Վերճիհան Զիֆլիօղլու
Վերճիհան Զիֆլիօղլու (1975, Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ լրագրող, բանաստեղծ:
Վերճիհան Զիֆլիօղլու | |
---|---|
Ծնած է | 1975 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Ուսումնավայր | Անատոլիական համալսարան? |
Մասնագիտութիւն | public relations executive |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԲանկալթը Մխիթարեան վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ, աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Հաղորդակցութեան եւ Էսքիշէհիր Անատոլու համալսարանի Հասարակական Յարաբերութեանց բաժինները[1]:
1996-1998 տարիներուն աշխատակցած է Պոլսահայ մամուլի «Մարմարա», «Ժամանակ» եւ «Նոր Սան» թերթերուն: Մաս կազմած է «Ակօս» շաբաթաթերթի առաջին խմբակին: Յատուկ լուրեր գրի առած, հայերէն մանկական էջեր խմբագրած, ինչպէս նաեւ սիւնակագիր եղած է: 1998-2007 տարիներուն աշխատակցած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, իսկ 2007-2014-ին «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ»ին մէջ:1998-էն մինչեւ 2014 միաժամանակ յատուկ լուրեր պատրաստած է «Րէֆէրանս» թերթին: Լուրերը միաժամանակ հրատարակուած են «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ» եւ «Րատիգալ» օրաթերթերուն մէջ: 2013 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2014 Մայիս աշխատած է «Ալժազիրա» եւ 2014-2015 տարիներուն՝ Ռուսական լրատուական գործակալութեան մէջ: 2015 Նոյեմբերէն ի վեր կը պաշտօնավարէ «Ենի Եիւզեըլ» օրաթերթին մէջ, որպէս մասնագէտ լրագրող:
Զիֆլիօղլու մասնագիտացած է քաղաքականութեան, արտաքին լուրերու, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն, էթնիկ փոքրամասնութիւններուն, Հայ Սփիւռքի, Մերձաւոր Արեւելք/ Կովկասի, Հայկական հարցի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: Յօդուածները լոյս տեսած են՝ ՊՊՍ, Ուաշինկթըն Թայմզ, Լէ Մոնտ, Ֆրանս 24-ի նման մամլոյ եւ հրատարակչական առաջատար մամուլի մէջ:
Մրցանակներ
Խմբագրել- 2007-ին չորս լրածրարներով Թուրքիան ներկայացուց եւ առաջնութեան մրցանակին տիրացաւ Շուէտական Ինստիտուտի կողմէ 80 երկիրներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած համաշխարհային լրագրողական մրցումին:
- 2008-ին արժանացաւ կեդրոնն Անգարա գտնուող Արդի Լրագրողներու «Լաւագոյն լուր»ի մրցանակին:
- 2012-ին տիրացաւ Արդի Լրագրողներու Միութեան «Լաւագոյն հարցազրոյց»ի մրցանակին:
- 2010-ին Հայաստանի մէջ լուրերու ուսումնասիրութեան կրթաթոշակ շահեցաւ «Frederich-Ebert Stiftung»էն:
2014-ին ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած զանազան խորագրերով լրագրողութիւն ծրագրի կապակցութեամբ, Զիֆլիօղլուն ԱՄՆ-ի դեսպանատան կողմէ «Փոքրամասնութիւններն ու Մարդկային Իրաւունքներ» ճիւղէն թեկնածու ներկայացուեցաւ: Այս ճիւղին համար Թուրքիայէն ընտրուած անունն եղաւ:
Երկեր
Խմբագրել- Անանուն Երազ, Արաս Հրատարակչութիւն, Իսթանպուլ, 2000:
- Հանելուկ, Արաս Հրատարակչութիւն, Իսթանպուլ, 2007:
- Քաւարանի Հայերու Պատմութիւնները «Հաճելի չկրցանք ըլլալ՝ ո՛չ Յիսուսին, ո՛չ ալ Մուհամմէտին», Իլէթիշիմ Հրատարակչութիւն, 2015:
Հաւաքածոներ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Իսլամացած Հայերու Հարիւրամեայ Քաւարանը»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2015-10-24։ արտագրուած է՝ 2020-04-13[permanent dead link]
- ↑ «Բանաստեղծութիւններ»։ Ինքնագիր - գրական հանդէս (Հայերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-06-14-ին։ արտագրուած է՝ 2020-04-13