Վերելակ, մարդ կամ բեռ տեղափոխող, բարձրացնող խցիկ:

Արդի վերելակը հնարած է ամերիկացի Էլիշա Օթիս, շուրջ 1852-ին[1]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

1857-ին, Նիւ Եորքի մէջ առաջին շէնք մը կ'օժտուի Օթիսի կողմէ շինուած վերելակով մը: Այս գիւտին շնորհիւ` միշտ աւելի բարձր շէնքեր պիտի շինուին Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

Այդ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ գիտաշխատողներ արդէն ստեղծած են վերելակներ: Սակայն մարդիկ կը վախնային եւ կը մտածէին, թէ անոնք վտանգաւոր են:

 

Օթիս իր գիւտը կը ներկայացնէ 1854-ին, Նիւ Եորքի մէջ: Ան կ'ելլէ տափարակ մակերեսի մը վրայ, որ դէպի վեր կը քաշուի հաստ չուաններու միջոցով: Ապա ան իր օգնականներէն կը պահանջէ, որ չուանները կացինով կտրեն: Այդ վայրկեանին վերելակը քանի մը սանթիմեթր միայն կ'իջնէ, ապա կ'անշարժանայ:

Օթիս հնարած է արգելակի դրութիւն մը, որ վերելակը շատ ապահով կը պահէ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել