-7490-909-8.
  5. Alonso Ruiz, Begoña; Late Gothic architecture in Castile: los Rasines, p. 23. Ed. University of Cantabria (2003). 978-84-8102-304-6.
  6. Bozal, Valeriano; Art history in Spain: From the origins to the Enlightenment, pp. 157, 165. Ed Akal (1978). 978-84-7090-025-9.